«Մեր սեփական բանակը այսօր ի վիճակի չէ ինքնուրոյն պաշտպանել Հայաստանի սահմաններն ու անվտանգութիւնը», երէկ` 17 փետրուարին հրաւիրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին ըսաւ Հայաստանի երկրորդ նախագահ, «Հայաստան» դաշինքի առաջնորդ Ռոպերթ Քոչարեան` անդրադարձ կատարելով երկրի անվտանգային խնդիրներուն:
Ըստ անոր, պատերազմէն ետք գրեթէ ոչինչ կատարուած է բանակի մարտունակութիւնն ու սպառազինութիւնը վերականգնելու ուղղութեամբ:
Անդրադառնալով անվտանգութեան յաջորդ բաղադրիչին` ՀԱՊԿ-ին, Ռոպերթ Քոչարեան ըսաւ` ՀԱՊԿ-ի անդամ երկիրները, բացի Ռուսիայէն, Ազրպէյճանի ու Թուրքիոյ հետ ունին շատ աւելի ջերմ ու ծաւալուն յարաբերութիւններ բոլոր ոլորտներուն մէջ: Ըստ Ռոպերթ Քոչարեանի, աւելի՛ն, այդ երկիրներու ղեկավարները անձնական յարաբերութիւններու մակարդակով շատ աւելի մտերիմ են Ազրպէյճանի նախագահին հետ:
«Մնա՞լ ՀԱՊԿ-ի մէջ, թէ՞ չմնալ: Վստահաբար, մնալ: Նախ չկայ այնպիսի կառոյց, որ պիտի փոխարինէ ՀԱՊԿ-ը, երկրորդ` այդ կազմակերպութեան մէջ կան բազմաթիւ համաձայնագիրներ, որոնց ծիրին մէջ մեր յարաբերութիւնները Ռուսիոյ հետ ռազմական-արհեստագիտական ոլորտին մէջ որոշ չափով կարգաւորուած են», նշեց Ռոպերթ Քոչարեան:
Հայաստանի երկրորդ նախագահին համաձայն, անվտանգութեան երրորդ բաղադրիչը Ռուսիոյ հետ յարաբերութիւններն են:
«Այսօր միայն այդ գործօնն է մեր անվտանգութեան երաշխիքը: Ասիկա գործող հանգամանք է, բայց պատերազմը այստեղ վեր հանեց որոշ խնդիրներ` Ռուսիոյ հետ սահմանի բացակայութիւնը ցոյց տուաւ օժանդակութեան որոշ սահմանափակումներ», ըսաւ Ռոպերթ Քոչարեան:
Պատերազմէն ետք ստեղծուած իրավիճակին մէջ Հայաստանի համար Ռոպերթ Քոչարեանը երկու ելք հաւանական կը նկատէ:
Ըստ անոր, կա՛մ պէտք է զերոյէն ստեղծել ռազմաարդիւնաբերական նոր համալիր, որ կարելի է ընել միայն Ռուսիոյ օգնութեամբ, կա՛մ պէտք է ընդունիլ թուրք-ազրպէյճանական սպառնալիքը իբրեւ անյաղթահարելի գործօն եւ ենթարկուիլ անոր, տեղի ունենայ Հայաստանի ծրագրաւորուած աճարացում (Աճարիոյ օրինակը կրկնել Հայաստանի մէջ, «Ա.»):
«Երբեք Թուրքիոյի հետ յարաբերութիւններու հաստատմանը դէմ չեմ եղած», ըսաւ Ռոպերթ Քոչարեան` անդրադառնալով այն հարցումին, թէ այս պահուն կողմ չէ՞ք Թուրքիոյ հետ սահմանի բացման: «Դէմ չեմ, պէտք է բանալ, բայց պէտք է մեր գիւղացին պաշտպանել», ըսաւ Քոչարեան:
Ինչ վերաբերի այն հարցումին, թէ Ալեքսանտր Լուքաշենքոն կ՛ըսէ, որ մեր շրջանին մէջ միութիւնները առհասարակ փրկութիւն են եւ կը կարծէ, որ Հայաստանն ալ երթալու տեղ չունի եւ պիտի միանայ միութեան, երբ կանգնինք այդ ընտրութեան առջեւ, ո՞րը պիտի ըլլայ ճիշդ որոշումը` միանա՞լ միութենական պետութեան, թէ՞ ոչ, երկրորդ նախագահը պատասխանեց. «Մենք պէտք է հաշուարկենք, ոչ թէ պէտք է ըսենք, որ կը մտնենք այս միութեան մէջ, այլ պէտք է հասկնանք` մեր մտնելը ի՞նչ պիտի նշանակէ մեզի համար, մտնելէ ետք հինգ, ապա տասը տարուան կտրուածքով մենք ո՞ւր պիտի հասնինք, ի՞նչ պիտի ստանանք: Եթէ այդ հարցումներուն պատասխանները չըլլան, ուղղակի ըսենք` կը մտնենք, ինծի համար այսպիսի մուտքը, այդպիսի քայլը պետութեան կողմէ պիտի ըլլայ անհասկնալի»:


