ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 1835 վարակուածներ եւ մահացած 10 ուրիշներ:
ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը նուազեցաւ 20.600 լ. ոսկիի:
ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի ընդունեց երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Ժորժ Քալլասն ու զբօսաշրջութեան նախարար Ուալիտ Նասսարը, որոնց հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները: Մեկնումի պահուն Քալլաս յայտնեց, որ Պըրրի հաստատած է, որ երեսփոխանական ընտրութիւնները պիտի կատարուին ճշդուած թուականին: Միւս կողմէ, Պըրրի խորհրդարանի յանձնախումբերը միացեալ նիստի մը հրաւիրեց չորեքշաբթի, 9 մարտ 2022-ին:
ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը հրապարակեց վառելանիւթի նոր սակացոյցը, որուն համաձայն, 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակը սղած է 28.000 լ. ոսկիով, 98 օքթան պենզինը` 28.000 լ. ոսկիով, մազութը` 41.000 լ. ոսկիով, իսկ պիւթակազը` 15.000 լ. ոսկիով: Հետեւաբար 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակն է 397.000 լ. ոսկի, 98 օքթան պենզինը` 407.000 լ. ոսկի, մազութը` 375.000 լ. ոսկի, իսկ պիւթակազը` 288.000 լ. ոսկի:
ՆԱՒԹ ներածող ընկերութիւններու համախմբումի նախագահ Մարուն Շամմաս յայտնեց, որ պենզինի թիթեղին սակը 500 հազար լ. ոսկիի պիտի չհասնի, այնքան ատեն որ ամերիկեան մէկ տոլարի փոխարժէքը 20 հազար լ. ոսկիի վրայ կայուն կը պահուի:
ՄՇԱԿՈՅԹԻ նախարար Մոհամետ Մուրթատա երէկ նախարարութեան կեդրոնատեղիին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Քաթարի դեսպանատան գործակատար Ալի Մոհամետ Ալի Մաթաուաան, որուն հետ քննարկեց ընդհանուր հարցեր, յատկապէս` երկու երկիրներուն միջեւ մշակութային համագործակցութիւնը աշխուժացնելու քայլերը: Մուրթատայի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Իտալիոյ դեսպան Նիքոլեթթա Պոմպարտիերի, որուն հետ քննարկուեցաւ երկկողմանի գործակցութիւնը շարունակելու անհրաժեշտութիւնը, յատկապէս` հնութիւնները պահպանելու շրջագիծին մէջ:
ՅՈՅՆ ուղղափառ համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Էլիաս Աուտէ եպիսկոպոսը ընդունեց երեսփոխան Նիքոլա Սահնաուին, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող ներկայ իրադարձութիւնները:
ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլի ընդունեց Լիբանանի մէջ Եգիպտոսի դեսպան Եասեր Ալաուին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս քաղաքական բեմը յուզող հարցերը:


