Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ապերախտութեան Ճամբա՞ն, Թէ՞ Քննադատութեան Ոգին

February 5, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՌԱԶՄԻԿ ՃՈՒԼՖԱՅԵԱՆ

Ապերախտութիւն եւ քննադատութիւն. բառեր, որոնք այսօր դժբախտաբար ցայտուն կերպով առկայ են մեր ընկերութեան մէջ:

Բառեր, որոնք յաճախ մտածելու առիթ կու տան այն դժբախտութեան մասին, թէ որքա՛ն հեռու ենք քրիստոնէական եւ ազգային արժէքներէ` իբրեւ մարդ, հայ եւ քրիստոնեայ:

Լիբանանեան ճգնաժամային այս դժուար օրերուն, հակառակ ամէն տեսակի դժուարութեանց, լիբանանահայ մեր գաղութը, բաղդատաբար միւս գաղութներուն, առաւել կամ պակաս չափով վայելեց եւ օգտուեցաւ զանազան տեսակի բարերար մարդոց օժանդակութիւններէն, որոնք թէ՛ վեհափառ հայրապետին ճամբով, թէ՛ Ազգային առաջնորդարանին ճամբով եւ թէ՛ կուսակցութեանց ճամբով հասան մեր հայ ընտանիքներուն: Մարդիկ երբեք չգիտցան կամ չզգացին սոյն օժանդակութիւնները ապահովելու դժուարութեանց եւ կամ վազվզուքներու մասին, անոնք երբեմն մոռցան շնորհակալութիւն յայտնել, գնահատել, բաւարարուիլ եւ գոհանալ: Վնաս չունի, որովհետեւ այն ինչ որ մեր պատասխանատուները կ՛ընեն, անով իրենց մարդկային եւ քրիստոնէական մօտեցումն է, որ ցոյց կու տան, առանց իրենց ըրածին դիմաց ակնկալելիք մը ունենալու, նոյնիսկ առանց գնահատանքի սպասելու:

Դժբախտաբար ապերախտութիւնն ու քննատադութիւնը այսօր որոշ մարդոց համար հոմանիշներ են միայն, մինչդեռ եթէ ուզենք մտածել այս երկու բառերուն ճիշդ իմաստին մասին, պիտի տեսնենք, որ անոնք ամբողջութեամբ հակառակ են իրարու:

Ապերախտ մարդիկ այս բոլորը դիտեցին հետեւեալ ակնոցներով.

– Այս բոլորը ըրին, որպէսզի նկարուին…

– Այս բոլորը ըրին, որպէսզի իրենց թերութիւնները ծածկեն…

– Այս բոլորը ըրին, որպէսզի երեւին…

– Այս բոլորը ըրին, որպէսզի իրենք ալ օգտուին, եւ յայտնի չըլլայ….

– Այս բոլորը ըրին եւ կ՛ընեն ընտրութիւններուն ձայն ապահովելու համար…

– Այս բոլորը ըրին եւ կ՛ընեն, որպէսզի ժողովուրդը խաբեն…

Քննադատական ակնոցով մեկնաբանողներ մտածեցին հետեւեալ ձեւով.

– Օժանդակութիւնները բոլորին չհասան. աւելի լաւ կ՛ըլլար, եթէ այս աշխատանքը աւելի կազմակերպուած ըլլար…

– Քիչ թող բաժնէին, բոլորին տային…

– Բոլորին վարձքը կատար, ժամանակին հասաւ` բայց քիչ էր…

Շատեր երեք անգամ առին մենք մէկ անգամ` բայց լաւ որ այդ մէկ անգամն ալ առինք…

Նման արտայայտութիւններ, որոնք երբեմն փաստեցին որոշ մարդոց տգիտութիւնը, նկարագրային եւ անմարդկային մօտեցումները, առանց նայելու իրենց շուրջ` իրենց դրացիին, բարեկամին, ընկերոջ, որոնք ուրիշ համայնքային պատկանելիութիւն ունին, եւ ոչինչ ստացան:

Օտարներ արտայայտուեցան եւ ըսին` երանի հայերուն, երանի հայ ըլլայինք, երանի մեր մեծերն ալ հայերուն մեծերուն պէս քիչ մը իրենց ժողովուրդով զբաղէին…

Ահա այս բոլոր մտորումներէն մեկնած սկսայ մտածել եւ հարց տալ ես ինծի` ապերախտութեան ճամբա՞ն, թէ՞ քննադատութեան ոգին, բայց հասայ այն իրականութեան, որ աւելի լաւ է քննադատող ոգի ունենալ, քան ապերախտ մարդ ըլլալ եւ այդ ճամբէն քալել:

Յաճախ մարդիկ ամէն ինչ ունենալով, միեւնոյնն է, կը փնտռեն աւելին…

Յաճախ անոնց չի բաւեր այն, ինչ ընդհանրապէս մենք կու տանք իրենց…

 

 

 

Նախորդը

Մէկ Տարուան Բացակայող Ժպիտ (Տիկին Լիւսիի Յիշատակին)

Յաջորդը

Ո՞վ Ունի «Մանդատ» Ազգային Աղէտը Կասեցնելու

RelatedPosts

Խմբագրական «Մարզիկ»-ի- Թիւ 442-ի.  Նշաձողը Բարձր Պահելու Հրամայականը
Անդրադարձ

Խմբագրական «Մարզիկ»-ի- Թիւ 442-ի. Նշաձողը Բարձր Պահելու Հրամայականը

November 7, 2026
Թշնամիները Դուրսէն, Փաշինեանը Ներսէն. Հայաստան Երկու Ճակատի Վրայ Սպառնալիքներու Դէմ Յանդիման Է
Անդրադարձ

Թշնամիները Դուրսէն, Փաշինեանը Ներսէն. Հայաստան Երկու Ճակատի Վրայ Սպառնալիքներու Դէմ Յանդիման Է

November 7, 2026
Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Համազգային Համախմբում

November 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.