Թուրքիոյ ուժանիւթի նախարար Ֆաթեհ Տէօնմեզ Պաքուի մէջ «Կազի հարաւային միջանցք» ծրագիրի խորհրդատուական խորհուրդի 8-րդ ժողովին ընթացքին յայտարարեց, որ Թուրքիան կը զօրակցի բնական կազի անդրանատոլական ԹԱՆԱՓ խողովակաշարի կարողականութեան յաւելման:
Ազրպէյճանական կազի տեղափոխման յատկացուած «Կազի հարաւային միջանցք» ծրագիրին նպատակը Եւրոպական Միութեան ուժանիւթի մատակարարման անվտանգութեան ապահովման եւ աղբիւրներու բազմազանման իրականացումն է:
Տէօնմեզ նշեց, որ ԹԱՆԱՓ-ը, որ «Կազի հարաւային միջանցք»-ին մէկ մասը կը նկատուի, կարեւոր ծրագիրներէն մէկն է, որ շատ արագ կերպով որդեգրուած ու գործադրուած է:
Ան ըսաւ, որ ԹԱՆԱՓ-ը այն մեծ ծրագիրներէն մէկն է, որ կը նպաստէ ո՛չ միայն Թուրքիոյ, այլ նաեւ Եւրոպայի կազի կարիքներու բաւարարման:
Տէօնմեզ յայտնեց, որ ԹԱՆԱՓ-ը այժմ տարեկան 16 միլիառ խորանարդ մեթր բնական կազ կը տեղափոխէ` 6 միլիառ խորանարդ մեթրը` Թուրքիոյ կարիքներուն բաւարարման համար, իսկ 10 միլիառը կ՛երթայ Եւրոպա:
«Խողովակաշարի ծրագրման ընթացքին ծրագրուած է անոր տարեկան կարողականութիւնը ապագային 31 միլիառ խորանարդ մեթրի բարձրացնել` առաջարկին ու պահանջարկին համաձայն: Թերեւս միասնաբար պիտի տեսնենք, որ խողովակաշարը առանց երկար սպասումի պիտի հասնի այն ծաւալին, որուն համար ստեղծուած էր: Կը զօրակցինք ծաւալի յաւելման», աւելցուց թուրք նախարարը:
ԹԱՆԱՓ-ի բացումը կատարուած էր 2018 թուականին:


