Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԵՒՐՈՅԻ ԳՕՏԻԻ ԱՆԴԱՄՆԵՐԸ ՀԱՍՏԱՏԵՑԻՆ ՅՈՒՆԱՍՏԱՆԻ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ԾՐԱԳԻՐԸ

February 22, 2012
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

«ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Եւրոյի գօտիի ելեւմուտքի նախարարները երեքշաբթի օր հաստատած են Յունաստանին 130 միլիառ եւրոյի ելեւմտական օգնութիւն տրամադրելու ծրագիրը:

Եւրոպական երկիրներու ելեւմուտքի նախարարները երկարատեւ բանակցութիւններէ ետք կազմած են վերջնական յայտարարութիւն:

Երեքշաբթի երեկոյեան եւրոյի գօտիի ելեւմտական կառոյցներու ղեկավարները հաւաքուած էին` քննարկելու համար Յունաստանի ելեւմտական օգնութեան երկրորդ թղթածրարը արգելակումէն հանելու հարցը, որուն տրամադրման շուրջ համաձայնութիւն գոյացած էր Եւրոպական Միութեան դեկտեմբերեան վեհաժողովի ժամանակ: Այս ժողովը պէտք էր անցեալ շաբաթ տեղի ունենար, սակայն Յունաստանի կառավարութիւնը Եւրոպական Միութեան չէր տրամադրած համապատասխան երաշխիքներ, որ պիտի կատարէ իր ստանձնած պարտականութիւնները:

Յունաստանի վարչապետ Լուքաս Փափատեմոս յայտարարեց, որ Յունաստանը վարկաւորելու համաձայնութիւնը պատմական իրադարձութիւն է: «Այս օրը Յունաստանի տնտեսութեան համար պատմական նշանակութիւն ունի: Անհրաժեշտ է շտապ կերպով իրագործել ծրագիրը: Տակաւին շատ բան անհրաժեշտ է կատարել, որպէսզի վարկային համաձայնութիւնը ստորագրելու համար պահանջուող գործողութիւնները աւարտին», ըսած է ան:

Ան յայտարարեց, որ «մենք շատ գոհ ենք» պետութեան դրամատուներուն ունեցած պարտքէն 107 միլիառ տոլար` պարտքերուն 53.5 առ հարիւրին զեղչումին եւ մինչեւ 2014-ի աւարտը 130 միլիառ եւրոյի փոխատուութիւններ տալու շուրջ համաձայնութեան համար: Ան վստահութիւն յայտնեց, որ յունական կառավարութիւնը ապրիլին նախատեսուած խորհրդարանական ընտրութիւններէն ետք եւս նոյնքան վճռակամ պիտի ըլլայ ծրագիրի գործադրութեան համար, «որովհետեւ ատիկա ի շահ յոյն ժողովուրդին է»:

Եւրոյի գօտիի երկիրները առաւօտեան համաձայնութիւն գոյացուցին Յունաստանը սնանկութենէ փրկելու 230 միլիառ եւրօ արժողութեամբ նոր ծրագիրի մը շուրջ:

 

 

Նախորդը

«ԱԶԴԱԿ»-Ի ՖՈՆՏԻՆ

Յաջորդը

ԼԻԲԱՆԱՆ ԵՒ ՌՈՒՍԻԱ «ՍՈՒՐԻՈՅ ԲԱՐԵԿԱՄՆԵՐ»-ՈՒ ԽՈՐՀՐԴԱԺՈՂՈՎԻՆ ՊԻՏԻ ՉՄԱՍՆԱԿՑԻՆ «ՌՈՒՍԻԱ ԵՒ ՉԻՆԱՍՏԱՆ ՊԷՏՔ Է ՍՈՒՐԻՈՅ ՀԱՐՑՈՎ ԻՐԵՆՑ ԿԵՑՈՒԱԾՔԸ ՓՈԽԵՆ» Կ՛ԸՍԷ ՔԼԻՆԹԸՆ

RelatedPosts

Քրեմլին. «Գերմանիոյ Մէջ Ամերիկեան  Եռահաս Հրթիռներու Տեղակայումը Պաղ  Պատերազմին Վերադառնալ Է»
Միջազգային

Քրեմլին. «Մտադիր Ենք Կապ Հաստատելու Եւրոպացիներուն Հետ` Հասկնալու Համար, Թէ Խաղաղութիւն Փափաքող Դաշինք Կը Ներկայացնե՞ն»

November 24, 2026
Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի  Շղթայազերծման Որոշումը  Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի Շղթայազերծման Որոշումը Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան

November 21, 2026
Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան  Եռակողմ Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան Եռակողմ Վեհաժողով

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.