Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

February 19, 2022
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 4090 վարակուածներ եւ մահացած 20 ուրիշներ:

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը նուազեցաւ 20.800 լ. ոսկիի:

ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ նախարար Եուսեֆ Խալիլ երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Եոաննա Վրոնեցքան, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի գործակցութիւնը ամրապնդելու միջոցները, որպէսզի կարելի ըլլայ օժանդակել Լիբանանին: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան նաեւ 2022-ի պետական ամավարկի օրինագիծն ու այն միջոցառումները, որոնք պէտք է որդեգրուին` երեսփոխանական ընտրութիւնները յառաջիկայ մայիսին կայացնելու նպատակով:

ԱՇԽԱՏԱՒՈՐԱԿԱՆ ընդհանուր համադաշնակցութեան նախագահ Պշարա Ասմար անհրաժեշտ նկատեց, որ Ընկերային ապահովագրութեան ազգային սնտուկի (Տաման) նիւթական պարտքերը փակուին կառավարութեան կողմէ հրապարակուած բաժնետոմսերով:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Անուար Խալիլ հարց տուաւ, որ արդեօք Լիբանանը ժողովրդավարական, խորհրդարանական հանրապետութիւն մը ըլլալու իր կարգավիճակէն կրնայ վերածուիլ ոստիկանական բռնատիրական կարգավիճակ ունեցող երկրի մը:

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ Գերմանիոյ մէջ կը մասնակցի «Միւնիխի ապահովական խորհրդաժողով»-ի աշխատանքներուն: Նշենք, որ այս խորհրդաժողովը, որ ապահովական ռազմավարութիւններու եւ քաղաքականութիւններու մշակման բարձր մակարդակի հոլովոյթ ունի, իր մէջ կը ներառէ 130 մասնակից երկիր:

ԹԱՈՒՀԻՏ հոսանքի ղեկավար Ուիամ Ուահապ յայտնեց, որ երկրին ծովային սահմանագծումին հարցով լիբանանեան բանակը իրաւունք ունի, որովհետեւ շրջանին մէջ ամէնէն աւելի թեքնիք տեղեկութիւններն ու ամէնէն ատակ թեքնիք յանձնախումբը ունի: Ուահապ նշեց, որ լիբանանեան բանակը թիւ 29 գիծը ի զուր չէ որ ճշդած է:

ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Հասան Եաագուպ յայտնեց, որ Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէ վստահաբար պաշտօնանկ պիտի ըլլայ եւ դատավարութեան պիտի ենթարկուի: Ան հաստատեց, որ իրենք կը մերժեն Սալամէի ապահով դուրս գալը Լիբանանէն:

ՄԱՐՈՆԻՆԵՐՈՒ լիկայի նախագահ, նախկին նախարար Ուատիհ Խազեն յայտնեց, որ միջազգային ընտանիքը շատ խիստ վարուելակերպ պիտի ցուցաբերէ Լիբանանի նկատմամբ, եթէ ան փորձէ երեսփոխանական ընտրութիւնները ճշդուած թուականին չկայացնել:

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով եկեղեցական աղբիւրներէ, կը գրէ, թէ Վատիկանի արտաքին գործոց նախարար գերապայծառ Փոլ Կալակեր անհրաժեշտ նկատած է ներլիբանանեան առումով Հըզպալլայի հետ երկխօսութիւն կատարելու քայլը` աւելցնելով, որ ամերիկեան եւ միջազգային տարբեր կողմերու մօտ Հըզպալլան եթէ դուրս բերուի ահաբեկչական կազմակերպութիւններու անուանացանկէն, ապա անոր հետ մթնոլորտը կը բարելաւուի եւ  յարաբերութիւնները աւելի հեզասահ կ՛ընթանան:

 

Նախորդը

Փետրուարեան Ապստամբութեան 101-Ամեակին Առիթով` 67 Նորագիրներ Միացան ՀՅ Դաշնակցութեան Շարքերուն

Յաջորդը

Պաշտպանութեան Նախարարը Այցելեց Բանակի Հրամանատարութեան Զինուորական Գործողութիւններու Տնօրէնութեան Կեդրոնատեղի

RelatedPosts

Պըրրի. «Թիւ 1701 Որոշումը Լիբանանի  Իր Հողերուն Վերատիրանալու  Իրաւունքը Կ՛երաշխաւորէ»
Գլխաւոր լուրեր

Պըրրի. «Թիւ 1701 Որոշումը Լիբանանի Իր Հողերուն Վերատիրանալու Իրաւունքը Կ՛երաշխաւորէ»

November 7, 2026
Շէյխ Խաթիպ. «Կը Զօրակցինք Երդման Ճառին»
Լիբանանեան

Շէյխ Խաթիպ Դատապարտեց Հինգ Դեսպանատուներու Հաղորդագրութիւնը

November 7, 2026
Պայրագտարեան Ընդունեց ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի  Պատուիրակութիւնը
Լիբանանեան

Պայրագտարեան Ընդունեց ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի Պատուիրակութիւնը

November 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.