Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միացեալ Նահանգներ Ռուսական Քարիւղէն Կախեալութիւնը Կրճատելու Միջոցներ Կը Փնտռեն

March 4, 2022
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներ կ՛ուսումնասիրեն ռուսական քարիւղի սպառումը նուազեցնելու կարելիութիւնը, միեւնոյն ժամանակ չարտօնելով ուժանիւթի համաշխարհային մատակարարումներու ընդհատումներ: «Արմէնփրես»` յղում կատարելով ԹԱՍՍ լրատու գործակալութեան, կը հաղորդէ, որ այս մասին «Սի.Էն.Էն.» պատկերասփիւռի կայանէն յայտարարած է Սպիտակ տան Ազգային տնտեսական խորհուրդի փոխտնօրէն Տալիփ Սինկ:

«Մենք կը փնտռենք կարելիութիւններ Միացեալ Նահանգներու մէջ ռուսական քարիւղի սպառումը նուազեցնելու` պահպանելով ուժանիւթի համաշխարհային մատակարարումները», յայտարարած է ան:

Սինկի համաձայն, աշխարհի վրայ քարիւղի մատակարարումներու կրճատումը «միայն պիտի բարձրացնէ Միացեալ Նահանգներու վառելանիւթի կայարաններուն մէջ գիները եւ պիտի նպաստէ Փութինի եկամուտներու աճին»: Ան ընդգծած է, որ ամերիկեան իշխանութիւններուն նպատակը «Ռուսիոյ` ուժանիւթի յառաջատար մատակարարի կարգավիճակի նուազեցումն է»:

Միացեալ Նահանգներու ուժանիւթի նախարարութեան Տեղեկատուական վարչութեան պաշտօնական վիճակագրութեան համաձայն, Ռուսիան Միացեալ Նահանգներու շուկային մէջ օտարերկրեայ մատակարարներու առաջին հնգեակին մէջ է:

«Պլումպըրկ» լրատու գործակալութեան տուեալներով` Ռուսիան 2021 թուականին գրաւած է Միացեալ Նահանգներու մէջ օտարերկրեայ մատակարարներու 2-րդ դիրքը:

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն 2 մարտին պատասխանելով լրագրողներուն Ռուսիայէն քարիւղի ներածման արգելքի կարելիութեան մասին հարցումին, յայտարարած է. «Ոչինչ բացառուած չէ»: Սակայն, ան վերջին օրերուն քանի մը անգամ հաւաստած է, որ Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը պիտի ջանայ ամերիկացիներու համար նուազագոյնի հասցնել Ռուսիոյ դէմ զանազան սահմանափակիչ քայլերու կիրարկման հետեւանքները, ներառեալ հաշուի առնելով Միացեալ Նահանգներու մէջ վառելանիւթի արդէն իսկ բարձր եղող գիներու աճը զսպելու անհրաժեշտութիւնը:

Նախորդը

Միացեալ Նահանգներ Իրենց Օդային Տարածքը Կը Փակեն Ռուսիոյ Դիմաց

Յաջորդը

«Ռուսիան ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդէն Հեռացնելու Մասին Յայտարարութիւնը Անհեթեթ Է» Կ՛ըսէ Զախարովա

RelatedPosts

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն  Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»

September 16, 2026
Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

September 15, 2026
Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի  Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու  Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին
Միջազգային

Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.