ՅԱԿՈԲ ՀԱՒԱԹԵԱՆ
Կեանքի մէջ կան երեւոյթներ, որոնք կարելի չէ բովանդակ կերպով թարգմանել կամ հասկնալ: Մեր միջավայրին մէջ կը հանդիպինք տիպարներու, որոնք իրենց ապրելակերպով, կենցաղով ու նկարագիրով մեզ կը մղեն ամէն օր քիչ մը աւելիով մտածելու մարդկային արժանիքներու մասին ու պեղելու կեանքը իմաստաւորող յատկանիշներու խորքը: Չենք խօսիր գիւտարար հանճարներու, քաղաքագէտներու, Նոպէլեան մրցանակակիրներու մասին, այլ` այնպիսի անհատներու մասին, որոնք բարութիւն, ժպիտ եւ կարեկցանք կը բաշխեն ամէնուրեք եւ կ՛արժանանան բոլորին յարգանքին: Անոնք իրենց ապրած կեանքով նաեւ կ՛իմաստաւորեն մարդկային առաքինի յատկանիշները ու արժանավայել կերպով կը դառնան հոմանիշ այդ առաքինութիւններուն:
Մէկ տարի առաջ անսպասելի ու անակնկալ կերպով այս կեանքին հրաժեշտ տուաւ տիկին Լիւսին: Մարդը սիրող, մարդկային առողջ յարաբերութիւնները գերադասող, իր ընտանեկան օճախը միշտ հարազատներու, բարեկամներու, արուեստագէտներու ու մտաւորականներու բազմութեամբ շէնցնող, իր տածած սիրով ու կարեկցանքով ամենամեծ հոգեկան հարստութիւնը նուաճած տիկին Լիւսին անաղմուկ բաժնուեցաւ բոլորէն ու գնաց բոլորին մէջ դրոշմած իր էութեան մաս կազմող քաղցրահամ եւ անկեղծ խօսքն ու համակող ժպիտը: Վստահաբար բոլորն ալ ցաւ զգացին, որ չկրցան իրենց վերջին յարգանքի եւ երախտագիտութեան արտայայտութիւնը փոխանցել ու իր շիրիմին վրայ մոմ մը վառել:
Մեկնեցաւ տիկին Լիւսին, բայց մնաց իր կտակը, որ կարելի է ամփոփել հետեւեալ հասկացողութիւններու ու իրողութեանց մէջ.
Ա.- Հայ ընտանիքը իրեն համար մնաց գերագոյն արժէք: Հայոց լեզուի, աւանդութիւններու եւ հայկականութեան պահպանումը իր կեանքի ընթացքին մնաց առաքելութիւն ու մեծ նուիրումով սպասարկեց ու ծառայեց այդ նպատակին:
Բ.- Ան օժտուած էր, բառին ամբողջական իմաստով, ազնուականութեամբ եւ, փաստօրէն, անոր ամբողջ կեանքը դարձաւ ազնուականութեան հոմանիշ: Այս յատկութիւնը ան ժառանգած էր իր հօրմէն եւ իր կեանքի ընկերոջ` պարոն Կարպիսին հետ միասին, արժանավայել կերպով շարունակեց հաւատարիմ մնալ այդ սկզբունքին: Բարեկեցութիւնը ամբողջականօրէն ծառայեցուց համամարդկային վեհ իտէալներու նուիրուածութեան եւ բարեգործութեան, բարերարութեան եւ այլոց օգտակար դառնալու իր կեանքի երթը դարձաւ ուրախութեան եւ գոհունակութեան իր անսպառ աղբիւրը:
Գ.- Տիկին Լիւսի յարգեց մարդը եւ այդ յարգանքը տածեց մանաւանդ համեստ խաւի մարդոց նկատմամբ: Ինք արդէն օժտուած էր համեստութեան ու պարզութեան եզակի նկարագիրով: Դարձաւ զրուցակից ու բարեկամ բոլորին հետ եւ փորձեց գնահատել ու արժեւորել բոլորին արժանիքները: Իր պատրաստած համադամ ճաշերով ընտանեկան սեղաններուն շուրջ մի՛շտ համախմբեց հարուստն ու աղքատը միաժամանակ եւ այս իրողութիւնն ու կենսակերպը դարձուց վաւերական պատգամ:
Դ.- Հայ մշակոյթին, գիրին ու գրականութեան հանդէպ իր տածած անկեղծ սէրը դարձաւ պաշտամունքի համազօր երեւոյթ եւ ամէն վայրկեան ապրեցաւ արուեստով, ստեղծագործեց մինչեւ իր կեանքի վերջին օրը ու ինքնակամօրէն ստանձնած կոչումով հայկական արուեստին ծառայեց իր նիւթաբարոյական բոլոր հնարաւորութիւններով:
Ե.- Իր բարեգործութիւնները կատարեց ամչկոտութեամբ` միաժամանակ ապրելով բոլորին ցաւը ու կիսելով բոլորին տառապանքը: Այդ բարեգործութիւնները բաշխած միջոցին մի՛շտ ալ արցունքի երկու կաթիլ քանդակուած մնացին անոր ժպիտին խորքը եւ մայրական ապրումն ու զգացումը մնացին գերիվեր` բոլորին նկատմամբ անխտիր:
Զ.- Մեր հաւաքական կեանքը յուզող բոլոր խնդիրները դարձուց իր մտահոգութեանց առանցքը եւ փորձեց այդ բոլորին յաղթահարման համար իր ճիգը ներդրել մի՛շտ իւրայատուկ պատրաստակամութեամբ:
Այո՛, բարոյական անսպառ կտակ մը թողած մեկնեցաւ: Մեկնեցաւ անձայն, բայց, վստահ եմ, նոյն անփոխարինելի ժպիտով: Այդ ժպիտը դարձաւ իրեն անբաժան ու հաւատարիմ բարեկամ` կեանքի ողջ ընթացքին:
Անդենականին մէջ անգամ ան կը շարունակէ ժպտիլ, եւ վստահ եմ, որ այս տողերը կարդալու ընթացքին նորէն ամչկոտ հայեացքով մը, բարի ու անկեղծ ժպիտով զանոնք պիտի դիմաւորէ: Բայց իր ժպիտին առթած լոյսը անկորնչելի է, իր գործը յաւերժ, ու իր ապրած կեանքը բոլորին համար անպայման որ պիտի մնայ իտէալ:
Իր մահուան տարելիցին առիթով Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահի մեծ ընտանիքին անունով մեր խորին ցաւակցութիւնները կը յայտնեմ պարոն Կարպիս Թիւթինճեանին, ընտանիքի բոլոր հարազատներուն եւ տիկին Լիւսիի բոլոր բարեկամներուն:
Սիրելի՛ տիկին Լիւսի, իրաւա՛մբ վարձքդ կատար, շարունակէ վերէն ժպտիլ ու լուսաւորել մեր կեանքի երթը եւ կը ներես, որ դարձեալ նեղ կացութեան մատնեցի քեզ եւ քիչ մը դարձեալ քու մասիդ խօսեցայ, բայց մի՛ մեղադրէր, շատ կարօտցած ենք եւ մանաւա՛նդ բոլոր դժուարութիւններու եւ ցաւերու սպեղանի աննման ժպիտիդ…
Պիտի փորձենք ժպտիլ ու մնալ կտակիդ հաւատարիմ, աննմա՛ն տիկին Լիւսի:


