Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Սումկայիթի Ջարդերուն 34-Ամեակին Եւ Պաքուի Ջարդերուն 32-Ամեակին Առիթով Լիբանանեան Լրատուամիջոցներուն Յղեց Հաղորդագրութիւն Մը

February 26, 2022
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը Սումկայիթի ջարդերուն 34-ամեակին եւ Պաքուի ջարդերուն 32-ամեակին առիթով լիբանանեան լրատուամիջոցներուն յղեց հետեւեալ հաղորդագրութիւնը.

«27-29 փետրուար 1988-ին տեղի ունեցան Ազրպէյճանի Սումկայիթ քաղաքի հայ բնակչութեան` ազրպէյճանական իշխանութիւններուն կողմէ պետական մակարդակով կազմակերպուած ջարդերն ու զանգուածային տեղահանութիւնը:

Հակառակ այն իրողութեան, որ Սումկայիթը կը գտնուէր Պաքուէն 20-25 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ, բայց եւ այնպէս 3 օր` 27, 28 եւ 29 փետրուար 1988-ին շարունակուած հայերու ջարդերուն, անոնց ունեցուածքի ոչնչացման, բռնագրաւման ո՛չ քաղաքի ոստիկանութիւնը, ո՛չ ալ Պաքուէն ուղարկուած ստորաբաժանումները միջամտեցին:

1988-ի դրութեամբ Սումկայիթի մէջ կ՛ապրէր 18 հազար հայ: Ըստ պաշտօնական տուեալներու, կոտորածներուն զոհ գացած է 26 հայ բնակիչ, սակայն գոյութիւն ունեցող այլ տուեալներ կը փաստեն, որ զոհերուն թիւը քանի մը անգամ աւելի եղած է: Հայերուն բնակարանները թալանուեցան, անոնց գոյքը բռնագրաւուեցաւ ու հազարաւոր հայեր ստիպուած եղան գաղթել քաղաքէն` այնտեղ ձգելով իրենց ամբողջ ունեցուածքը:

Հայ բնակչութեան ցեղային զտման ծրագրուած քաղաքականութիւնը կը հետապնդէր յստակ նպատակ` ուժի եւ ատոր կիրարկման սպառնալիքի միջոցով կանխարգիլել Արցախի ազատագրման շարժումը:

13-19 յունուար 1990-ին, այս անգամ Պաքուի մէջ տեղի ունեցան հայերու ազրպէյճանական իշխանութիւններուն կողմէ կազմակերպուած ու հովանաւորուած ջարդերը: 1994-ին, Հունգարիոյ մէջ ՕԹԱՆ-ի «Գործընկերութիւն յանուն խաղաղութեան» ուսումնական ծրագիրին մասնակից ազրպէյճանցի սպայ Ռամիլ Սաֆարով կացինով սպաննեց ծրագիրին մասնակից հայ սպայ Գուրգէն Մարգարեանը: Ան 30 տարի առանց ներման արտօնութեան բանտարկութեան դատապարտուեցաւ, սակայն 31 օգոստոս 2012-ին Ազրպէյճանի արտայանձնուելէ ետք, նոյն օրն իսկ ո՛չ միայն Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի կողմէ ներումի արժանացաւ, այլ Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան կողմէ կոչումի բարձրացումի արժանացաւ, բնակարան ստացաւ եւ գումարով վարձատրուեցաւ: Իրողութիւն մը, որ կու գայ վկայելու պետական յստակ քաղաքականութեան մը գոյութեան մասին:

Պաքուի իշխանութիւնները 2005-2007 թուականներուն Ջուղայի մէջ ոչնչացուցին հազարաւոր հայկական խաչքարեր: Բռնատիրական այդ վարչակարգի իշխանութիւնները 27 սեպտեմբեր 2020-ին Արցախի Հանրապետութեան վրայ իրենց շղթայազերծած անարդարանալի յարձակումով պատճառ դարձան բազմահազար քաղաքայիններու տեղահանման եւ այդ յարձակումին ընթացքին գործեցին պատերազմական բազմաթիւ ոճիրներ, ինչպէս` բնակուած շրջաններու դէմ ֆոսֆորի եւ տարանջատուող ռումբերու օգտագործումը: Անոնք այսօր ալ  իրենց բռնագրաւած տարածքներուն մէջ ձեռնարկած են մշակութային ցեղասպանութեան եւ կը շարունակեն հարիւրաւոր հայ զինուորներ ու քաղաքայիններ գերի պահել` ոտնահարելով ժընեւեան հռչակագիրը:

Ազրպէյճան 1988-էն մինչեւ այսօր նոյն ոճրային քաղաքականութիւնն է, որ կը կիրարկէ, մինչ միջազգային ընտանիքն ու քաղաքակիրթ աշխարհը ձեռնածալ կը դիտէ: ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը միջազգային ընտանիքին, քաղաքակիրթ պետութիւններուն եւ մարդոց կոչ կ’ուղղէ` դուրս գալու իրենց թմբիրէն եւ զանոնք այդ ոճիրներուն մեղսակից դարձնող լռութենէն, դատապարտելու Ազրպէյճանի ոճիրները եւ կանխարգիլելու մարդկութեան դէմ անոր հետագայ յանցագործութիւնները»:

 

 

Նախորդը

Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ Նշուեցաւ Սրբոց Վարդանանց Զօրավարաց Տօնը

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Ակնարկ.  Թեհրանի Ընտրած Պահը`  Շեշտակի Զգուշացնելու
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Թեհրանի Ընտրած Պահը` Շեշտակի Զգուշացնելու

November 7, 2026
Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց  Հայաստանի Դեսպանը
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Հայաստանի Դեսպանը

November 7, 2026
ՀՄԸՄ-ի Միջդիւանական 12-րդ Խորհրդաժողովը Իր Աշխատանքները Աւարտեց Յաջողութեամբ
Գաղութային

ՀՄԸՄ-ի Միջդիւանական 12-րդ Խորհրդաժողովը Իր Աշխատանքները Աւարտեց Յաջողութեամբ

November 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.