Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վ. Օհանեան-Գէորգեան Կը Պարգեւատրուի Սկաուտական «Արժանեաց» Շքանշանով

February 28, 2022
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանեան սկաուտական շարժումին 110-ամեակին առիթով եւ Լիբանանի սկաուտական համադաշնակցութեան կազմակերպած տօնակատարութիւններուն շրջագիծին մէջ, համադաշնակցութիւնը Պաապտայի Անտոնեան հայրերու միաբանութեան հիմնարկին մէջ կազմակերպեց սկաուտական «Արժանեաց» շքանշանով պարգեւատրման ձեռնարկ մը:

Ձեռնարկը վայելեց երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Ժորժ Քալլասի հովանաւորութիւնը` ներկայութեամբ երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախկին նախարար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեանի, Սկաուտական համաշխարհային խորհուրդի նախագահ Անտի Չեփմենի, Լիբանանի սկաուտական համադաշնակցութեան նախագահ Ժորժ Ղարիպի եւ բազմաթիւ այլ պատասխանատուներու:

Այս առիթով նախարար Քալլաս, Վ. Օհանեան-Գէորգեան եւ աւելի քան 65 առաջնորդ-առաջնորդուհիներ պարգեւատրուեցան սկաուտական «Արժանեաց» շքանշանով:

Պարգեւատրուողներուն անունով խօսք արտասանեց Վ. Օհանեան-Գէորգեան, որ յայտնեց, թէ սկաուտական շարժումին ստեղծումէն դար մը ետք, այդ շարժումը կու գայ փաստելու, թէ իր ոտքերը ամուր կերպով գետնին վրայ են եւ ան կարող է ընդառաջել ներկայ դարուս արագ եւ բազմազան մարտահրաւէրներուն:

«Սկաուտական շարժումը յաջողեցաւ դիմագրաւել բոլոր մարտահրաւէրները եւ կարողութիւն ունեցաւ տնօրինելու համաշխարհային մակարդակով մշակութային եւ ընկերային շարժումներ` պահպանելով մշակութային, գաղափարաբանական եւ մտաւոր բազմազանութիւնը:

Այս յաջողութեան գաղտնիքը կը բխի այն իրականութենէն, որ հակառակ համաշխարհային շարժում ըլլալուն, սկաուտական շարժումը յարգեց իւրայատկութիւններն ու բազմազանութիւնը, ինչպէս նաեւ անհատական եւ հաւաքական համոզումները` վարուելով իբրեւ սպունգի կտոր մը, որ կը ստանայ իւրաքանչիւր միջավայրի ձեւն ու բովանդակութիւնը», ըսաւ ան:

Վ. Օհանեան-Գէորգեան հաստատեց, որ լիբանանեան սկաուտական շարժումը իր կարգին յարգեց իւրայատկութիւններն ու լիբանանեան հիւսուածքին բազմազանութիւնը, օգտուեցաւ անոր հարստութենէն եւ արտադրեց նոր ուղի մը, որ պահպանեց իր հմայքը եւ նորանոր սերունդներ կերտելու իր կարողութիւնը: «Այս բոլորը կարելի եղաւ իրագործել, որովհետեւ լիբանանեան սկաուտական շարժումը յանձնառու մնաց արդի դաստիարակութեան  եւ լաւ քաղաքացիներ պատրաստելու աշխատանքի սկզբունքներուն», ըսաւ ան:

Վ. Օհանեան-Գէորգեան յայտնեց, որ լիբանանեան սկաուտական շարժումը տեղական եւ համաշխարհային առումով կրցաւ գործադրել իր կարգախօսը, յատկապէս վտանգներու եւ տագնապներու ընթացքին, ինչպէս` Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին եւ «Քորոնա»-ի համաճարակին դէմ պայքարելու ընթացքին, ինչպէս նաեւ կանխարգիլման եւ նախազգուշական ծրագիրներ, կլոր սեղաններ եւ այլ աշխատանքներ կազմակերպելու իր ջանքերով:

Ան նշեց, որ Լիբանանի սկաուտական համադաշնակցութիւնը իր այս ձեռնարկով հաւատարմութիւն կը յայտնէ առաջնորդներուն եւ նոր քայլ մը կ՛առնէ արժեւորելու համար բոլոր անոնց ջանքերը, որոնք նուիրումով կատարուած են: «Այս քայլով համադաշնակցութիւնը ապագայի ուղեգիծ մը կը բանայ` ռազմավարական տեսլականի մը ընդմէջէն, ինչպէս նաեւ կը շարունակէ ծառայել լիբանանեան հասարակութեան:

Վ. Օհանեան-Գէորգեան կոչ ուղղեց լիբանանեան սկաուտական շարժումին յաւելեալ միասնականութեամբ գործելու եւ իր ռազմավարութեան համաձայն նորանոր երկխօսութիւններ, համագումարներ եւ կլոր սեղաններ ծրագրելու` ներկայութեամբ թէ առցանց, տարածելու համար սկաուտական սկզբունքները, ինչպէս նաեւ ամրապնդելու համար սկաուտական յարաբերութիւնները:

«Բարձր կը գնահատեմ լիբանանեան սկաուտական շարժումին կողմէ երկու սեռերուն միջեւ հաւասարութիւն հաստատելու ճիգերը, կրօնի, արժէքներու, աւանդներու եւ գաղափարներու բազմազանութեան նկատմամբ տածուող յարգանքը, ինչպէս նաեւ ուրիշը ընդունելու պատրաստակամութիւնը», ըսաւ Վ. Օհանեան-Գէորգեան:

Ան շնորհակալութիւն յայտնեց իր պարգեւատրումին առիթով` աւելցնելով, որ ինք` իբրեւ երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար, պարզապէս իր պարտականութիւնը կատարած է` հաւատալով սկաուտական շարժումին արժէքներուն, անոր համաշխարհային դերակատարութեան, ինչպէս նաեւ տեղական իմաստով Լիբանանը միասնականացնող այն հազուագիւտ օղակներէն մէկը ըլլալու իրականութեան:

«Վստահ եմ, որ նախարար Քալլասի պաշտօնավարութեան ընթացքին եւս նախարարութեան աշխատանքները պիտի շարունակուին այնպէս, ինչպէս կ՛ընթանային: Իմ եւ բոլոր պարգեւատրուողներուն անունով շնորհակալութիւն կը յայտնեմ ձեզի եւ կը շնորհաւորեմ լիբանանեան սկաուտական շարժումին 110-ամեակը: Վստահ եմ, որ ձեր նմաններուն յանձնառութեամբ սկաուտական շարժումը հարիւրաւոր տարիներ պիտի ապրի` ծառայելու համար հասարակութեան», եզրափակեց Վ. Օհանեան-Գէորգեան:

Իր կարգին, Քալլաս մաղթեց, որ արաբ եղբայրները իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն 2022-ի աւարտին Պէյրութի մէջ գումարուելիք Սկաուտական արաբական խորհրդաժողովին:

Նախորդը

Սէյիտ Նասրալլա Ընդունեց Համասի Մէկ Պատուիրակութիւնը

Յաջորդը

Սուրիոյ Մէջ. «Պէտք Է Սուրիացի Տեղահանուածներուն Ապահով Տունդարձ Ապահովուի» Շեշտեց Շարաֆէտտին

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.