ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 1553 վարակուածներ եւ մահացած 10 ուրիշներ:
ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարի փոխարժէքը նուազեցաւ 20.600 լ. ոսկիի:
ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան Իսրա Միրաժի տօնին առիթով հաստատեց, որ արժանապատիւ եւ Լիբանանի փառքը նկատուող անձնաւորութիւններուն վարկաբեկումը մերժելի է` աւելցնելով, որ անընդունելի է նաեւ կողմնակալութիւնը:
ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը Ֆլորանսի մէջ նախագահեց Լիբանանի նուիրուած Ս. պատարագի մը, որուն ընթացքին ան հաստատեց, որ Լիբանան չէ վերջացած եւ չէ մահացած, «այլ` կը դիմագրաւէ զգայուն եւ դժուար փուլ մը եւ կարիքը ունի մեզի` իբրեւ այսօրուան սերունդը», ըսաւ ան:
ՅՈՅՆ ուղղափառ համայնքի առաջնորդ Էլիաս Աուտէ եպիսկոպոս յոյս յայտնեց, որ նոր ընտրուելիք խորհրդարանին եւ կառավարութիւններուն մէջ յաւելեալ կին դէմքեր փայլին:
ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան յայտնեց, որ մեծագոյն սխալը այն է, որ Լիբանան երեսփոխանական ընտրութիւններուն սպասէ` Միջազգային դրամական ֆոնտին հետ բանակցութիւններ կատարելու համար:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Հասան Ֆատլալլա յայտնեց, որ Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ միջեւ պատերազմին մասին Լիբանանի կեցուածքը կառավարութեան կողմէ լուրջ քննարկումի կարիք ունի:
ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում պլոքի նախագահ, երեսփոխան Թայմուր Ժոմպլաթ շաբաթավերջին Մուխթարայի պալատին մէջ ընդունեց ժողովրդային պատուիրակութիւններ, որոնց ներկայութեան հաստատեց, որ ելեկտրականութեան մարզը կը կարօտի բարեկարգման իսկական ծրագիրի մը: Ան կոչ ուղղեց նաեւ Լիբանանեան համալսարանի թղթածրարները լուծելու անաչառութեամբ եւ առանց զանոնք քաղաքականացնելու:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Մոհամետ Ֆընէյշ յայտնեց, որ արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարութեան կեցուածքը` Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ միջեւ պատերազմին մասին, մերժելի է: Ան աւելցուց, որ արտաքին գործոց նախարարութեան կեցուածքը տագնապներէ ինքզինք զերծ կացուցելու Լիբանանի պաշտօնական կեցուածքը կ՛անտեսէ` ենթարկուելով ամերիկեան ճնշումներուն:
ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ գործադիր խորհուրդի անդամ շէյխ Նեպիլ Քաուք յայտնեց, որ իրենք վստահ են, թէ երեսփոխանական ընտրութիւնները պիտի վկայեն Դիմադրութեան զօրակցութեան: Ան աւելցուց, որ Լիբանանի մէջ ամերիկեան վարչակազմին քմահաճոյքին ծառայող տարրերը պէտք է Ուքրանիոյ մէջ պատահածէն դասեր քաղեն:


