Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Աուն Եւ Վարչապետ Միքաթի Շնորհաւորեցին Լիբանանցի Կիները

March 9, 2022
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մինչ իշխանութեան Ա. եւ Գ. պետերը երէկ շնորհաւորեցին լիբանանցի կիները` Կիներու միջազգային օրուան առիթով, երեկոյեան վարչապետ Նեժիպ Միքաթի կառավարութիւնը հրաւիրեց նիստի մը, որ պիտի գումարուի վաղը` հինգշաբթի, 10 մարտ 2022-ին, կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին, նախագահական պալատին մէջ: Կը նախատեսուի, որ կառավարութիւնը քննարկէ 18 կէտերէ բաղկացած օրակարգ մը, որուն մաս կը կազմէ նաեւ մեկասենթըրներու կառուցման եւ Թրիփոլիի նաւթատարին վրայ գործուած յարձակումներուն վերաբերող հարցեր: Մեկասենթըրներու կառուցման նախարարական յանձնախումբը յայտնեց, որ մեկասենթըրը կարիքը ունի խորհրդարանին կողմէ ընտրական օրէնքի փոփոխութեան:

Միւս կողմէ, հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն ընդունեց նախագահական պահակագունդին մաս կազմող կին զինուորականները եւ շնորհաւորեց զանոնք` Կիներու միջազգային օրուան առիթով: Նախագահ Աուն յայտնեց, որ իրենց մէջ ինք կը տեսնէ այն ճիգերը, որոնք ի գործ դրած է, որպէսզի կարենայ լիբանանցի կիները եւս լիբանանեան բանակին անբաժանելի մասը դարձնել:

«Պիտի ջանանք նաեւ աշխատիլ, որ կինը քաղաքական դաշտին մէջ եւս յաջողութիւններ արձանագրէ եւ իր իրաւունքները ստանայ», յայտնեց ան:

Նախագահ Աունի այցելեց նաեւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան կնոջական թեւի ընդարձակ պատուիրակութիւնը, որոնց ներկայութեան նախագահ Աուն յայտնեց, որ կարելի չէ համայնքային քաղաքականութեան վերջ տալ եւ լիբանանցիները միասնականացնել, եթէ քաղաքացիական մատենավարութեան մէկ օրէնք գոյութիւն չունենայ:

Իր կարգին, վարչապետ Միքաթի Կիներու միջազգային օրուան առիթով յայտնեց, որ կը սխալին անոնք, որոնք կը կարծեն, թէ ամբողջ տարուան ընթացքին կիներու մեծարումին համար միայն մէկ օր յատկացուած է, որովհետեւ կինը կեանքի ընկեր է եւ գլխաւոր գործընկեր: «Մենք կնոջմով կը հզօրանանք ու կը կարենանք դիմակայել բոլոր մարտահրաւէրները», հաստատեց ան:

Միքաթի յայտնեց, որ Կիներու միջազգային օրուան առիթով ինք կը շնորհաւորէ լիբանանցի կինը, որ կը ներկայացնէ պայքարի խորհրդանիշը, յատկապէս Լիբանանի դիմագրաւած այս դժուար պայմաններուն ընթացքին:

Վարչապետ Միքաթի շնորհաւորեց բոլոր կիները եւ անոնց մաղթեց յաւելեալ զարգացում եւ բարգաւաճում` բոլոր մարզերուն պարագային:

 

Նախորդը

Պըրրի – Ֆայեատ` Հանդիպում

Յաջորդը

Նախագահ Աուն Անհրաժեշտ Նկատեց Բոլոր Մարզերուն Պարագային Իրաքի Հետ Գործակցելու Կարեւորութիւնը

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.