Միացեալ Նահանգներ կը ձգտին խաղաղ լուծման որոնման մէջ օգնել Հայաստանին ու Ազրպէյճանին, այդ պատճառով ալ սպառազինութիւն չեն վաճառեր այս եւ միւս կողմին: «Թուրան» կը հաղորդէ, որ այս մասին 16 փետրուարին մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարած է Ազրպէյճանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Լի Լիցընպըրկըր:
Դեսպանը, պատասխանելով «Թուրան» լրատու գործակալութեան «Ինչպէ՞ս բացատրել այն, որ Միացեալ Նահանգներու ազգային անվտանգութեան նախկին խորհրդատու Ճոն Պոլթընի Պաքուին եւ Երեւանին ամերիկեան սպառազինութիւն գնելու վերաբերեալ կոչը չէ իրականացուած» հարցումին, ըսած է. «Գլխաւոր այն է, որ Հայաստանին եւ Ազրպէյճանին օգնենք խաղաղութեան հասնելու: Մեր սկզբունքային դիրքորոշումը այն է, որ ո՛չ այս, ո՛չ ալ միւս կողմին մահաբեր սպառազինութիւն մատակարարուի: Մենք նաեւ պատասխանատուութիւն կը կրենք` ըլլալով ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի անդամ: Ընդգծեմ, որ Ռուսիան եւս Մինսքի խմբակի անդամ է, սակայն բոլորովին այլ ձեւ կը վերաբերի իր պարտաւորութիւններուն եւ թէ՛ Հայաստանին, թէ՛ Ազրպէյճանին զէնք կը մատակարարէ: Մենք չենք կարծեր, որ ատիկա խաղաղ լուծման հասնելու համար ընդունելի ուղի է»:
Ան միեւնոյն ժամանակ նշած է, որ Միացեալ Նահանգներ Ազրպէյճանին միջոցներ եւ սարքաւորումներ կը մատակարարեն անվտանգութեան հարցերու լուծման համար:
«Վերջին տարիներուն այդ մատակարարումներուն ծաւալները գերազանցած են 100 միլիոն տոլարը: Անոնք ոչ թէ զէնք են, այլ սարքաւորումներ ու միջոցներ` սահմաններու պահպանութեան, Կասպից ծովու ազգային հատուածի հսկողութեան համար, ռենթկեն սքանըրներ` մաքսանենգութիւնը կանխարգիլելու համար: Նախ եւ առաջ, ատիկա կը վերաբերի երկրի հարաւային սահմաններուն, ուր թմրեցուցիչներու մեծ հոսք կը նկատուի:
«Այն բանէն ետք, երբ Ազրպէյճանը վերականգնեց հարաւային սահմաններու զգալի մասին վրայ իր վերահսկողութիւնը, Միացեալ Նահանգներ զգալի օգնութիւն ցուցաբերած են այդ հատուածի յուսալի պահպանութիւնը ապահովելու համար սարքաւորումներ մատակարարելու հարցին մէջ: Վերջին երկու տարիներու վիճակագրութիւնը կը վկայէ այդ ուղղութեամբ գրաւուած թմրեցուցիչներու կրկնակի աճի մասին: Ասիկա կը ցուցադրէ, թէ որքա՛ն արդիւնաւէտ է այդ օգնութիւնը», ըսած է դիւանագէտը:
«Միւս ուղղութիւնը Կասպից ծովուն մէջ անվտանգութեան ապահովումն է, քարիւղակազային կարեւորագոյն ենթակառոյցներու եւ քարիւղամուղներու պահպանութիւնը: Այդ նպատակով Ազրպէյճանին յանձնուած են առափնեայ ռատարներ, երկակենցաղ նաւակներ եւ սարքաւորումներ Կասպից ծովու ազգային հատուածի ամբողջական հսկողութեան համար», ըսած է դիւանագէտը:


