Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Փոթորիկներ` Անջրպետին Մէջ Նաեւ

February 19, 2022
| Մանկապատանեկան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

Այս ձմրան ընթացքին մեր մօտ փոթորիկները շատ էին: Նոյն ձեւով սաստիկ փոթորիկներ տեղի ունեցան նաեւ անջրպետին մէջ, արեւուն վրայ, եւ այս պատճառով տասնեակներով ամերիկեան արբանեակներ փճացան: Սակայն գիտէի՞ր, թէ այս երեւոյթը հազուադէպ չէ, անիկա նոյնիսկ պիտի սաստկանայ մինչեւ 2025 թուականը:

***

Փետրուար 3-ին «Սփէյս էքս» ամերիկեան ընկերութիւնը անջրպետ ղրկեց 49 արբանեակ, 210 քմ բարձրութեան վրայ: Անոնք կարելիութիւնը պիտի տային բարելաւելու աշխարհի մէջ համացանցին հետ կապ հաստատելը, սակայն փետրուար 4-ին արեւային փոթորիկ մը ծանր վնասներ հասցուց գրեթէ բոլոր սարքերուն: Անոնք իրենց արագութիւնը կորսնցուցին եւ աստիճանաբար սկսան իյնալ: Ըստ «Սփէյս էքս»-ի, անոնք պիտի այրին եւ պիտի քայքայուին երկրագունդ հասնելէ առաջ:

***

Արեւային փոթորիկները կը յառաջանան արեւուն մակերեսին վրայ տեղի ունեցող ժայթքումներուն պատճառով: Մասնիկներ դուրս կը նետուին մինչեւ աւելի քան ժամական 2 միլիոն քիլոմեթր: Անոնք կը նմանին ճառագայթներու, որոնք կրնան խանգարել եւ փճացնել տան մէջի ելեկտրական գործիքները: Երկրագունդը պաշտպանուած է այս փոթորիկներէն յատուկ վահան-խաւով մը: Սակայն անջրպետին մէջ` քանի մը հարիւր մեթրեր մեր գլուխներուն վերեւ, այս արեւային մասնիկները կը տաքցնեն մթնոլորտը, եւ այս երեւոյթը արբանեակներուն համար կը գործէ արգելակի մը նման: Սարքերը բաւականաչափ արագ չեն դառնար եւ կ՛իյնան:

***

Այս արեւային փոթորիկը տարուան առաջինն էր, սակայն վստահաբար ո՛չ վերջինը: Այժմ արեւուն վրայ մեծ շարժումներ կան, եւ այս ժայթքումները ժամանակի ընթացքին աւելի զօրաւոր պիտի ըլլան մինչեւ 2025 թուական: Ուրիշ արբանեակներ եւս կրնան այս փոթորիկներուն զոհը դառնալ, եւ իբրեւ հետեւանք` երկրագունդին վրայ տեղի կ՛ունենան համացանցի խանգարումներ:

Սակայն այս երեւային փոթորիկները ունին նաեւ դրական ազդեցութիւններ. անոնք կը յառաջացնեն բեւեռափայլեր: Այս երեւոյթը բեւեռներու մօտիկ շրջաններու գիշերային երկնքին մէջ կը յառաջացնէ լուսաւոր եւ գունաւոր սքանչելի տեսարաններ:

Գիտէի՞ր, Թէ…

Մինչեւ այսօր նուազ քան 10 հազար արբանեակներ ղրկուած են անջրպետ: Սակայն «Սփէյս էքս» ընկերութիւնը կը ծրագրէ երկրագունդի շուրջ դարձող 40 հազար արբանեակներ ղրկել անջրպետ: Ասիկա կը մտահոգէ աստղագէտները: Անջրպետի ուսումնասիրութիւններու ընթացքին անոնք կը նեղանան արբանեակներուն վրայ ցոլացող լոյսէն, որովհետեւ ասիկա իրենց արգելք կ՛ըլլայ անջրպետէն նկարներ առնելու համար: «Սփէյս էքս» աշխատեցաւ «մթնցնելու» իր սարքերը, սակայն անջրպետային սարքերուն թիւը անջրպետին մէջ պիտի շարունակուի աւելնալ եւ խճողել երկինքը:

«Գլխիվայր Դարձած» Տունը

Իսկ այս արտասովոր տունը կը գտնուի Քոլոմպիոյ Կուաթավիթա քաղաքին մէջ: «Քասա Լոքա»-ի (խենթ տունը) բացումը տեղի ունեցաւ մօտաւորապէս մէկ ամիս առաջ: Անիկա շինուած է իբրեւ զբօսաշրջիկներու յատուկ այցելութեան վայր մը:

***

Այս արտասովոր տունը ո՛չ միայն «տակն ու վրայ» է, այլ նաեւ` քիչ մը թեքած: Անիկա շատ մեծ յաջողութիւն կը գտնէ: Անոր բազմաթիւ այցելուները այս փորձառութիւնը անհաւատալի եւ շատ հաճելի կը սեպեն: Նման վայրեր գոյութիւն ունին նաեւ ուրիշ երկիրներու մէջ: Այս «Քասա Լոքա»-ն շինած է Քոլոմպիոյ մէջ ապրող աւստրիացի արուեստագէտ Ֆրից Շէլլ:

Տան մէջ իւրաքանչիւր սենեակի կարասիները հաստատուած են առաստաղին վրայ: Մինչ դուռերը, պատուհանները եւ բոլոր զարդարանքները հակառակ ուղղութեամբ ամրացուած են:

***

Այցելուները կը նկարուին այս արտասովոր վայրին մէջ` ձեռքերնին վեր, կամ տարօրինակ ձեւեր առնելով: Ապա պարզապէս երբ նկարները համակարգիչին վրայ 180 աստիճան դարձուին, գետինը պիտի վերածուի առաստաղի, եւ մարդիկը ոտքերնին կախուելու տպաւորութիւնը պիտի յառաջանայ:

Հետաքրքրական

 «Գլխուն Վրայ Դարձած» Շէնք Մը`
Նիւ Եորքի Մէջ

Միացեալ Նահանգներու ամէնէն շատ բնակիչ ունեցող քաղաքին` Նիւ Եորքի մէջ ներկայացուած է արտասովոր շէնքի մը ծրագիրը: Այժմ այս ծրագիրը պարզապէս ճարտարապետներու երեւակայութեան մէջ ծնած գաղափար մըն է:

Եթէ ան օր մը շինուի, Աֆֆիրմէյշըն Թաուր աշտարակը պիտի ունենայ 500 մեթր բարձրութիւն: Անոր ամէնէն նեղ բաժինը պիտի գտնուի վարը: Անոր կերպարանքը պիտի յիշեցնէ մանկութեան շինարարութեան խաղերը, որոնց ընթացքին պէտք էր փայտէ կտորները հաւասարակշիռ ձեւով վրայ վրայի դիզել:

Ժամանց

 

Կրնա՞ս գտնել 2 պատկերներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող 7 տարբերութիւնները:
Կրնա՞ս օգնել իւրաքանչիւր մանուկի` գտնելու համար շոգեկառքին հասցնող ճամբան:
Կրնա՞ս ամբողջացնել թիւերուն տախտակը:
Կրնա՞ս գտնել պատկերին մէջ պահուած առարկաները: Կրնա՞ս գտնել նաեւ նապաստակը, սունկը եւ խոշորացոյցը:

 

 

 

Նախորդը

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

Յաջորդը

Խոհեր` Գիրք Նուիրելու Օրուան Առիթով. Երբ Ձրի Տրուած Գիրքն Անգամ Կը Մերժուի… (19 Փետրուար)

RelatedPosts

Հալոուինի Սովորութեան Ծագումը
Մանկապատանեկան

Հալոուինի Սովորութեան Ծագումը

October 31, 2026
Նոր Ձեւ Մը` Կերպընկալներուն Դէմ Պայքարելու Համար
Մանկապատանեկան

Նոր Ձեւ Մը` Կերպընկալներուն Դէմ Պայքարելու Համար

October 24, 2026
Սեւ Ծաղիկ Մը, Որ  Առանց Լոյսի Կ՛ապրի…
Մանկապատանեկան

Սեւ Ծաղիկ Մը, Որ Առանց Լոյսի Կ՛ապրի…

October 17, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.