Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի այսօր վարչապետարանին մէջ պիտի նախագահէ մրցանակաբաշխութեան ձեռնարկի մը, որուն ընթացքին Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար Ահմետ Ապուլ Ղէյթ առաջին երեք մրցանակները պիտի յանձնէ դատական եւ իրաւական գիտութեանց լաւագոյն երեք թեզերը ներկայացնող թեկնածուներուն:
Նշենք, որ Ապուլ Ղէյթ եւ անոր օգնական Հուսամ Զաքի երէկ կէսօրին հասան Պէյրութ:
Միւս կողմէ, Միքաթի երէկ ստորագրեց խորհրդարանին վաւերացուցած 13 օրէնքները եւ զանոնք ուղարկեց հանրապետութեան նախագահութեան:
Նշենք, որ վարչապետ Միքաթի ընդունեց Միջազգային դրամատան Միջին Արեւելքի շրջանային տնօրէն Սարուժ Քումարճահը, որուն ներկայութեան յայտարարեց Պէյրութի քանդուած բնակարաններու վերանորոգութեան, ինչպէս նաեւ մշակութային, ստեղծագործական եւ ճարտարարուեստի աշխատանքները վերսկսելու մեկնարկը:
Քումարճահ յայտնեց, որ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին դէմ պատասխանը արտակարգ էր` աւելցնելով, որ Լիբանանի մէջ գտնուող միջազգային եւ մարդասիրական հաստատութիւններուն, լիբանանեան բանակին, լիբանանեան ընկերային կազմակերպութիւններուն եւ քաղաքացիական ընկերութեան ջանքերը բարձր գնահատանքի արժանի են:
Քումարճահ յոյս յայտնեց նաեւ, որ ելեկտրականութեան մարզի բարելաւման ծրագիրը կարելի կ՛ըլլայ ամէնէն արագ ժամանակամիջոցին վաւերացնել, որովհետեւ անիկա ելեկտրական մարզի ֆինանսաւորման հիմնական պայմաններէն է:
Քումարճահ հաստատեց, որ որեւէ ծրագիրի յաջողութեան գլխաւոր պայմանը թափանցիկութիւնն է:


