Երէկ` երեքշաբթի, 15 փետրուարին, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցաւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ:
Արարատ Միրզոյեան եւ Սերկէյ Լաւրով անդրադարձան 9 նոյեմբեր 2020-ին, 11 յունուար եւ 26 նոյեմբեր 2021-ի եռակողմանի յայտարարութիւններով ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու կատարման ընթացքին: Զրուցակիցները ընդգծեցին հայ-ազրպէյճանական սահմանին կայունութեան եւ անվտանգութեան մակարդակը բարձրացնելու վերաբերող քայլերու ձեռնարկումը եւ սահմանազատման ու սահմանագծման հարցերով մեքանիզմներու ձեւաւորումը:
Հայաստանի եւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարները նաեւ անդրադարձան երկկողմանի եւ բազմակողմանի հարթակներու վրայ համագործակցութեան, ինչպէս նաեւ` շրջանային եւ միջազգային օրակարգի հարցերու:
Միտքեր փոխանակուեցան Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման հոլովոյթին վերաբերեալ:


