Միացեալ Նահանգներ պատժամիջոցներ հաստատած են Պիելոռուսիոյ 24 ֆիզիքական եւ իրաւաբանական անձերու դէմ` ռուսական զինուորական գործողութեան աջակցելնուն համար: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի»-ն:
Պիելոռուսիոյ դէմ ամերիկեան պատժամիջոցները կը վերաբերին պաշտպանութեան նախարարին եւ Հանրապետութեան անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղարին, ինչպէս նաեւ պետական երկու մեծ դրամատուներու:


