Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ ընդունեց ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Պասսամ Մաուլաուին` ընկերակցութեամբ Ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Իմատ Օսմանի եւ տեղեկահաւաքի բաժանմունքի պատասխանատու գնդապետ Խալետ Համմուտի:
Միքաթի դրուատեց ներքին ապահովութեան ուժերուն, յատկապէս Տեղեկահաւաքի բաժանմունքին դերակատարութիւնը` երկրին ապահովական կայունութիւնը պաշտպանելու եւ ապահովական որեւէ խախտում զսպելու իմաստով:
Ան բարձր գնահատեց իսրայէլեան գործակալներու ձերբակալութիւնը, ինչպէս նաեւ լիբանանեան ներքին կայունութեան պահպանումը:
Վարչապետ Միքաթի հաստատեց, որ երկրին մէջ արձանագրուած ոճիրներուն դրդապատճառները եւ յանցագործներուն ձերբակալութիւնը նուազ քան 24 ժամէն կատարելը կը փաստէ, թէ ապահովութեան ուժերը կը հսկեն լիբանանցիներուն ապահովութեան եւ կը հակակշռեն ապահովական որեւէ խախտում:
Վարչապետ Միքաթի բարձր գնահատեց նաեւ Ներքին ապահովութեան ուժերուն եւ լիբանանեան բանակին միջեւ արձանագրուած գործակցութիւնը, որ այս դժուար պայմաններուն ընթացքին Լիբանանին եւ լիբանանցիներուն համար յաւելեալ պաշտպանութիւն կը նկատուի:
Միքաթի վարչապետարանին մէջ նախագահեց հաղորդակցութեան միջոցներուն վերաբերող նիստի մը, որուն ներկայ գտնուեցան հաղորդակցութեան միջոցներու նախարար Ճոնի Քըրըմ, «Օժերօ»-ի ընդհանուր տնօրէն Իմատ Քրէյտիէ եւ այլ պատասխանատուներ:
Նիստէն ետք Քըրըմ յայտնեց, որ վարչապետին հետ հանդիպումի նպատակն է քննել «Օժերօ»-ի աշխատաւորներու սենտիքային յայտարարած գործադուլին հարցը` աւելցնելով, որ ինք այլ հանդիպում մը պիտի ունենայ նաեւ «Օժերօ»-ի սենտիքային հետ` փորձել լուծելու համար տիրող հարցերը, որոնք ուղղակիօրէն կապուած են աշխատաւորներուն պահանջներուն:
Քըրըմ ընդգծեց, որ իր նպատակն է հաղորդակցութեան միջոցներու մարզին գոյութիւնը եւ շարունակականութիւնը ապահովել, ինչպէս նաեւ հաղորդակցութեան ծառայութիւններուն վերաբերող սակերը նուազեցնել:
Վարչապետ Միքաթի նախագահեց նաեւ երկրորդ նիստի մը, որ կը վերաբերէր Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ որդեգրուած հսկողութեան մեթոտներուն:
Նիստին ներկայ գտնուեցան ելեւմուտքի նախարար Եուսեֆ Խալիլ, ճարտարարուեստի նախարար Ճորճ Պուչիքեան, Մաքսատան գերագոյն խորհուրդի Ասաատ Թուֆայլի եւ մաքսատան ընդհանուր տնօրէնի գործակատար Ռեմոն Խուրի:
Նիստէն ետք Ճ. Պուչիքեան յայտնեց, որ քննարկուած են Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ որդեգրուած հսկողութեան մեթոտներն ու ձեւերը` աւելցնելով, որ ապահովութեան ուժերը լրիւ կազմով կ՛աշխատին նաւահանգիստին մէջ:
«Կը փափաքինք որդեգրուած հսկողութեան միջոցառումները աւելի եւս խստացնել, որպէսզի կարելի ըլլայ վերջնականապէս վերջ տալ մաքսանենգումին», հաստատեց նախարար Պուչիքեան:
Միքաթի ընդունեց նաեւ Թրիփոլիի քաղաքապետական խորհուրդի մէկ պատուիրակութիւնը` նախագահութեամբ քաղաքապետ Ռիատ Եամաքի: Քննարկուեցան Թրիփոլիի կարիքները:


