Տնտեսական ընկերային խորհուրդը խորհրդակցական հանդիպում մը ունեցաւ փոխվարչապետ Սաատէ Շամիի հետ` քննարկելու համար Միջազգային դրամական ֆոնտին հետ Լիբանանի բանակցութիւնները, ինչպէս նաեւ տնտեսական զարգացումի ծրագիրը:
Շամի հաստատեց, որ Տնտեսական ընկերային խորհուրդին դերակատարութիւնը Լիբանանի մէջ կարեւոր է` աւելցնելով, որ անիկա կը ներկայացնէ երկրին արտադրութիւններուն ամբողջ ներուժը եւ անոր տեսակէտներուն անսալը անհրաժեշտ է:
Շամի նշեց, որ Միջազգային դրամական ֆոնտին հետ կառավարութեան սկսած բանակցութիւնները ճիշդ հունի մէջ են, սակայն անոնք ժամանակի կը կարօտին:
Ան աւելցուց, որ այդ բանակցութիւնները քանի մը շաբաթ ետք կրնան վերջնական արդիւնքներու յանգիլ` աւելցնելով, որ օրէնսդիր եւ գործադիր իշխանութիւններուն միջեւ ջանքերն ու գործակցութիւնը իրենց կարգին անհրաժեշտ են, որպէսզի աւելի արագ կարելի ըլլայ հասնիլ Միջազգային դրամական ֆոնտին հետ համաձայնութեան:
Շամի ընդգծեց, որ ֆոնտը իրեն ներկայացուած տնտեսական ծրագիրները չէ մերժած` նկատել տալով, որ Լիբանանէն պահանջուած են բարեկարգումներ, որոնք տնտեսական եւ կառուցային բնոյթի բարեկարգումներ են:
«Անհրաժեշտ է նաեւ ամերիկեան տոլարի սակին փոխարժէքը նոյնացնել, որպէսզի կարելի ըլլայ երկրին մէջ տնտեսական եւ ելեւմտական աճ արձանագրել», յայտնեց Շամի:
Իր կարգին, Արպիտ հաստատեց ամերիկեան տոլարի սակին փոխարժէքը նոյնացնելու կարեւորութիւնը` աւելցնելով, որ անիկա հիմնական է, եւ պէտք է արագ կերպով իրականացնել զայն` տնտեսական մարզին եւ արդիւնաբերութեան աշխատանքը բարելաւելու նպատակով:
Արպիտ շեշտեց, որ Ընկերային ապահովագրութեան ազգային սնտուկի եւ պաշտօնեաներու հատուցումներուն թղթածրարները առաւելագոյն չափով կարեւոր են, եւ անոնց շուրջ պէտք է քննարկումներ կատարել:


