Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ուաշինկթըն Իր Քաղաքացիներուն Խորհուրդ Կու Տայ Եւ Դիւանագէտներու Ընտանիքներուն Կը Հրամայէ Լքել Ուքրանիան

January 25, 2022
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

23 յունուարին Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաւանութիւն տուած է Քիեւի մէջ Միացեալ Նահանգներու պետական ծառայողներուն դեսպանատունէն կամաւոր հեռանալու մասին որոշումին եւ ամերիկացի պետական ծառայողներու ընտանիքներուն հրամայած է լքել դեսպանատունը`  Ռուսիոյ կողմէ զինուորական գործողութեան շարունակուող սպառնալիքին պատճառով:

«Միացեալ Նահանգներու Ուքրանիա գտնուող քաղաքացիները պէտք է մտածեն մեկնելու մասին` օգտագործելով առեւտրական կամ սեփական փոխադրամիջոցներու այլ տարբերակներ:

«Տեղեկութիւններ կան, որ Ռուսիան զգալի զինուորական գործողութիւններ կը ծրագրէ Ուքրանիոյ դէմ: Անվտանգութեան պայմանները մասնաւորաբար Ուքրանիոյ սահմաններու երկայնքին, Ռուսիոյ կողմէ բռնագրաւուած Խրիմի եւ Ռուսիոյ կողմէ վերահսկուող Արեւելեան Ուքրանիոյ մէջ, անկանխատեսելի են եւ կրնան առանց նկատառումի վատթարանալ», նշուած է արտաքին գործոց նախարարութեան հաղորդագրութեան մէջ:

Քիեւ, Ուաշինկթընն ու անոնց դաշնակիցները կը պնդեն, որ Ռուսիան Ուքրանիոյ հետ սահմանին վրայ աւելի քան 100 հազարի հասնող զօրք կուտակած է` «առ ի պատրաստութիւն ուքրանական հողեր նոր ներխուժումի գործողութեան»:

Ռուսիան բազմիցս յայտարարած է, որ Ուքրանիոյ դէմ զինուորական որեւէ գործողութիւն կատարելու նպատակ չունի, այդ առնչութեամբ տեղեկութիւնները սուտ են եւ Ռուսիոյ դէմ նոր պատժամիջոցներու հաստատման ու ՕԹԱՆ-ի դէպի արեւելք ընդլայնման իբրեւ պատրուակ կը ծառայեն:

«Պի.Պի.Սի.» իր կարգին հաղորդեց, որ Բրիտանիան սկսած է Ուքրանիայէն հեռացնել իր դեսպանատան աշխատակիցներուն մէկ մասը:

«Դեսպանատան որոշ աշխատակիցներ եւ անոնց ընտանիքներուն անդամները կը հեռացնեն Քիեւէն` ի պատասխան Ռուսիոյ կողմէ աճող սպառնալիքին: Բրիտանական դեսպանատունը կը մնայ բաց եւ պիտի շարունակէ իրականացնել հիմնական աշխատանքները», կը նշուի դիւանագիտական ծառայութեան յայտարարութեան մէջ:

«Կազեթա» կայքը հաղորդեց, որ Աւստրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ալեքսանտր Շալենպերկ յայտնած է, որ Վիեննան կը նախատեսէ հեռացնել Քիեւի մէջ իր դեսպանատան աշխատակիցները, սակայն տակաւին վերջնական որոշում չէ տուած:

Նախորդը

Ուքրանիոյ Պաշտպանութեան Նախարարը Պաշտպանական Կարողութեան Ամրապնդման Համար Աւելի Քան 80 Թոն Ամերիկեան Զէնք Ստացած Է

Յաջորդը

Ազրպէյճանի Պաշտպանութեան Նախարարը Այսօր Կ՛այցելէ Իրան

RelatedPosts

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում  Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս  Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»

October 26, 2026
Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք  Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»
Գլխաւոր լուրեր

Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»

October 26, 2026
Նովաք. «Ռուսիան Պատրաստ Է Ամերիկեան  Մազութի Որեւէ Քանակ Մատակարարելու»
Միջազգային

Նովաք. «Ռուսիան Պատրաստ Է Ամերիկեան Մազութի Որեւէ Քանակ Մատակարարելու»

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.