Հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան երէկ Տար Ֆաթուայի մէջ ընդունեց ներքին գործոց նախարար Պասսամ Մաուլաուին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երեսփոխանական ընտրութիւններուն վերաբերող հարցեր:
Հանդիպումէն ետք Մաուլաուի յայտնեց, որ երեսփոխանական ընտրութիւնները պիտի կատարուին` աւելցնելով, որ այս իմաստով կառավարութիւնը յանձնառու կը մնայ իր աշխատանքային ծրագիրով իսկ ճշդուած ընտրութիւններու կայացման որոշումին:
Մաուլաուի յայտնեց, որ հանրապետութեան միւֆթիին ներկայացուցած է ներքին գործոց նախարարութեան աշխատանքներն ու նուաճումները` թմրեցուցիչի մաքսանենգումը զսպելու եւ ոճիրները կասեցնելու նպատակով:
Այս շրջագիծին մէջ միւֆթի Տըրիան դրուատեց եւ բարձր գնահատեց ներքին ապահովութեան ուժերուն ճիգերը:
Պատասխանելով լրագրողներու հարցումներուն` Մաուլաուի յայտնեց, որ Զինուորական ատեանին կողմէ ազատ արձակուող երկու յանցագործները ահաբեկչական ցանցերու անդամներ չէին, այլ` Իսրայէլի գործակալներու ցանցի անդամներ:
Մաուլաուի շեշտեց, որ դատական իշխանութիւնները, ինչպէս նաեւ ներքին գործոց նախարարութիւնը լաւապէս կը վարուին այս թղթածրարին հետ:
Միւֆթի Տըրիանի այցելեց նաեւ երեսփոխան Ֆայսալ Քարամէ, որ յայտնեց, թէ հանրապետութեան միւֆթիին հետ քննարկած է երկիրը յուզող տնտեսական ու ընկերային տագնապները, ինչպէս նաեւ անոր լուծման կարելիութիւնները:
Քարամէ բարձր գնահատեց միւֆթի Տըրիանի կեցուածքները, յատկապէս` թեկնածուներուն վերաբերեալ:
Ան նկատել տուաւ, որ հանրապետութեան միւֆթիին այն կեցուածքը, թէ ինք բոլորէն նոյն հեռաւորութեան վրայ կը գտնուի եւ թէ բոլորը իր զաւակներն են` բարձր գնահատելի կեցուածք է` աւելցնելով, որ ինք կը մերժէ անիշխանութիւնը եւ սիւննի համայնքին բացակայութիւնը` լիբանանեան քաղաքական կեանքէն:
Քարամէ յայտնեց, որ Թրիփոլիի ապահովական կացութեան վտանգ չի սպառնար` ընդգծելով, որ ապահովական կառոյցները, յատկապէս` լիբանանեան բանակն ու գաղտնի սպասարկութեան ուժերը մեծ ջանքեր ի գործ կը դնեն: «Երեսփոխանական ընտրութիւնները խաղաղ կերպով պիտի ընթանան», հաստատեց ան:


