Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ուսուցիչս (Ձորեցի)

February 3, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՏՈՔԹ. ՆՈՐԱՅՐ ՄԱՆՃԵԱՆ

Լաթաքիոյ հայոց Ազգային Յակոբեանց (այժմ վերանուանուած` Սրբոց Նահատակաց) վարժարանի նախակրթարանի երկրորդ  դասարանի աշակերտ էի, ուսումնական տարին` 1957-1958:

Առաջին անգամ էր, որ պիտի սորվէինք հայոց պատմութիւն դասանիւթը: Երիտասարդ ուսուցիչը` պրն. Յարութիւն Նաճարեան, դասարան մտաւ սեւ ակնոցով: Բացատրեց հայոց պատմութեան առաջին դասը:

Լռութիւն կը տիրէր ամբողջ դասարանին մէջ: Մեծ հետաքրքրութեամբ ունկնդրեցինք: Դասավերջին ան ըսաւ. «Յաջորդ դասին պիտի պատմէք այսօրուան դասը»:

Շաբաթական երկու պահ էր յատկացուած  հայոց պատմութեան: Հերթով սկսաւ հարցնել իր դասաւանդածին մասին: Աշակերտներէն ես եւ Գէորգ Տէր Ալեքսանեանը շատ ոգեւորուած էինք, մեծ սէր ու հետաքրքրութիւն ունէինք պատմութեան դասին նկատմամբ, այդ պատճառով ալ ուսուցիչը զիս ու ընկերս հերոս կ՛անուանէր:

Հայոց պատմութեան դասագիրքերս մինչեւ օրս գրադարանիս մէջ են: Հինգ դասագիրք, ամէն մէկը` մէկ դարաշրջանի մը մեր ազգային պատմութեան մասին:

Զ. դասարանին պիտի աւարտէինք եւ ստանայինք վկայական: Վարժարանը` երկու յարկանի, բարձրացած էր հնադարեան կամարաձեւ առաջին յարկի վրայ:

Օր մը դասամիջոցին նկատեցի, որ պատմութեան ուսուցիչս ուսուցչարանին մէջ հայոց պատմութիւնը կերտողներու փոքր չափի գունաւոր նկարները կը գեղանկարէ:

Առիթը երբե՛ք բաց չէի ձգեր եւ ուսուցչարանին պատուհանէն կը դիտէի գծած նկարները: Իմաստալի աննման գծանկարներ ամէն մէկ տիտանի` իբրեւ շքանշան:

Հայոց նահապետ Հայկէն սկսեալ` մինչեւ երջանկայիշատակ Զարեհ կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ:

Հրաշագործ նկարները երկու տարուան ընթացքին վերջացան ու դրուեցան տնօրէնի սենեակի պատին:

Այդ հիասքանչ պատմական գծանկարը մինչեւ օրս կը զարդարէ Լաթաքիոյ նորակառոյց Հայ կեդրոն (ՍՕ Խաչ, ՀՄԸՄ, Համազգային եւ «Կարպուշեան» հանդիսութիւններու սրահ) ակումբի համակարգիչներու սրահը: Այս կեդրոնը Լաթաքիոյ տեղացիներու կողմէ կոչուած է Հայերուն ակումբ (արաբերէն Նատի ալ Արման): Երազային օրեր էին, երազային հայկական կրթօճախ: Աւարտման տարին հայոց պատմութիւնը մեզի դասաւանդեց դպրոցի տնօրէնը` տիրահայր Արամ Սարգիսեան, հայրը`  Տաթեւ արքեպիսկոպոսին:

Նախակրթարանը  աւարտելէն երկու տարի ետք կրթութեան եւ ուսման նախարարութեան հրամանով սեփական դպրոցները պետութեան հսկողութեան տակ դրուեցան եւ անուանափոխուեցան: Այդ հրամանով արգիլուեցաւ հայեցի ուսումը, նախքան այդ չարաբաստիկ հրամանը` հայերէնով կը դասաւանդուէին բոլոր առարկաները, բացի, բնականաբար, արաբերէն եւ անգլերէն լեզուներէն:

Սուրիոյ Ազգային իշխանութեան ջանքերով միայն հայկական դպրոցներուն արտօնուեցաւ շաբաթական ութ պահ լեզու եւ կրօն դասաւանդել հայերէնով, մնացած բոլոր առարկաները` արաբերէնով:

Տարիներ թաւալեցան, աւարտեցի Լաթաքիոյ  պետական երկրորդական քոլեճը եւ փոխադրուեցայ Սուրիոյ մայրաքաղաք Դամասկոսի համալսարան` ուսանելու կենսա-քիմիագիտութիւն:

Ուսուցիչներու կարիք կար, յաջորդ տարին Դամասկոսի միջնակարգ դասարաններուն դասաւանդեցի բնագիտութիւն:

Յաջորդ տարի արդէն աւելի ծանօթ էի քաղաքին, իմացայ, որ Դամասկոսի մէջ Բերիոյ թեմին (Հալէպ) պատկանող Ազգ. Զաւարեան վարժարանը, նոր անուանուած` Կամք (արաբերէն` Իրատէ), գիտութեան ուսուցիչի կարիք ունի. դիմեցի եւ ընդունուեցայ: Դասացուցակը պատրաստեցին դպրոցի փոխտնօրէն, արտօնատէր Նիկողոս  Պոյաճեանն ու հաշուապահ Լիզ-Եփրաքսի Ներսէսեանը:

Մեծ ոգեւորութեամբ սկսայ դասաւանդել: Օր մըն ալ դպրոցի ուսուցչարանի սեղանին վրայ տեսայ հայերէն օրաթերթ մը` «Ազատ Օր», որ ՀՅԴ Յունաստանի Կեդրոնական կոմիտէի պաշտօնաթերթն էր: Մեծ հետաքրքրութեամբ ծայրէ ծայր կարդացի չորս էջնոց թերթը, որ բաւական բազմակողմանի էր. նիւթերը` լուրեր Հայաստանէն, մարզական, կնոջական, բժշկական, թերթօն, գրական, ծանուցումներ… ու ահա «Ձորեցի» ստորագրութեամբ յօդուած մը` նուիրուած ՀՅԴ-ի անդամ, հայ ազատագրական շարժումի գործիչ, ֆետայի Գէորգ Չաւուշ Ղազարեանին:

Յիշեցի ուսուցիչս ու շարունակեցի իր ուղին:

Իրեն նման դասամիջոցներուն գծանկարեցի հայ ազգի տիտաններուն դիմանկարները` ամէն մէկը առանձին, մէկ մեթր չափով:

Նկարները ցուցադրուեցան Հայոց ցեղասպանութեան վաթսունամեակին, Դամասկոսի Համազգայինի եւ Լաթաքիոյ ՍՕ Խաչի ակումբներու սրահներու մէջ:

Մեծ է ուսուցիչներու սխրանքները ընդհանրապէս եւ հայ ուսուցիչներունը` յատկապէս, որովհետեւ անոնք միայն դասանիւթը չեն փոխանցեր, այլ կը կոփեն աշակերտին միտքն ու հոգին, կը դաստիարակեն զայն իբրեւ մարդ եւ հայ:

Երեւան, 15 յունուար 2022

Նախորդը

Անդրադարձ. Սփիւռքի Տարի 2022 – Ա. Հայերը Չինաստանի Մէջ 1919-ին

Յաջորդը

Սիւնիքից Լիբանան, Քաթարից Ղրիմ Ու Եւրոպա. Ռուսական Ու Ամերիկեան Ազգային Շահերի Սահմանադռները

RelatedPosts

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի.  Կրինլանտ` Անտերսընեան Հեքիա՞թ, Թէ՞ Ողբերգութիւն
Անդրադարձ

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Կրինլանտ` Անտերսընեան Հեքիա՞թ, Թէ՞ Ողբերգութիւն

January 31, 2026
Տօն Սուրբ Սարգիս Զօրավարի
Անդրադարձ

Տօն Սուրբ Սարգիս Զօրավարի

January 31, 2026
1920 Թուականի Գաղտնի Փաստաթուղթը Կը Բացայայտէ Թուրքիոյ Ծրագիրները, Ինչպէս Այսօր, Այնպէս Ալ Այն Ժամանակ` Վերացնել Հայաստանը
Անդրադարձ

1920 Թուականի Գաղտնի Փաստաթուղթը Կը Բացայայտէ Թուրքիոյ Ծրագիրները, Ինչպէս Այսօր, Այնպէս Ալ Այն Ժամանակ` Վերացնել Հայաստանը

January 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.