Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ

February 22, 2012
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՖՐԱՆՍԱՅԻ արտաքին գործոց նախարարութիւնը շեշտեց, որ սուրիական բանակին լիբանանեան հողեր մուտքը լիբանանեան գերիշխանութեան դէմ ոտնձգութիւն կը նկատուի:

ՎԱՐՉԱՊԵՏ Նեժիպ Միքաթիի մօտիկ աղբիւրներ «Ժումհուրիա» օրաթերթին յայտնեց, որ ինք կառչած կը մնայ վարչապետին իրաւասութիւններուն:

ԹԱՈՒՀԻՏ հոսանքի նախագահ, նախկին նախարար Ուիամ Ուահապ կոչ ուղղեց Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի` պայքարը դէպի տիւրզի համայնք չփոխադրելու: «Արդեօք ան մեզի դէմ կը սպառնայ նոր Այն Տարայո՞վ մը», հարց տուաւ Ուահապ:

Ան կոչ ուղղեց տիւրզի համայնքին միասնականութեան:

ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Ատնան Արաքժի երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նկատել տուաւ, որ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի կեցուածքները բաւական վտանգաւոր են, որովհետեւ անոնք կրնան տիւրզի համայնքը երկփեղկել:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Հատի Հպէյշ յայտնեց, որ եթէ աշխատանքի նախարար Շարպել Նահհաս չստորագրէ փոխադրածախսի համաձայնութիւնը, ապա ինք խորհրդարանին ներկայացուելիք ոչ մէկ համաձայնագիրի ի նպաստ պիտի քուէարկէ:

ՊԵՏԱԿԱՆ նախարար Ահմետ Քարամէ յայտնեց, որ վարչապետ Միքաթի ոչ ոքի համար զիջումներ պիտի կատարէ` աւելցնելով, որ ներկայ կացութիւնը աղէտալի է:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Էլի Մարունի «Շարք» օրաթերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն ինքնիրմէն բացի ոչ ոք ատակ կը տեսնէ հանրապետութեան նախագահութեան: Ան շեշտեց, որ զօր. Աուն երբեք պիտի չհասնի այդ պաշտօնին:

ԶՈՒՔ Մուսպեհի մէջ, ինքնաշարժի արկածի պատճառով հրկիզուեցաւ մարդատար մը, որուն մէջ բռնկած հրդեհը պատճառեց վեց վիրաւոր: Վիրաւորները իսկոյն փոխադրուեցան շրջանին մօտակայ հիւանդանոցները:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, հաւանական է, որ յառաջիկայ ուրբաթ օր կառավարութիւնը գումարէ նիստ մը:

ՏՆՏԵՍՈՒԹԵԱՆ նախարար Նիքոլա Նահհաս շեշտեց, որ Սուրիոյ նկատմամբ ցուցաբերուած ինքզինք չէզոք պահելու Լիբանանի կեցուածքը լաւագոյնս կը ծառայէ երկրին եւ քաղաքացիներուն գերագոյն շահերուն:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Աթեֆ Մաժտալանի յայտնեց, որ Լիբանանի կառավարութիւնը երկիրը կը զետեղէ արաբական միասնականութեան դէմ:

ԳԵՐՄԱՆԱԿԱՆ «Ուելթ օնլայն» օրաթերթը շեշտեց, որ Ծոցի երկիրները կազմ ու պատրաստ են` քննարկելու Հըզպալլայի ապազինման մանրամասնութիւնները:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ երեսփոխան Սելիմ Սալհապ յայտնեց, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման փաստած է, թէ ինք համախոհական նախագահ մը չէ եւ ամէն ջանք ի գործ չի դներ` երկրին սահմանադրութիւնը պաշտպանելու համար:

ԱՄԱԼ շարժումի քաղաքական խորհուրդի անդամ Հասան Քապալան շեշտեց, որ Թուրքիա ինքզինք միջազգային տագնապներու միջամուխ կը դարձնէ` առանց համապատասխան կարողութիւնը ունենալու:

ՊԵՏԱԿԱՆ նախարար Մարուան Խէյրէտտին ընդունեց Լիբանանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասպիքինը, որուն հետ քննարկեց արաբական երկիրներուն մէջ բարեկարգումներ կատարելու հեռանկարները:

ԻԹԹԻՀԱՏ կուսակցութեան նախագահ, նախկին նախարար Ապտել Ռահիմ Մըրատ յայտնեց, որ Սուրիոյ մէջ «Համատ պըն Ժասեմ»-ի կուսակցութիւնը մեծագոյն կուսակցութիւնն է, որ կազմուած է դրամէ, զէնքէ եւ «Ժազիրա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանէն:

ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Սելիմ Աուն յայտնեց, որ իրենք Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան հետ զինադուլի մէջ են, որովհետեւ կը գործեն իբրեւ մէկ կառավարութիւն:

 

 

Նախորդը

ԼԻԲԱՆԱՆ ԵՒ ՌՈՒՍԻԱ «ՍՈՒՐԻՈՅ ԲԱՐԵԿԱՄՆԵՐ»-ՈՒ ԽՈՐՀՐԴԱԺՈՂՈՎԻՆ ՊԻՏԻ ՉՄԱՍՆԱԿՑԻՆ «ՌՈՒՍԻԱ ԵՒ ՉԻՆԱՍՏԱՆ ՊԷՏՔ Է ՍՈՒՐԻՈՅ ՀԱՐՑՈՎ ԻՐԵՆՑ ԿԵՑՈՒԱԾՔԸ ՓՈԽԵՆ» Կ՛ԸՍԷ ՔԼԻՆԹԸՆ

Յաջորդը

ՄԻՔԱԹԻ ՎԱՐՉԱՊԵՏԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՇԱՐՔ ՄԸ ԱՅՑԵԼՈՒՆԵՐ

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.