Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական «Գանձասար»-ի. Մշակութասպան Քաղաքականութիւն

February 21, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պաքուի լրագրողը բացայայտած է, որ Ազրպէյճանի կառավարութիւնը մտադրած է հայկական արձանագրութիւնները ջնջել 2020 թուականին Հայաստանի հետ պատերազմի ընթացքին իր վերատիրացած տարածքներուն մէջ գտնուող կրօնական վայրերէն:

Կառավարութիւնը այդ քայլը արդարացուցած է` պնդելով, որ անոնք իրականութեան մէջ ներկայ Ազրպէյճանի մէջ գտնուած հնադարեան թագաւորութեան մը` Կովկասեան Ալպանիոյ ժառանգութիւնն են:

Պաքուի կողմէ ստեղծուած պատմական այս նենգափոխումը կարելի է քողազերծել պատմական ոչ միայն հայկական, այլեւ օտար փաստերով: Այդ մէկը մեր պատմաբաններն ու հետազօտողները կը պարզեն:

Այս առիթով կարեւոր է անգամ մը եւս յիշեցնել կոյր ու խուլ ձեւացող միջազգային հանրութեան, մանաւանդ` ազգերու ժառանգութիւններու պահպանման համար կեանքի կոչուած կազմակերպութիւններուն, որ հայկական մշակութային կոթողներու բնաջնջման քաղաքականութիւնը Ազրպէյճանի համար նոր քաղաքականութիւն չէ: Ան շարունակութիւնն է Նախիջեւանի հայկական խաչքարերու եւ գերեզմաններու բնաջնջման բարբարոսութեան: Շարունակութիւնն է արցախեան 44-օրեայ պատերազմէն անմիջապէս ետք լրատուամիջոցներու տեսախցիկներով վաւերագրուած հայկական խաչքարերու եւ այլ կոթողներու քանդումին, Շուշիի Ս. Ղազանչեցոց եկեղեցւոյ սրբապղծումին: Մէկ խօսքով` Արցախի մէջ հայութեան պատմական ներկայութեան փաստերը բռնարարքներով եւ միջազգային օրէնքներու խախտումով ոչնչացնելու Պաքուի քաղաքականութեան:

Այս բոլորը կու գան հաստատելու մէկ իրողութիւն, որ Արցախն ու արցախահայութիւնը չեն կրնար գոյատեւել Ազրպէյճանի վերահսկողութեան տակ, իսկ Արցախի անկախութեան հռչակումը թէ՛ մշակութային, թէ՛ ցեղային սպանութենէ փրկուելու միակ ելքն էր ու կը շարունակէ մնալ միջազգային օրէնքով իսկ ազատ ինքնորոշման իրաւունք վայելող արցախահայութեան համար:

Այս օրինակը բաւարար է բացատրելու Պաքուի, Սումկայիթի, Կիրովապատի (Գանձակ) եւ Մարաղայի ջարդերուն տուն տուող պատճառներն ու հայութեան անկախ ու ապահով ապրելու համար մղած արդար պայքարը:

Արցախի խաղաղ բնակչութեան դէմ իրականացուած համակարգուած զանգուածային ոճրագործութիւնները իրենց ահաւորութեամբ եւ նպատակով չեն տարբերիր մշակութային ոճիրներէն:

Տակաւին ինչպիսի՞ կենդանի վկայութիւններու կարիք կայ` միջազգային կազմակերպութիւններու ղեկավարներուն ահազանգը լսելու ազրպէյճանական այս բարբարոսութիւններուն դէմ եւ զիրենք մղելու արցախահայութեան իրաւունքներու ճանաչումին:

Նախորդը

Կանացի Աչքերով Շարունակ

Յաջորդը

Արեւմտահայերէնի Ուղղագրութեան Եւ Կէտադրութեան Նուիրուած Նոր Հատոր Մը

RelatedPosts

Վերամուտը` Դասարանէն Անդին
Անդրադարձ

Վերամուտը` Դասարանէն Անդին

September 15, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Աւազակապետութիւնը` Լիբանանի Մէջ. Ջուրէն Մինչեւ Աղբ

September 15, 2026
Ապրուած Օրեր.  Բ. Մեծ Հօրս Մեծ Հին Ռատիոն
Անդրադարձ

Ապրուած Օրեր. Բ. Մեծ Հօրս Մեծ Հին Ռատիոն

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.