Արցախի Հանրապետութեան անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Վիթալի Բալասանեան ուղերձ յղած է Արցախի վերածնունդի օրուան առիթով` նշելով, որ Արցախի իշխանութիւնները պատերազմէն ետք կը գործեն` ստեղծելու համար արժանապատիւ կեանքի պայմաններ:
Վիթալի Բալասանեանի ուղերձին մէջ նշուած է.
«Յարգելի՛ հայրենակիցներ,
1988 թուականի փետրուարի 20-ը դարձաւ մեր ժողովրդի վճռականութեան, սխրանքի, ազատասիրութեան եւ միասնականութեան խորհրդանիշը:
Համազգային, իրաւացի եւ արդար շարժումն Ազրպէյճանն ընդունեց իրեն բնորոշ վայրագութեամբ` պարտադրելով պատերազմ: Մեծ տառապանքների եւ հազարաւոր զոհերի գնով հասանք գոյամարտի յաղթական աւարտին եւ լծուեցինք Արցախը շէնացնելու սուրբ գործին, բայց թշնամին սանձազերծեց նոր արհաւիրք:
Դաժան պատերազմը մեզանից խլեց հազարաւոր երիտասարդներ, Ազրպէյճանն բռնագրաւեց մեր հողերի մեծ մասը, սակայն Արցախը վերջնականապէս կործանելու ծրագիրը կրկին չիրագործուեց. մենք ընդմիշտ Արցախում ենք` սրբազան այս հողը պահելու անսասան կամքով համակուած, քանզի մեր արմատները խորն են:
Թանկագի՛ն արցախցիներ,
Համոզուած եղէ՛ք, որ Արցախի իշխանութիւնները պատերազմից յետոյ գործում են` ստեղծելու արժանապատիւ կեանքի պայմաններ: Ցաւօք, մեր ամէն օրը չէ անվտանգ, սակայն հաւատացէ՛ք, որ արւում է ամէն հնարաւոր բան` լիարժէք ապահովելու խաղաղութիւնը:
Շնորհաւորում եմ բոլորիս Արցախի վերածննդի օրուայ առթիւ, մաղթում ամուր կամք եւ լաւատեսութիւն:
Բարին ընդ մեզ»:


