Լիբանանի ֆութսալի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան դարձի Գ. հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, վաղը` կիրակի, 13 փետրուարին ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ իր դէմ պիտի ունենայ Մուաուատը:
Այս մրցումը, որ պիտի սկսի ժամը 20:00-ին, տեղի պիտի ունենայ Էմիլ Լահուտի անուան մարզահամալիրին մէջ (Մար Ռուքոզ):
ՀՄԸՄ-ի կազմը այժմ 21 կէտով կը գրաւէ դասաւորման պարագլուխի դիրքը, մինչ Մուաուատ 11 կէտով` 4-րդ դիրքը:


