Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սէյիտ Նասրալլա. «Ուքրանիոյ Մասին Լիբանանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան Հրապարակած Հաղորդագրութիւնը Ամերիկեան Դեսպանատան Մէջ Գրուած Է»

March 9, 2022
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հըզպալլայի կազմակերպութեամբ երէկ տեղի ունեցաւ «Վիրաւորի օր»-ուան յատուկ ձեռնարկ մը, որուն ընթացքին Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա պատկերասփռուած ճառի մը ընդմէջէն շեշտեց, որ եթէ լիբանանցի պատասխանատուները կը փափաքին միշտ գոհացնել Միացեալ Նահանգները, ապա անոնք ձախողութեան պիտի մատնուին, որովհետեւ ամերիկեան պահանջները չափ ու սահման չունին:

Սէյիտ Նասրալլա ընդգծեց, որ ամերիկեան ցուցմունքներուն ենթարկուիլը Լիբանանը պիտի չփրկէ, այլ` զայն յաւելեալ փորձանքներու պիտի ենթարկէ:

Սէյիտ Նասրալլա յայտնեց, որ Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ տագնապին վերաբերեալ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովին ընթացքին Լիբանանի շահերը կը պահանջէին ձեռնպահ մնալ եւ ոչ թէ Ռուսիոյ դէմ քուէարկել:

«Ուքրանիոյ մասին Լիբանանի արտաքին գործոց նախարարութեան հրապարակած հաղորդագրութիւնը ամերիկեան դեսպանատան մէջ գրուած է: Ա՞յս է գերիշխանութիւնը», հարց տուաւ ան:

Սէյիտ Նասրալլա շեշտեց, որ Լիբանան ամերիկացիին պէտք է յայտնէ, թէ լիբանանցիներ անոր ստրուկները չեն: Ան հարց տուաւ, թէ ինքզինք տագնապներէն զերծ կացուցելու Լիբանանի քաղաքականութիւնը այս բոլորին մէջ ո՞ւր է: «Լիբանանեան հաղորդագրութեան դիմաց ինչո՞ւ լուռ կը մնան անոնք, որոնք չէզոքութեան ջատագովները կը նկատեն իրենք զիրենք», հարց տուաւ ան` աւելցնելով, որ չէզոքութեան մասին հնչած կեցուածքները պատասխանատուութենէ փախուստ տալ կը նշանակեն:

Սէյիտ Նասրալլա հաստատեց, որ այս իրականութիւնը կը փաստէ նաեւ, որ Հըզպալլա լիբանանեան պետութեան որոշումին չի տիրեր, որովհետեւ եթէ այդպէս ըլլար, ապա անկարելի էր, որ արտաքին գործոց նախարարութիւնը նման հաղորդագրութիւն հրապարակէր կամ Միացեալ Նահանգներուն կողքին քուէարկէր:

Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարը շեշտեց նաեւ, որ մէկուկէս տարի առաջ, երբ իրենք արտայայտուած են իրենց ուղղութիւնը դէպի Արեւելք թեքելու մասին, չինական եւ ռուսական ընկերութիւններ այցելած են Լիբանան եւ ելեկտրականութեան մարզի բարելաւման իսկական առաջարկներ ներկայացուցած են: «Այդ առաջարկները ցարդ անպատասխան կը մնան, որովհետեւ ամերիկացին կ՛արգիլէ ընդառաջել անոնց», ըսաւ ան:

Սէյիտ Նասրալլա կոչ ուղղեց լիբանանեան պետութեան պայքարելու չարաշահումին դէմ, չարաշահողները բանտարկելու եւ Ուքրանիոյ մէջ մնացած լիբանանցիները ապահով Լիբանան փոխադրելու:

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

Պըրրի – Ֆայեատ` Հանդիպում

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.