Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին Տումայի վաւերացման ներկայացուցած է ՀԱՊԿ-ի խաղաղապահ առաքելութեան համաձայնագիրին մէջ փոփոխութիւն կատարելու արձանագրութիւնը, որ կը նախատեսէ «Համակարգող պետութեան» կարգավիճակի ստեղծում:
Այդ «համակարգող պետութեան» հովանիին տակ պիտի ձեւաւորուին ՀԱՊԿ-ի խաղաղապահ ուժերը` ՄԱԿ-ի խաղաղապահ գործողութիւններուն մասնակցելու համար:


