Ֆրանսական Մարսէյ քաղաքի հայ համայնքին ներկայացուցիչները, Մարսէյ-Քարապաղ «Քոնֆըրընս Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին 1-16-րդ հանգրուանի մրցումին ընթացքին, որ տեղի ունեցաւ Վելոտրոմի դաշտին վրայ, բողոքի գործողութիւն կազմակերպեցին ազրպէյճանական ակումբին դէմ:
Հարիւրաւոր հայեր, որոնք ներկայ էին այս մրցումին, պարզեցին Հայաստանի եւ Արցախի դրօշակները, ինչպէս նաեւ պաստառներ, որոնց վրայ գրուած էին` «Արցախը Հայաստան է», «Ազրպէյճանը` յանցագործ երկիր»:
Նշենք, որ մրցումը աւարտեցաւ ֆրանսական կազմին յաղթանակով` 3-1 արդիւնքով:


