Արդէն վաղուց եկած է ժամանակը մեր պետական երեսնամեայ փորձառութեան վիճակացոյցը մօտէն քննելու եւ անկեղծ ու խստապահանջ, անկեղծ ու անխնա՛յ, գնահատական տալու մեր ազգային իրականութեան:
Այս մէկը կենսական նշանակութիւն ունի այսօր, քանի որ մենք ձախողած ենք որպէս պետականութիւն: Մենք եղած ենք անձեռնհաս` մեր երկրի ներքին եւ արտաքին սպառնալիքները դիմագրաւելու գործին մէջ: Մենք եղած ենք անիրազեկ` մեզ շրջապատող թշնամիի բնոյթին, կարողականութիւններուն, իսկական դիտաւորութիւններուն եւ տարածաշրջանային ռազմավարութեան: Մենք ապրած ենք բոլորովին անբաւարար տեղեկոյթով մեր «դաշնակից»-ներու տարածաշրջանային ռազմավարութեան մասին: Մենք եղած ենք ընդհանրապէս մակերեսային եւ տգէտ` աշխարհակարգի էութեան կապակցութեամբ: Մենք չենք եղած դերակատար` աշխարհակարգի մեզի բաժին ինկած ոլորտին տիրութիւն ընելու գործին մէջ: Զայն տիրականօրէն կառավարելու մեր պատմական պարտաւորութեա՛ն մէջ:
Ես կը խնդրեմ սխալ չհասկնալ վերոյիշեալ դիտարկումներուն էութիւնը: Մեր երկիրը ունեցած է եւ ունի փայլուն մասնագէտներ քաղաքագիտութեան ոլորտին մէջ: Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Պատմութեան եւ Արեւելագիտութեան զոյգ հիմնարկները եւ մեր համալսարաններու համապատասխան բաժանմունքները, իրենց բոլոր բացերով հանդերձ, քաղաքական գրագիտութեան անզուգական օրրաններ են: Հայ քաղաքական միտքը առհասարակ կը գործէ ժամանակի ոգիին եւ հրամայականներուն համապատասխանող տեսլականով եւ զգայնութիւններով: Մասնագիտական մտածողութիւնը չէ, որ բացակայ եղած է մեր կեանքէն:
Ըստ իս, շան գլուխը թաղուած է մեր երկրի քաղաքական գործընթացին մէջ: Ինչպէս թերաճ երկիրներու պարագային, ճակատագրական վիհ մը հետեւողականօրէն կը բաժնէ մեր երկրի քաղաքական միտքը երկրի ղեկավար գործընթացներէն: Քաղաքական մտքի բանավէճը եւ անկէ բխող իմաստութիւնը շատ տարտամօրէն եւ պատահականօրէն միայն կը դրսեւորուի քաղաքական գործիչներու մտածողութեան մէջ: Փաստը այն է, որ միտքը եւ գործը լայն չափերով խզուած են իրարմէ: Անոնք նոյնիսկ չեն սիրեր զիրար: Անոնք դժուարաւ կը հանդիպին իրարու: Աւելի՛ վատը: Երկրի ղեկավար վերնախաւը կը մերժէ քաղաքական միտքը ընդգրկել իր կեանքին մէջ: Ան խորթ է քաղաքական մտքի զարգացման տարերոյթին (dynamics): Ան շատ հեռու է քաղաքական մտքի բառապաշարն ու խօսոյթը հասկնալէ, քանի որ ան չէ աճած քաղաքական մտքին հետ միասին:
Այս պարագային, մեզ պէտք է շահագրգռէ, թէ իսկապէս ի՛նչ տեղի ունեցած է եւ տեղի կ՛ունենայ երկրի կառավարման որոշողական (decision-making) ոլորտներուն մէջ: Որո՞նք են, որ կը տիրապետեն սանձերուն:
Յիշեցնե՛մ: Դեռ վերջերս վարչապետ Փաշինեան ՀՀ Ազգային ժողովի ամպիոնէն բացէ ի բաց կը յայտարարէր, որ ինքն է միակ որոշողը Հայաստան-Թուրքիա բանակցային գործընթացի ուղղութիւնները ճշդելու գործին: Ինքն է միակ իշխանութիւնը: Պարզ խօսքով, չկան եռեակ իշխանութիւններ: Չկայ տարանջատութիւն` յիշեալ իշխանութեանց միջեւ: Չկայ խորհրդակցութիւն` ընդդիմութեան ուժերուն հետ: Ինք ունի «մանդատ» ամէն ինչ ընելու: Ինք ունի «մանդատ» նոյնիսկ երկիրը յանձնելու թշնամիին: Ճիշդ ինչպէս` ի՛նքն էր 2020-ի նոյեմբեր 9-ի եւ 2021-ի յունուար 11-ի անձնատուութիւնները ճարտարապետողը: Իր վերջին «ասուլիս»-ը անգամ մը եւս բացայայտեց, որ իր մտածողութեամբ, Արցախը յստակօրէն կը մտնէ Ազրպէյճանի հողային ամբողջականութեան մէջ: Ինք պատրաստ է պաշտօնական ճանաչում տալու 1921-ի Կարսի ապօրինի եւ հայրենակործան պայմանագրին: Ինք պատրաստ է ՀՀ տնտեսութեան դռները լայն բանալու թրքական ապրանքի ներխուժման եւ dumping-ին առջեւ` գիտնալով հանդերձ, որ թշնամին եկած է ՀՀ արտադրական համակարգը փճացնելու: Ինք պատրաստ է Հայաստանի տնտեսական տարածքը յանձնելու Թուրքիոյ` յուսալով, որ թրքական ներդրումները (ի՜նչ բանէ մղուած) աշխատատեղեր կը ստեղծեն հայ աշխատաւորութեան համար իր իսկ երկրին մէջ… Ինք ունի «մանդատ» այս աղէտը նիւթելու երկրի գլխուն: Ունի «մանդատ» ՀՀ արտաքին քաղաքականութեան ռազմավարական ամբարտակները ամէն քայլափոխի պայթեցնելու… Ինք ունի՛: Եւ հիմա հարց տանք, թէ ԻՍԿԱՊԷՍ Ո՞Վ ՈՒՆԻ «ՄԱՆԴԱՏ» ԱՅՍ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՂԷՏԸ ԿԱՍԵՑՆԵԼՈՒ…
Պատմութիւնը շղթայաւորումն է օրը օրին զարգացող իրադարձութիւններու հոլովոյթի մը` անցեալի, ներկայի եւ ապագայի իրերահաղորդ փուլերով: Այսօրուան պարտութիւնը (այսօրուան Փաշինեա՛նը) այսօր չէ, որ ծնունդ առած է: Ան եփած է այս հանրապետութեան պատմութեան հնոցին մէջ… Ան ծնած է մեր պետական համակարգի բազմադիմի խմորումներէն: Մեր հաւաքական մեղքերէն: Մեր ձեռնթափութիւններէն: Մեր ձախաւերութիւններէն: Ան կայ, քանի որ մենք չկանք: Քանի որ այս հանրապետութեան օրով չէ եղած եւ չկայ հայ ազգային գերագոյն շահի աշխարհացունց կողմնորոշումը:
Հայ անկախ պետականութեան երեսնամեայ փորձը ցարդ անցած է չորս փուլերէ: Պայմանականօրէն կոչենք զանոնք առաջին երեք նախագահներու անուններով, իսկ վերջինը` վարչապետ Փաշինեանի: Բնական է, որ այդ փուլերը զանազանուին իրարմէ շարք մը յատկանիշներով եւ պատմական պահու գործօններով: Բայց այդ բոլորէն առաջ եւ ետք կարեւոր է ի վերջոյ տեսնել, որ անկախ պետականութեան ժամանակը սահմանող մեծ գործօնը երկրէն ներս տիրող տնտեսակարգն է: Այսինքն` այն մենաշնորհային համակա՛րգը, որ ծնունդ տուած է մեր երկրի օլիգարխիային: Այսինքն` մեր անկախ պետականութեան կեանքէն ներս գործող միակ իսկական քաղաքական ուժի՛ն, որ ցարդ տնօրինած է ՀՀ ազգային ռազմավարութեան ընթացքը: ՀՀ իշխանութեան ղեկին տիրապետող իրերայաջորդ նախագահներն ու վարչապետները կրնան ոխերիմ հակառակորդներ ըլլալ իրարու, բայց իրենցմէ իւրաքանչիւրի ետին դասակարգային նոյն օլիգարխիական համակարգն է, որ իր ձեռքերուն մէջ կը պահէ երկրին կենսական կամրջագլուխները: Իսկ ընդդիմութի՞ւնը:
Ցաւալի իրականութիւնը այն է, որ ընդդիմութիւնն ալ ունի իր ներքին բարդ շերտաւորումները: Անոր որոշիչ զանգուածը (critical mass, կրիտիկական մասսա) ցարդ եղած է նոյն օլիգարխիայի իշխանութենէ ժամանակաւորապէս դուրս գտնուող մէկ հատուածը, որ կը սպասէ իր յաջորդ հերթին: ԻՍԿԱԿԱՆ ԸՆԴԴԻՄՈՒԹԻՒՆԸ (ներառեալ առաջին հերթին` իմ կուսակցութիւնս) լծուած է երկրին կեանքը փոխելու ազնիւ պայքարին եւ սակայն` ՓՈՔՐԱՄԱՍՆԱԿԱ՛Ն ԴԻՐՔԵՐԷ եւ քաղաքական շրջափակման բոլոր խարդաւանքները դիմագրաւելով: Ողբերգութիւնը այն է, որ ցարդ երկրի քաղաքական բեմին վրայ ղեկավարողն ու ղեկավարուողը, այսինքն` օլիգարխիան եւ ժողովուրդը, կը թուին գտնուիլ անգիր եւ անսուրբ դաշինքի (unholy alliance) մը մէջ: Անոնք կը շահագործեն զիրար եւ այդ հոլովոյթով կ՛ամրապնդեն ու կը մշտնջենաւորեն մէկզմէկու դիրքերը հասարակութեան մէջ: Այսինքն տիրողը` տիրո՛ղ եւ շահագործուողը շահագործուո՛ղ պահելով յաւիտեանս յաւիտենից: Այս առումով, իսկական ընդդիմութիւնը մերժուած է միաժամանակ երկուքէն` երկիրը թաղուած պահելով իր քաղաքական ճահիճին մէջ:
Իսկ ի՞նչ կը պատահի երկրի արտաքին թշնամիի բերդերէն ներս:
Այսօր արդէն կը տեսնենք, որ անցնող երեսուն տարիներու ընթացքին Թուրքիա եւ Ազրպէյճան հետեւողականօրէն ձեւաւորած են փանթուրքիզմի համաթրքական իրենց ծրագիրը, որ կ՛ենթադրէ հայ անկախ պետականութեան վերջնական լուծարումը եւ հայ ժողովուրդի ապահայրենացումը: Նաեւ կը պարզուի, որ հայ անկախ պետականութեան ղեկավարութիւնը ոչինչ ըրած է երկրին լինելիութիւնը (viability, sustainability) ապահովելու համար: Ան ոչինչ ըրած է համահայկական ազդու եւ համապարփակ ռազմավարութիւն մը մէջտեղ բերելու ազգային հրամայականին ի պատասխան:
Բոլոր երեւոյթները ցոյց կու տան, որ թուրքեւազրպէյճանական օլիգարխիան անքակտելիօրէն մաս կազմած է համաթրքական խորքային պետութեան գործողութիւններուն: Ազրպէյճանի քարիւղի եւ կազի պաշարներու եկամուտները լայնօրէն տրամադրուած են համաթրքական ռազմավարութեան յաղթանակին: Անոնք ծառայած են Մոսկուան գործնականօրէն լծելու թուրքեւազրպէյճանական քաղաքականութեան: Ծառայած են Ռուսաստանի ռազմական արհեստագիտութիւնը անկաշկանդ հոսեցնելու դէպի Ազրպէյճան: Ծառայած են յատուկ եւ առանձնաշնորհեալ յարաբերութիւններ ձեւաւորելու Պաքուի եւ Մոսկուայի (իմա՛ Փութինի) establishment-ի միջեւ: Ծառայած են Մոսկուան մղելու դիտաւորեալ կրաւորականութեան Ազրպէյճանի նախայարձակման դիմաց… Ծառայած են լիովին չէզոքացնելու Հայաստանը կովկասեան տարածաշրջանի բեմին վրայ:
Իսկ ի՞նչ ըրած է Հայաստանի օլիգարխիան: Ան եղած է ռուսական օլիգարխիայի արբանեակը: Անոր գործընկերը: Անոր ստորադասը: Ռուսաստանի կողմէ Հայաստանը դիտուած է որպէս աժան հումքի աղբիւր, որ հոսած է դէպի ռուսական արտադրամաս` ՀՀ օլիգարխիայի միջոցով: Հայաստան-Ռուսաստան դիւանագիտական յարաբերութիւնները անցնող երեսուն տարիներու ընթացքին հետզհետէ աւելի շեշտակիօրէն եղած են տեղքայլի մէջ: Յատկապէս` ներկա՛յ իշխանութեան օրով: Յաճախ կը խօսուի այն մասին, որ գոյութիւն ունեցած է մնայուն եւ գործօն դիւանագիտութիւն երկու երկիրներու միջեւ, եւ Մոսկուան միշտ ինքզինք յայտարարած է ռազմավարական գործընկեր` Հայաստանին: Այս հռետորաբանութիւնը, սակայն, իր նոյնական զուգահեռները ունի ռուս-ազրպէյճանական յարաբերութիւններու ոլորտին մէջ: Ասոնք ոչինչ կը նշանակեն, եթէ անոնց ետին չգործեն իսկական ցանցերը: Այդ ցանցերուն մէջ տեղ ունէր Հայաստանը անցեալին եւ ակնյայտօրէն հիմա չունի: Ի տարբերութիւն Ալիեւին, որ լայնօրէն թափանցած է յիշեալ ցանցերէն ներս: Այս է, որ ցոյց կու տան իրականութեան տուեալները:
Երեսուն տարի շարունակ անխնայ շահագործման ենթարկուած է մեր երկիրը մենաշնորհային համակարգի թաթին տակ: Ճիշդ է, որ Երեւանը կը փայլի իր պողոտաներով, շէնքերով, շուկաներով, ճաշարաններով: Այո՛, ան վերածուած է երեւանեան քաղքենիութեան հաճոյավայրի: Ճիշդ է նաեւ, որ մենաշնորհային տնտեսութեան զուգահեռ, յաճախ երեւան կու գան երիտասարդ ձեռներէցութեան ողջունելի օրինակներ: Բայց երկիրը կը գտնուի աղքատութեան ճիրաններուն մէջ: Եւ այս մէկը` բոլորովին անկա՛խ յետպատերազմեան փլուզումներէն: Փաստը այն է, որ ամբողջ երեսուն տարի մենաշնորհային համակարգը լայնօրէն խուսափած է երկրի վերաներդրումային դաշտէն: Ստեղծուող հարստութեան վերաբաշխումը տնտեսութեան մէջ կը գտնուի ողբալի մակարդակի վրայ: Համակարգի տէրերը իրենց շահոյթը լայն չափերով հանած են երկրէն դուրս` փոխանակ նոր եւ որակաւոր աշխատատեղեր ստեղծելու երկրին մէջ: ԱՄԷՆ ՕՐ ԱՒԵԼԻ ՈՒՌՃԱՑՈՂ ՄԵՆԱՇՆՈՐՀԱՅԻՆ ՀԱՐՍՏՈՒԹԵԱՆ ԴԻՄԱՑ` ԱՄԷՆ ՕՐ ԱՒԵԼԻ ԱՂՔԱՏԱՑԱԾ Է ՄԵՐ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԸ ԵՒ ԳԱՂԹԱԾ` ԵՐԿՐԷՆ ԴՈՒՐՍ:
Այս բոլորէն կը հետեւի, որ այսօր մենք պիտի ճիշդ հասկնանք բնոյթը մարտահրաւէրին: Թշնամին միայն արտաքին սպառնալիքի ուժերը չեն: Թշնամին մեր երկրի ուժականութիւնները ջլատող բոլոր ներքին ու արտաքին գործօններն են, որոնք ամբողջացուցած են զիրար եւ երկիրը բերած` անպաշտպանելիութեան ներկայ աստիճաններուն: Այդ գործօնները միահիւսուած են մէկզմէկու` արգիլելով երկրի հզօրացումը քաղաքական, տնտեսական, պաշտպանական, ընկերային, ժողովրդագրական, մշակութային եւ աշխարհաքաղաքական ոլորտներէն ներս:
Այս գահավէժն է, որ կանգ պիտի առնէ ամէնէն արագ եւ վճռական քայլերով: Նախկին նախագահներու առաջնորդութեամբ հրապարակ իջած քաղաքական խմբաւորումները այսօր իսկ կը մատնեն անընդունելի դիտաւորութիւններ: Անոնք կը խօսին հինը ետ բերելու մտայնութեամբ: Անոնք նոյնիսկ կը խօսին նորը ստեղծելու հռետորաբանութեամբ, բայց կը շարունակեն փայփայել հինին մեղաւոր երազը: Այս խաղքութիւնը կանգ պիտի առնէ: Վաղուան ոստիւնը պիտի իրագործուի իսկական ընդդիմութեան որակներով եւ գաղափարախօսութեամբ: Եւ որպէսզի ՀՀ հաւաքական կեանքի այս յեղաշրջումը իրականութիւն դառնայ, ոտքի պիտի կանգնի մեր ժողովուրդի ուժական, արդարախոհ, հայրենի անկախ պետականութեան վերելքի նորմերով տոգորուած լուռ զանգուածը, զոր բարոյալքելու քաղաքականութիւն որդեգրած է ներկայ իշխանութիւնը: Վե՛րջ բարոյալքութեան: Ոտքի պիտի կանգնի մեր երիտասարդութիւնը` երկրի եւ արտերկրի անկիւններէն ԲՈԼՈՐ թշնամի ուժերու դէմ ճակատ յարդարելու վճռակամութեամբ եւ հաստատէ մեր այսօրուան ու վաղուան պայքարի չափանիշները: Բոլոր անոնք, որոնք կը սոնքան մեր շուրջ մեր երկիրը աւարելու ախորժակներով, գործ պիտի ունենան այս նոր յեղափոխութեան հետ: Բոլոր անոնք, որոնք կը պատրաստուին մեր երկիրը թշնամիին նուիրելու, պիտի չտեսնեն այդ օրը: Բոլոր այն արտաքին ուժերը, որոնք հեռուէն կամ մօտէն մասնակից են հայ անկախ պետականութեան սպանդին, անձնապէս եւ հաւաքաբար պատասխանատու են իրենց արարքներուն համար: Կարեւոր չէ, թէ որո՛նք են անոնք: Բադին, Կոզբադին եւ բոլոր միւսները պիտի գիտնան, որ այս յեղափոխութիւնը ո՛չ թաւիշէ է ըլլալու, ո՛չ մետաքսէ:
Փաշինեան եւ իր համակարգը յաջողապէս անդամալուծած են երկրի ժողովրդավարական բոլոր գլխաւոր կառուցակարգերը: Անոնք սառեցուցած են ՀՀ սահմանադրութիւնը եւ լծուած` հայ անկախ պետականութիւնը անդամահատելու չարաշուք գործին: Փաշինեան կը յաւակնի ըսել, որ այդ բոլորին համար ինք ունի ժողովուրդին ամբողջական լիազօրութիւնը, որ ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ դառն հեգնա՛նք մը` ուղղուած ՀՀ հանրութեան եւ ազգին: Այո՛, կան այսպիսի անհեթեթ ժամանակներ բոլոր ժողովուրդներու պատմութեան մէջ, երբ ժողովուրդը հոգեբանականօրէն դրուած է ինքն իր գերագոյն շահերուն դէմ քուէ տալու պարտադրանքին տակ: Այսինքն` այնպիսի ժամանա՛կ, երբ ժողովուրդը դուրս եկած է իր պատմութենէն: Ոտնակոխած է իր պատմական առաքելութեան հարազատ նորմերը: Հետեւաբար այն, ինչ որ ունի Փաշինեան, խարդախուած եւ ապասահմանադրական «լիազօրութիւն» է, որ լիազօրութիւն չէ ու չի կրնար ըլլալ եւ պէտք է կասեցուի ամէն գնով:
Վարչապետ Փաշինեան միայն մէկ բան ունի ընելիք: Ամէնէն արագ ձեւով դուրս գալ իշխանութենէ, ինչպէս ըրաւ ՀՀ առաջին նախագահը: Դուրս գալ իշխանութենէ Թուրքիոյ հետ որեւէ (թէկուզ` նախնական) համաձայնութիւն կնքելէ առաջ: Դուրս գալ` գէթ այս ուշ ժամուն ցուցաբերելով իմաստութիւն եւ յարգելով ՀՀ սահմանադրութիւնն ու հայոց պատմութիւնը: Դո՛ւրս, քանի որ սպառած են երկրի համբերութեան լուսանցքները: Եւ քանի որ եկած է ժամանակը, որ երկրի ժողովրդավարական ուժերը իջնեն հրապարակ հայոց պատմութեա՛ն «մանդատ»-ով, որ խարսխուած է ՀՀ սահմանադրութեան հիմնարար սկզբունքներուն մէջ եւ իրենց ձեռքերուն մէջ առնեն հայ անկախ պետականութեան վտանգուած ճակատագիրը: Հայրենիքի փրկարարներուն օրն է: Հրաշագործողներուն օրն է: Ճակատագրողներուն օրն է: Նոր յարացոյցը հաստատողներուն օրն է: Տէր ընդ ձե՛զ:
1 փետրուար 2022



