Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ֆրեզնոյէն Հայ Բժիշկներու Առաքելութիւնը Լիբանանի Մէջ

March 8, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՐԱ ՔԷՆՏԻՐՃԵԱՆ

Գարնան սկիզբն ենք, նաեւ յոյսի մը սկիզբը` մեր լիբանանահայ ազգակիցներուն: Քանի մը օրեր առաջ, կէս գիշերը անց, Պէյրութի «Վանայ ձայն» ձայնասփիւռի կայանը  հարցազրոյց մը ունեցաւ Ֆրեզնոյի մէջ Հայաստանի պատուոյ հիպատոս Պերճ Աբգարեանի հետ: Ան մանրամասնութիւններ ներկայացուց Լիբանանի մէջ իրականացուելիք բժշկական առաքելութեան մը մասին: Արդարեւ, Ֆրեզնոյէն խումբ մը բժիշկներ Պէյրութ հասան արդէն իրենց հետ տանելով մօտաւորապէս երեսուն պայուսակներ, գլխաւորաբար դեղեր եւ բժշկական թեթեւ գործիքներ, օգտակար ըլլալու համար Լիբանանի հայ համայնքին:

Աբգարեան այս խումբին ղեկավարն ու կազմակերպիչն է եւ ապահոված է թէ՛ Լիբանանի դեսպանատան գործակցութիւնը, եւ թէ Լիբանանի Հայկական երեսփոխանական գրասենեակին օգնութիւնը:

Անոր կ՛ընկերակցին բժիշկներ Վաչէ Վասիլեան (ատամնաբուժ), Վան Պօղոսեան (վիրաբուժ), Ճէյք Գուշիկեան եւ Կարօ Խաչիկեան (ներքին հիւանդութեան մասնագէտներ), Կարինէ Վասիլեան (մանկաբուժ) եւ Անիթա Պօղոսեան (թղթակից):

Այս խումբը եւ մօտ երեսուն այլ բժիշկներ 2015-էն ի վեր բժշկական առաքելութեամբ կը մեկնին Հայաստան եւ Արցախ, օգնելու մեր հայրենակիցներուն` մեծ քանակութեամբ դեղ եւ բժշկական կարեւոր սարքաւորումներ իրենց հետ տանելով:

Այս տարի «Սփիւռքի տարի» հռչակուած է Արամ Ա. կաթողիկոսին կողմէ: Լիբանան մեկնող այս խումբին երթը շատ աւելի դժուար է, քան որեւէ այլ տեղ: Ձեզի ծանօթ  Լիբանանի տնտեսական տագնապը երկիրը սնանկ դարձուցած է, եւ Լիբանան ելեկտրականութեան, ջուրի, աղբահաւաքման եւ այլ տագնապներ կը դիմագրաւէ: Ժողովուրդը օրուան հացը ճարելու դժուարութեան մէջ է:

Տրամադրութիւնները ստիպողաբար լաւ չեն, բայց կայ յոյսը եւ օգնութիւնը` ժողովուրդին եւ միութիւններուն, որոնք քիչ մը տանելի կը դարձնեն տագնապը:

Լիբանանի օգնութեան խաչը պիտի հիւրընկալէ բժիշկները եւ Պուրճ Համուտի «Արաքսի Պուլղուրճեան» կեդրոնը տրամադրած է անոնց մարտ 8-էն սկսեալ: Խումբը նաեւ ծրագրած է Այնճար գտնուիլ եւ «Աղթամար» մասնաճիւղի «Ֆիլհաննէսեան» կեդրոնէն օգնութիւն տրամադրել նաեւ Այնճարի բնակիչներուն:

Կարիքները շատ են, պայմանները շատ դժուար, որովհետեւ թէ՛ դեղերու սղաճ կայ, եւ թէ յաճախ դեղորայք չկայ: Երբեմն անհնարին են նաեւ հիւանդանոցի սպասարկութիւնները:

Այս դժուարութիւնները նկատի առած, բժիշկները կամաւորաբար իրենց ժամանակը եւ ձիրքերը ի սպաս դրած են ծառայելու լիբանանահայ համայնքին:

Ռուբէն Սեւակ իր «Բժիշկի գիրքէն փրցուած էջեր» գիրքին մէջ կը պատմէ, թէ ինչպէս 1913-ին, Լոզանի մէջ կը փորձէ հիւանդ կնոջ մը օգտակար ըլլալ, եւ երբ հիւանդը բան մը հասկցնել կը փորձէ եւ չի յաջողիր, Սեւակ կը մօտեցնէ ականջը հիւանդին եւ հազիւ կրնայ մէկ բառ հասկնալ, «կռունկ» կ՛ըսէ կինը: Բժիշկը կը սկսի երգել այդ հին ու քաղցր երգը եւ կնոջ աչքերուն մէջ լոյս մը կ՛երեւայ: Այս է, նախ դեղ ու դարման եւ ապա քաջալերանք ու յոյս:

Բարի երթ ու վերադարձ յարգելի բժիշկներ:

Ֆրեզնօ
2 մարտ 2022

Նախորդը

ՀՄԸՄ-ականներ Կը Մասնակցին Լիբանանի Սկաուտական Ֆետերասիոնի Գործունէութիւններուն

Յաջորդը

«Մենք Լիբանան Չենք Եկած Գնահատանք Կամ Շնորհակալութիւն Ստանալու, Այլ Եկած Ենք Միայն Ծառայելու» Հաստատեց Պերճ Աբգարեան

RelatedPosts

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի.  Կրինլանտ` Անտերսընեան Հեքիա՞թ, Թէ՞ Ողբերգութիւն
Անդրադարձ

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Կրինլանտ` Անտերսընեան Հեքիա՞թ, Թէ՞ Ողբերգութիւն

January 31, 2026
Տօն Սուրբ Սարգիս Զօրավարի
Անդրադարձ

Տօն Սուրբ Սարգիս Զօրավարի

January 31, 2026
1920 Թուականի Գաղտնի Փաստաթուղթը Կը Բացայայտէ Թուրքիոյ Ծրագիրները, Ինչպէս Այսօր, Այնպէս Ալ Այն Ժամանակ` Վերացնել Հայաստանը
Անդրադարձ

1920 Թուականի Գաղտնի Փաստաթուղթը Կը Բացայայտէ Թուրքիոյ Ծրագիրները, Ինչպէս Այսօր, Այնպէս Ալ Այն Ժամանակ` Վերացնել Հայաստանը

January 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.