Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ շէյխ Նայիմ Քասեմ շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ բոլոր ցուցանիշները կը հաստատեն, որ երեսփոխանական ընտրութիւնները պիտի կատարուին ճշդուած թուականին, եւ չկայ զարգացում մը, որ կրնայ խանգարել երեսփոխանական ընտրութիւններուն կայացումը:
Շէյխ Քասեմ ընդգծեց, որ Հըզպալլա կառչած կը մնայ երեսփոխանական ընտրութիւններուն կայացման, որովհետեւ այդ ընտրութիւնները կը նկատէ անհրաժեշտ իրադարձութիւն մը, որ Լիբանանը կրնայ դուրս բերել առանց հորիզոնի գոյատեւելու իր իրավիճակէն:
Քասեմ նկատել տուաւ, որ ընտրական իրենց ծրագիրը յստակ է եւ մօտկիկ ապագային պիտի յայտարարուի` աւելցնելով, որ իրենք համոզուած են, որ Դիմադրութիւնը ո՛չ միայն անհրաժեշտ կարիք մըն է, այլ` ազատ, անկախ եւ գերիշխան Լիբանանի մը գոյութիւնը ապահովող տարր է:
Ան շեշտեց, որ Դիմադրութեան ծրագիրն է դիմադրել Իսրայէլին եւ անոր թշնամական յանցանքներուն:
«Այս շրջագիծին մէջ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան կ՛ըսենք, որ մեր ծրագիրն է դիմադրել Իսրայէլին` մերժելով ներքին լիբանանեան առումով արձանագրուելիք որեւէ սադրանք, ինչպէս շատեր կը փափաքին: Թայեունէի սպանդին ընթացքին մենք վերջ տուինք այն սադրանքին, որ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւնը սկսաւ` մեզի քաղաքացիական պատերազմի մը մէջ ներքաշելու նպատակով», շեշտեց շէյխ Քասեմ:
Ան աւելցուց, որ իրենց համար յստակ է, թէ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւնը ոճրագործ կուսակցութիւն մըն է, որ իր համայնքին եւ հայրենիքին զաւակները սպաննած է, ինչպէս նաեւ սպաննած է նախկին վարչապետ Ռաշիտ Քարամէն եւ այլ ղեկավարութիւններ ու հեղինակութիւններ, որպէսզի միայն ինք մնայ հրապարակին վրայ:
«Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւնը այլոց ջնջելու մտայնութեամբ գործող կուսակցութիւն է, եւ անկարելի է, որ ըլլայ հայրենիք կերտող ժողովրդային վիճակի մը ներկայացուցիչը: Բայց եւ այնպէս մենք կը ջանանք պահպանել լիբանանեան ազգային միասնականութիւնը եւ կերտել պետութիւնը», հաստատեց ան:


