Ռուսիոյ եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներ Սերկէյ Լաւրով եւ Ճէյհուն Պայրամով հեռաձայնով քննարկած են Անդրկովկասի կացութիւնը եւ անվտանգութեան երաշխիքներու վերաբերեալ ռուսական նախաձեռնութեան հարցը: Այս մասին կը հաղորդէ «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը` յղում կատաելով Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան հրապարակած մամլոյ հաղորդագրութեան:
«Տեղի ունեցած է միտքերու փոխանակում շարք մը շրջանային եւ միջազգային միտումներու շուրջ: Յատուկ ուշադրութիւն յատկացուած է Անդրկովկասի կացութեան, նախ եւ առաջ Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի յարաբերութիւններու բարելաւման հոլովոյթին», կը նշուի հաղորդագրութեան մէջ:
Այս ծիրին մէջ երկու նախարարները կարեւոր նկատած են Ռուսիոյ, Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի ղեկավարներու 9 նոյեմբեր 2020-ի, 11 յունուար եւ 26 նոյեմբեր 2021-ի եռակողմ յայտարարութիւններու բոլոր կէտերու պարտադիր կատարումը:
Ըստ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ հաղորդագրութեան, կողմերը նաեւ անդրադարձած են «անվտանգութեան կայուն ապահովման իրաւական երաշխիքներու վերաբերեալ ռուսական նախաձեռնութեան քննակման ընթացքին»:
Լաւրով եւ Պայրամով արտայայտած են այն կարծիքը, որ անհրաժեշտ է «իրական բովանդակութիւն հաղորդել ԵԱՀԿ-ի մէջ բարձր մակարդակով ընդունուած մասնակից երկիրներու պարտաւորութիւններուն եւ Եւրատլանտեան տարածքին մէջ ապահովել հաւասար ու անբաժանելի անվտանգութիւն»:
Նախարարները քննարկած են ռուս-ազրպէյճանական ռազմավարական գործընկերութեան զարգացման հեռանկարները, ներառեալ յառաջիկայ հաղորդակցութիւններու ժամանակացոյցը:


