Ռուսիոյ համար կարեւոր է, որ Հայաստանն ու հայ ժողովուրդը իրենք զիրենք անվտանգ զգան: «Արմէնփրես»-ի հետ զրոյցի ընթացքին նման կարծիք յայտնած է Հայաստանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Սերկէյ Քոփիրքին:
«Ատոր երաշխիքը մեր դաշնակցային յարաբերութիւններն են, անոնց խորացման ու ամրապնդման ուղղուած ուղեծիրը, որ բռնած են մեր երկիրները», ըսած է դեսպանը:
Մեկնաբանելով Ուքրանիոյ մէջ կացութեան սրման լոյսին տակ հայ-ազրպէյճանական սահմանին վրայ Ազրպէյճանի կողմէ հաւանական սադրանքներու հարցը` Քոփիրքին նշած է, որ Ռուսիոյ համար երկու երկիրներուն հետ յարաբերութիւնները յարգի են: Ռուսիան զանոնք կը նկատէ իբրեւ շրջանին մէջ անվտանգութեան եւ խաղաղութեան պահպանման կարեւոր գործօն, որովհետեւ անոնք Ռուսիոյ կ՛արտօնեն միջնորդական դեր ունենալ եղած եւ յառաջացող խնդիրներու լուծման գործին մէջ:
«Մենք այս գործօնը կ՛օգտագործենք Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու լուծման ուղղուած մեր աշխուժ ջանքերուն մէջ, ներառեալ սահմանային խնդիրներու կարգաւորումը, շրջանի խաղաղ եւ անվտանգ զարգացման համար պայմաններու ստեղծումը: Ի հարկէ, շատ կարեւոր է, որ այդ ջանքերը ամրապնդուին երկու կողմերուն քաղաքական կամքով, անոնց համար ընդունելի լուծումներ եւ համաձայնութիւններ գտնելու պատրաստակամութեամբ: Մենք Երեւանի եւ Պաքուի հետ աշխուժօրէն կ՛աշխատինք այդ ուղղութեամբ», ըսած է դեսպանը:


