Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ ընդունեց արդարութեան նախարար Հանրի Խուրին, որուն հետ քննարկեց նախարարութեան վերաբերող հարցեր, ինչպէս նաեւ նախարարական յանձնախումբերուն աշխատանքները, յատկապէս մեկասենթըրի դրութեան թղթածրարն ու դատական ատեաններուն դիմագրաւած դժուարութիւնները` տիրող կենցաղային եւ տնտեսական ճնշող պայմաններուն լոյսին տակ:
Նախագահ Աուն ընդունեց նաեւ զբօսաշրջութեան նախարար Ուալիտ Նասսարը, որ նախագահ Աունին ներկայացուց Իտալիա կատարած իր վերջին այցելութեան արդիւնքները, յատկապէս` Իտալիոյ եւ Լիբանանի միջեւ զբօսաշրջութեան մարզը զարգացնելու կարելիութիւններուն առումով:
Նախագահ Աունի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Եոաննա Վրոնեցքան, որ հանրապետութեան նախագահին հետ քննարկեց 17 մարտին Ապահովութեան խորհուրդին գումարելիք նիստին ընթացքին անոր ներկայացնելիք տեղեկագիրը, որ կը վերաբերի Լիբանանին եւ թիւ 1701 բանաձեւի գործադրութեան:
Այս առիթով նախագահ Աուն վերահաստատեց, որ Լիբանան յանձնառու կը մնայ այդ բանաձեւին գործադրութեան, լիբանանեան բանակի եւ ՖԻՆԻՒԼ-ի խաղաղապահ ուժերուն միջեւ գործակցութեան, 15 մայիսին երեսփոխանական ընտրութիւններուն կայացման, ինչպէս նաեւ Միջազգային դրամական ֆոնտին հետ բանակցութիւններուն շարունակութեան եւ տնտեսական ու ելեւմտական ապաքինման ծրագիրին ամբողջացման:


