Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Բռնակալութեան Դէմ` Դիմադրութիւնը Անհրաժեշտ

February 22, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՇԱՀԱՆ ՀԱՒԱԹԵԱՆ
ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Հայաստան» Մասնաճիւղ

Երբ պատմութիւնը դառնայ դասագիրք, այդ պահուն է, որ կը դատուին չարն ու բարին: Անցեալը ուսումնասիրելով միայն կրնանք հարթել ճանապարհը բարգաւաճ ապագայի: Հիթլերանման դէմքերը պատմութեան ընթացքին բազմաթիւ եղած են: Թէ ի՛նչ յատկութիւններով կը զանազանուին` պարզ է, անոնք չեն կրցած զանազանել լաւն ու վատը: Կործանելով բարոյագիտութեան հիմքերը, որոնք դարեր շարունակ մեզ սահմանած են իբրեւ մարդ արարած, դիմած են իրենց տրամադրութեան տակ եղող բոլոր միջոցներուն` հասնելու համար իրենց նպատակին: Պատմութեան շարունակականութիւնը կարծես ըլլար ճակատագիրը մեր էութեան: Մենապետներու շղթան երբեք չէ կոտրած, մէկ բռնապետին յաջորդած է միւսը: Կային Հիթլերն ու Մուսոլինին` Համաշխարհային Բ. պատերազմի օրերուն, Քիմ Իլ Սիւնկը` 1945-էն սկսեալ, Իտի Ամինը` 1970-ական թուականներուն: Իսկ որո՞նք ստանձնած են ներկայիս այս դերերը: Որո՞նք են արեան մէջ թաթխուած գահերու պահպանները:

Աներկբայ է Ազրպէյճանի սպառնալիքը մեր գոյութեան, այդ մէկը չճանչնալը անտեղի լաւատեսութիւն է: Սակայն միջազգային հանդիսատեսը այս մէկը պէտք չէ տեսնէ իբրեւ պարզ տարակարծութիւն երկու դրացի երկիրներու միջեւ, այլ հարցը շատ աւելի խոր է  ու բարդ: Պատերազմի ընթացքին ի յայտ եկաւ, որ Ալիեւի արիւնռուշտ արշաւը չունի սահման, այս իրողութեան յստակ օրինակներէն մէկը կը հանդիսանայ վարձկան զինուորներու տեղակայումը: Այսպիսի վարուելակերպ ընդհանրապէս կը դրսեւորուի բռնապետներու կողմէ, որոնք, խելագարած իրենց կատաղութեամբ, ոչ մէկ մարդկային արժէք կը խնայեն` ռազմականացնելու իրենց ուժը: Պատմութիւնը կը թելադրէ, որ այսպիսի դէմքեր ոչ միայն վտանգի կ՛ենթարկեն իրենց հակառակորդը, այլ նաեւ կ՛ապակայունացնեն միջավայրը: Հետաքրքրական կը թուի անդրադառնալ կարգ մը զուգահեռներու` Ազրպէյճանի ներկայ իշխանութեան ու անցեալին միջեւ: Բռնապետները սովորաբար յատուկ բարեկամութիւն կ՛ունենան երկրի օլիկարխ խաւի հետ, փոխադարձ շահերու իրականացման նպատակով: Պարզ օրինակ մը` 1933-ի նացիներու սնանկութենէ փրկութիւնը իրականացաւ շնորհիւ մեծ ընկերութիւններու ֆինանսաւորման: Այս իրողութիւնը ինքզինք կը կրկնէ ներկայ Ազրպէյճանի մէջ: 2005-էն սկսեալ նաւթային ոլորտի աճման պատճառով տնտեսութիւնը ծաղկած է, սակայն այս մէկը առիթ տուած է կաշառակերութեան եւ, հետեւաբար, տնտեսութիւնը կեդրոնացած է դրամատէր խաւին ձեռքը, որուն նաեւ մաս կը կազմէ Ալիեւի ընտանիքը: Ան տէր է տարբեր ընկերութիւններու:  Տնտեսութեան վերելքը  դադրած է 2016 թուականին, երբ տնտեսութեան համախառն ներքին արդիւնքը նուազած է 3,6 առ հարիւրով: Երկար ժամանակէ ի վեր Ազրպէյճանի մէջ նաւթի հանքեր չեն յայտնաբերուած, եւ նկատի առնելով, որ տնտեսութեան գոյատեւումը հիմնուած է քարիւղի վրայ, երկրի ապագան շատ փայլուն չէր: Երբ Գերմանիոյ տնտեսութիւնը քայքայուած էր եւ գնաճը` բարձրացած, ժողովուրդը ոգեւորելու համար Հիթլեր զանոնք միացուց ատելութեամբ` մեղադրելով հրեաները իրենց կրած այս ողբերգութեան համար: Կարելի է ըսել, որ Ալիեւ որդեգրեց նոյն քաղաքականութիւնը, ան միացուց  ազերի ժողովուրդը հայութեան դէմ:

Ահա ա՛յս է մեր 21-րդ դարու ժամանակակից բռնապետը. թէ` ժամանակը պիտի դատէ զայն կամ ոչ, կարեւոր չէ, ի զուր պիտի ըլլայ արդէն եւ ուշ:

Հիմա եզրակացնենք մենք կը փորձենք  դիւանագիտութիւն խաղալ, երբ ոսոխը մարմնացումն է բռնապետութեան: Իրավիճակը հրատապ է, Ալիեւի ծրագիրը դեռ չէ հասած իր աւարտին, եթէ այսօր ան ձեռքը դրած է Արցախին վրայ, վաղը շուտով կը հասնի Երեւան: Յիշենք անոր 2008-ի ճառերէն մէկը. «1918-ին Երեւանը շնորհուեցաւ հայերուն: Այդ մեծ սխալ էր: Իրեւանի խանութիւնը ազրպէյճանական տարածք էր, հայերն այստեղ հիւր էին»: Պայման չէ, որ այս ըլլայ մեր ճակատագիրը, կրնանք առնել մեր ապագայի սանձը մեր ձեռքերուն մէջ: Ֆրանսան ազատագրուեցաւ ժողովրդային նեցուկով, Պերլինի պատը փուլ եկաւ ի սէր ազատութեան ու ինքնավարման, Կեւարան հասաւ իր նպատակին, երբ ան մղեց ժողովուրդը յեղափոխութեան: Մարդ արարած, ըստ բնութեան, կը ձգտի ազատութեան, ան կը ձգտի ամէն գնով:

Արդարութիւնը անիծեալ մեզ կրկին զրկած է իրաւունքէ: Դաժան է բռնակալութիւնը, մանաւանդ երբ ան պարտադրուած է թշնամիին կողմէ, ոչնչացնելու մեր ազգն ու հայրենիքը` մշակոյթով եւ պատմութեամբ: Հրետանիի սփռած ահեղին ներքեւ կ՛աղօթենք հրաշքի` ռահվիրայի յայտնաբերման համար, որ պիտի կասեցնէ մեր տառապանքը: Խաբող յոյսն է վատը, որ մեզ կը դարձնէ կրաւորական: Դաշոյնը հասած է ոսկորին, «Կենաց մահու ժամն է հասել»:

 

 

Նախորդը

Կովկասեան Թատերաբեմը` Աշխարհաքաղաքական Մրցակցութեան Դաշտ

Յաջորդը

ՀՅԴ ԼԵՄ-ի Անդամ Նանի Գալուստեանի Հետ Հարցազրոյց` Արցախի Պատանեկան Ճամբարի Գործուղման Մասին

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.