Ռուսիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունը իր քաղաքացիները նախազգուշացուցած է ենթադրեալ ահաբեկչութիւններու մասին:
Դեսպանատան տուեալներով` տեղեկութիւններ գոյութիւն ունին առեւտուրի կեդրոններու, երկաթուղային եւ մեթրոյի կայարաններու, ինչպէս նաեւ մեծ քաղաքներու, ներառեալ Մոսկուայի եւ Ս. Փեթերսպուրկի այլ մարդաշատ վայրերու վրայ յարձակումներու սպառնալիքներու մասին, նաեւ` Ուքրանիոյ հետ Ռուսիոյ սահմանին վրայ բարձր լարուածութեան շրջաններուն մէջ:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը արձագանգած է Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան` սպասուող ահաբեկչութիւններու մասին հաղորդագրութեան:
«Հարցում` Մոսկուայի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան մէջ, գործընկերային ուղիներով փոխանցա՞ծ էք համապատասխան տուեալները ձեր ռուս գործընկերներուն, եթէ ոչ, ապա ինչպէ՞ս կարելի է ատիկա հասկնալ», «Թելեկրամ»-ի վրայ գրած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա:


