Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայակեդրոն Մամուլի Ջատագովը

March 5, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԴՈԿՏ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ
Ընդհանուր քարտուղար` Արաբական Ծոցի Աստուածաշունչի Ընկերութիւն

«Սփիւռքը զգուշ պէտք է ըլլայ թէ՛ հայաստանակեդրոն, եւ թէ՛ սփիւռքակեդրոն մտածողութեան մէջ ինքզինք բանտարկելէ: Իր կիզակէտը պէտք է դառնայ հայակեդրոն մտածողութեան զարգացումը»:

ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս 2022 տարին հռչակեց «Սփիւռքի տարի»` նպատակ ունենալով սփիւռքը «վերակազմակերպել եւ վերաշնչաւորել»:

«Ազդակ» այսօր կը յիշատակէ իր հիմնադրութեան 95-ամեակը: Եթէ ամեակներ լաւ առիթներ են յիշատակելու անցեալն ու այն բոլոր երախտաւորները եւ նուիրեալները, որոնք հայապահպանման ջահը միշտ վառ փորձեցին պահել մամուլին միջոցով, բայց նաեւ առիթ է խօսելու ներկայի ու ապագայի տեսլականին մասին:

«Ազդակ»-ի հիմնադիր՝ Հայկ Պալեան

«Ազդակ» այսօր` ի գին բազմաթիւ զոհողութիւններու, Լիբանանի տնտեսական, ընկերային եւ քաղաքական ճգնաժամին մէջ ամուր ու անսասան կանգնած է հայապահպանումի մեծ առաքելութեան մէջ: «Ազդակ»-ի հայապահպանումը նպատակասլաց է: Այսօր ան կը տքնի կերտելու «հայակեդրոն» ռազմավարութիւն մը` մէկ կողմէ զարկ տալով հայկական իրականութեան ընդհանրապէս, եւ միւս կողմէ իր երդիքին տակ համախմբելով հայաստանեան, արցախեան  եւ սփիւռքեան տարբեր միտքերն ու կարողականութիւնները մասնաւորապէս: «Ազդակ» կուսակցական պաշտօնաթերթ է, բայց ան իր հայակեդրոն ռազմավարութիւնը մշակեց եւ զարգացուց` իր չորս կողմը համախմբելով մէկ կողմէ հրապարակագիրներ, բայց նաեւ մտաւորականներ եւ բարեկամներ, որոնք, տարբեր մտածողութիւններ ունենալով հանդերձ, «Ազդակ»-ը կը տեսնեն իբրեւ հայութիւնը համախմբող յատակագիծ:

Արամ Ա. վեհափառ կը գրէ. «Սփիւռքը կրնայ իր կարեւոր նպաստը բերել համահայկական մտածողութեան մշակման` համահայկական օրակարգի մը ենթահողին վրայ»: Այս իմաստով «Ազդակ» նոյնքան կարեւոր նպաստ կը բերէ, երբ իր չորս կողմը կը հաւաքէ հայկական միտքեր եւ զարկ կու տայ հայկական մտածողութեան: «Ազդակ» նոյնքան նախանձախնդիր է` համահայկական օրակարգ  ստեղծելու իր ջանքերով: Այս ջանքի արգասի՞քը: Լսարաններու երկար շարքն է, ուր հայկական տարբեր նիւթեր, մտահոգութիւններ եւ օրակարգեր մէկը միւսին ետեւէն, տարբեր մասնագէտներու կողմէ` տեղեկատուութեան աշխարհի ընձեռած կարելիութիւններուն միջոցով առցանց կը հաւաքէ ու կը համադրէ հայկական եւ ազգային միտքը: Այս հայ միտքերը կը ներառեն Հայաստանը, Արցախը եւ սփիւռքի տարբեր գաղութները, այսպիսով «Ազդակ»-ի մամլոյ առցանց լսարանը կը դառնայ լաւ ենթահող մը` համահայկական տարբեր օրակարգերու քննարկման, միտքերու փոթորկման, առաջարկներու ներկայացման եւ հաւանական լուծումներու որոնման:

Վեհափառ հայրապետը «հզօր Հայաստան-հզօր սփիւռք» տեսլականը կը նկատէ ազգային ռազմավարութեան հիմք եւ նպատակակէտ: Այս նպատակակէտը լաւագոյնս յաջողցնելու համար անհրաժեշտ է հայուն եռամիասնութիւնը` Հայաստան, Արցախ եւ սփիւռք, ամրացնել: «Ազդակ» այս առումով ալ իր կարեւոր մասնակցութիւնը կը բերէ այս եռամիասնութիւնը գօտեպնդելու: Եթէ մէկ կողմէ հայաստանեան, արցախեան եւ սփիւռքեան իրադարձութիւններուն իր մեկնաբանութեամբ, բայց նոյնքան նաեւ Հայաստանի եւ Արցախի տեղեկատուութեան միջոցներուն հետ ամուր կապեր հաստատելով:

Մամուլը հաւաքականութեան մը բազկերակն է: Այսպէս ըսուած է եւ ընդունուած: Բազկերակը, որ կը տրոփէ եւ կը շարունակէ տրոփել բազում նեղութիւններու եւ դժուարութիւններու մէջ, կը նշանակէ, թէ հաւաքականութիւնը ունի կեանք եւ անիկա ապրող իրականութիւն է: Մամուլը եթէ բազկերակ է, այդ կը նշանակէ, թէ անիկա հաւաքականութեան ապրող եւ ապրեցնող լաւ ցուցանիշ մըն է: Եթէ մէկ կողմէ ապրեցնող եւ խթանող, բայց նոյնքան նաեւ զգաստացնող միաւորն է: Ահա թէ ինչո՛ւ հայ ժողովուրդը եկեղեցւոյ եւ դպրոցին կողքին նաեւ զարկ տուաւ մամուլին` իր վերապրելու հրամայականին համար, յատկապէս յետեղեռնեան ժամանակաշրջանին, հայկական սփիւռքներու կազմաւորումին ընթացքին:

«Ազդակ» հայ ժողովուրդի մամուլի մէկ լաւ բազկերակն է, որուն տրոփը հայակեդրոն է եւ նպատակասլաց: Այս հայակեդրոն տրոփումը «Ազդակ» կը կեդրոնացնէ համահայկական օրակարգերու ենթահող ստեղծելով:

Շնորհակալութիւն «Ազդակ»-ի 95 տարիներու կեանքը կերտած իւրաքանչիւր նուիրեալին: Մեր մաղթանքն է,  որ «Ազդակ» շարունակէ նոր ամեակներ կերտելու իր տեսլականը: Ինչո՞ւ նոր ամեակներ ստեղծելու տեսլական: Որովհետեւ հայը պիտի շարունակէ ապրիլ իր պատմութիւնը իր հարազատութեամբ եւ հպարտութեամբ: Հարազատ եւ հպարտ պատմութիւնը հայակեդրոն իրականութեան մէջ եւ անոր միջոցով է:

«Ազդակ»  կը հանդիսանայ հայակեդրոն օրակարգ ստեղծող մամուլի ջատագով մը: Մամուլի օրկան մը` հայակեդրոն օրակարգով, որ կ՛ապահովէ  հայուն պատմութեան զետեղումը շարունակականութեան երթին վրայ:

Շնորհաւորութիւններ «Ազդակ»-ին  եւ նաեւ շնորհակալութիւն ազգային այս կարեւոր առաքելութիւնը ստանձնած իր այս նուիրական առաքելութեան համար:

Բարի երթ նոր ամեակներու:

Քուէյթ

 

Նախորդը

Խորհուրդ Ծննդոց («Ազդակ» Օրաթերթի 95-ամեակին Առիթով)

Յաջորդը

Ազդակասիրութեանս Ծննդոցը

RelatedPosts

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող.  Քաղաքական Դաշինքներ Եւ Միասնութիւն Ընդհանուր Նպատակի Շուրջ
Անդրադարձ

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող. Քաղաքական Դաշինքներ Եւ Միասնութիւն Ընդհանուր Նպատակի Շուրջ

February 3, 2026
Լոյս Տեսաւ ՀՅԴ Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 2026-ի Առաջին Թիւը
Անդրադարձ

Լոյս Տեսաւ ՀՅԴ Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 2026-ի Առաջին Թիւը

February 3, 2026
Փարիզի Հայկական Սփիւռքի Ժառանգութիւնը Կը Վերածուի Թուային Քարտէսի Մը
Անդրադարձ

Փարիզի Հայկական Սփիւռքի Ժառանգութիւնը Կը Վերածուի Թուային Քարտէսի Մը

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.