Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ապտալլա Պու Հապիպ երէկ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ ծովային սահմանագծումի թիւ 23 գիծը ստորագրուած է վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի, ինչպէս նաեւ կարգ մը նախարարներու կողմէ` 2011-ին:
Ան աւելցուց, որ թիւ 29 գիծին մասին տեղեկութիւնները սկսած են շրջանառութեան մէջ դրուիլ հազիւ վերջին տարիներուն ընթացքին:
Պու Հապիպ հաստատեց, որ Լիբանանի համար մերժելի է, որ այդ շրջանին մէջ իր ծովային տարածքը նուազ քան 860 քառ. քմ ըլլայ: «Կը փափաքինք մեր շահերը իրականացնել` նկատի ունենալով բնական կազով հարուստ այս շրջանը: Իսկ այս բոլորին մէջ կարեւորագոյնը այն է, որ Լիբանան պեղման աշխատանքին սկսի», ըսաւ ան:
Պու Հապիպ նշեց նաեւ, որ ծովային սահմանագծումի անուղղակի բանակցութիւնները վարող ամերիկացի միջնորդ Ամոս Հոքշթայն Լիբանանին ներկայացուցած է նոր առաջարկ մը, որուն մանրամասնութիւններուն մասին չենք յայտարարած, սակայն զայն կը գտնենք դրական` բաղդատած նախորդ առաջարկներուն:
«Լիբանանի ծովային սահմանագծումին իմաստով վերջնական համաձայնութիւն չկայ տակաւին», ըսաւ ան:
Պատասխանելով քուէյթեան նախաձեռնութեան գործադրութեան մասին հարցումի մը` Պու Հապիպ յայտնեց, որ ՄԱԿ-ի բոլոր բանաձեւերուն գործադրութիւնը կարիքը ունի գործիքակազմի, «հետեւաբար մենք կարիքը ունինք շրջանային եւ միջազգային գործիքակազմի մը, որ կ՛օժանդակէ մեզի` գործադրելու ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1559 բանաձեւը, որովհետեւ մենք քաղաքացիական Բ. պատերազմ մը չենք փափաքիր», հաստատեց ան:


