ՏՈՔԹ. ՆՈՐԱՅՐ ՄԱՆՃԵԱՆ
Լաթաքիոյ հայոց Ազգային Յակոբեանց (այժմ վերանուանուած` Սրբոց Նահատակաց) վարժարանի նախակրթարանի երկրորդ դասարանի աշակերտ էի, ուսումնական տարին` 1957-1958:
Առաջին անգամ էր, որ պիտի սորվէինք հայոց պատմութիւն դասանիւթը: Երիտասարդ ուսուցիչը` պրն. Յարութիւն Նաճարեան, դասարան մտաւ սեւ ակնոցով: Բացատրեց հայոց պատմութեան առաջին դասը:
Լռութիւն կը տիրէր ամբողջ դասարանին մէջ: Մեծ հետաքրքրութեամբ ունկնդրեցինք: Դասավերջին ան ըսաւ. «Յաջորդ դասին պիտի պատմէք այսօրուան դասը»:
Շաբաթական երկու պահ էր յատկացուած հայոց պատմութեան: Հերթով սկսաւ հարցնել իր դասաւանդածին մասին: Աշակերտներէն ես եւ Գէորգ Տէր Ալեքսանեանը շատ ոգեւորուած էինք, մեծ սէր ու հետաքրքրութիւն ունէինք պատմութեան դասին նկատմամբ, այդ պատճառով ալ ուսուցիչը զիս ու ընկերս հերոս կ՛անուանէր:
Հայոց պատմութեան դասագիրքերս մինչեւ օրս գրադարանիս մէջ են: Հինգ դասագիրք, ամէն մէկը` մէկ դարաշրջանի մը մեր ազգային պատմութեան մասին:
Զ. դասարանին պիտի աւարտէինք եւ ստանայինք վկայական: Վարժարանը` երկու յարկանի, բարձրացած էր հնադարեան կամարաձեւ առաջին յարկի վրայ:
Օր մը դասամիջոցին նկատեցի, որ պատմութեան ուսուցիչս ուսուցչարանին մէջ հայոց պատմութիւնը կերտողներու փոքր չափի գունաւոր նկարները կը գեղանկարէ:
Առիթը երբե՛ք բաց չէի ձգեր եւ ուսուցչարանին պատուհանէն կը դիտէի գծած նկարները: Իմաստալի աննման գծանկարներ ամէն մէկ տիտանի` իբրեւ շքանշան:
Հայոց նահապետ Հայկէն սկսեալ` մինչեւ երջանկայիշատակ Զարեհ կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ:
Հրաշագործ նկարները երկու տարուան ընթացքին վերջացան ու դրուեցան տնօրէնի սենեակի պատին:
Այդ հիասքանչ պատմական գծանկարը մինչեւ օրս կը զարդարէ Լաթաքիոյ նորակառոյց Հայ կեդրոն (ՍՕ Խաչ, ՀՄԸՄ, Համազգային եւ «Կարպուշեան» հանդիսութիւններու սրահ) ակումբի համակարգիչներու սրահը: Այս կեդրոնը Լաթաքիոյ տեղացիներու կողմէ կոչուած է Հայերուն ակումբ (արաբերէն Նատի ալ Արման): Երազային օրեր էին, երազային հայկական կրթօճախ: Աւարտման տարին հայոց պատմութիւնը մեզի դասաւանդեց դպրոցի տնօրէնը` տիրահայր Արամ Սարգիսեան, հայրը` Տաթեւ արքեպիսկոպոսին:
Նախակրթարանը աւարտելէն երկու տարի ետք կրթութեան եւ ուսման նախարարութեան հրամանով սեփական դպրոցները պետութեան հսկողութեան տակ դրուեցան եւ անուանափոխուեցան: Այդ հրամանով արգիլուեցաւ հայեցի ուսումը, նախքան այդ չարաբաստիկ հրամանը` հայերէնով կը դասաւանդուէին բոլոր առարկաները, բացի, բնականաբար, արաբերէն եւ անգլերէն լեզուներէն:
Սուրիոյ Ազգային իշխանութեան ջանքերով միայն հայկական դպրոցներուն արտօնուեցաւ շաբաթական ութ պահ լեզու եւ կրօն դասաւանդել հայերէնով, մնացած բոլոր առարկաները` արաբերէնով:
Տարիներ թաւալեցան, աւարտեցի Լաթաքիոյ պետական երկրորդական քոլեճը եւ փոխադրուեցայ Սուրիոյ մայրաքաղաք Դամասկոսի համալսարան` ուսանելու կենսա-քիմիագիտութիւն:
Ուսուցիչներու կարիք կար, յաջորդ տարին Դամասկոսի միջնակարգ դասարաններուն դասաւանդեցի բնագիտութիւն:
Յաջորդ տարի արդէն աւելի ծանօթ էի քաղաքին, իմացայ, որ Դամասկոսի մէջ Բերիոյ թեմին (Հալէպ) պատկանող Ազգ. Զաւարեան վարժարանը, նոր անուանուած` Կամք (արաբերէն` Իրատէ), գիտութեան ուսուցիչի կարիք ունի. դիմեցի եւ ընդունուեցայ: Դասացուցակը պատրաստեցին դպրոցի փոխտնօրէն, արտօնատէր Նիկողոս Պոյաճեանն ու հաշուապահ Լիզ-Եփրաքսի Ներսէսեանը:
Մեծ ոգեւորութեամբ սկսայ դասաւանդել: Օր մըն ալ դպրոցի ուսուցչարանի սեղանին վրայ տեսայ հայերէն օրաթերթ մը` «Ազատ Օր», որ ՀՅԴ Յունաստանի Կեդրոնական կոմիտէի պաշտօնաթերթն էր: Մեծ հետաքրքրութեամբ ծայրէ ծայր կարդացի չորս էջնոց թերթը, որ բաւական բազմակողմանի էր. նիւթերը` լուրեր Հայաստանէն, մարզական, կնոջական, բժշկական, թերթօն, գրական, ծանուցումներ… ու ահա «Ձորեցի» ստորագրութեամբ յօդուած մը` նուիրուած ՀՅԴ-ի անդամ, հայ ազատագրական շարժումի գործիչ, ֆետայի Գէորգ Չաւուշ Ղազարեանին:
Յիշեցի ուսուցիչս ու շարունակեցի իր ուղին:
Իրեն նման դասամիջոցներուն գծանկարեցի հայ ազգի տիտաններուն դիմանկարները` ամէն մէկը առանձին, մէկ մեթր չափով:
Նկարները ցուցադրուեցան Հայոց ցեղասպանութեան վաթսունամեակին, Դամասկոսի Համազգայինի եւ Լաթաքիոյ ՍՕ Խաչի ակումբներու սրահներու մէջ:
Մեծ է ուսուցիչներու սխրանքները ընդհանրապէս եւ հայ ուսուցիչներունը` յատկապէս, որովհետեւ անոնք միայն դասանիւթը չեն փոխանցեր, այլ կը կոփեն աշակերտին միտքն ու հոգին, կը դաստիարակեն զայն իբրեւ մարդ եւ հայ:
Երեւան, 15 յունուար 2022