Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սաատ Հարիրի Առկախեց Քաղաքական Իր Գործունէութիւնը Եւ Կոչ Ուղղեց Մուսթաքպալ Հոսանքին` Թեկնածութիւն Չառաջադրելու

January 25, 2022
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին, Կեդրոնական Պէյրութի իր բնակարանին մէջ հրաւիրեց մամլոյ ասուլիսի մը, որուն ընթացքին յայտարարեց բոլորին համար գրեթէ ծանօթ պաշտօնական կեցուածքը, որուն համաձայն, ան առկախեց քաղաքական իր գործունէութիւնը եւ կոչ ուղղեց Մուսթաքպալ հոսանքին` դիմելու նոյն քայլին:

Հարիրի հաստատեց, որ յառաջիկայ երեսփոխանական ընտրութիւններուն ինք իբրեւ թեկնածու պիտի չներկայանայ` աւելցնելով նաեւ, որ Մուսթաքպալ հոսանքին անունով ոչ ոքի թեկնածութիւն պիտի առաջադրուի:

Հարիրի հաստատեց, որ իր համոզումով` Լիբանան դրական ոչ մէկ առիթ ունի, այնքան ատեն որ իրանեան հակակշիռի տակ է, միջազգային պարանաձգութեան ենթակայ, ազգային երկփեղկումի եւ համայնքային լարուածութեան առարկայ, որոնց զուգահեռ լիբանանեան պետութիւնը կը մաշի:

Ան հաստատեց, որ Հարիրի ընտանիքը կը մնայ լիբանանցիներուն եւ հայրենիքին ծառայութեան պատրաստ, սակայն ներկայիս իրենց որոշումը այն է, որ առկախեն երկրին քաղաքական կեանքին եւ իշխանութեան իրենց աւանդական մասնակցութիւնը:

«Իբրեւ քաղաքացիներ կառչած կը մնանք քաղաքացիական պատերազմը արգիլելու եւ լիբանանցիներուն աւելի բարօր կեանք մը ապահովելու իմաստով նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի որդեգրած ուղիին: Մենք կը շարունակենք լիբանանցիներուն մեր ծառայութիւնները, եւ մեր տուները բաց պիտի մնան բարի կամեցողութիւն ունեցող բոլոր լիբանանցիներուն առջեւ», հաստատեց Հարիրի:

Ան շնորհակալութիւն յայտնեց Մուսթաքպալ հոսանքի բոլոր անդամներուն, բոլոր համակիրներուն եւ անոնց, որոնք զօրակցած են իրեն, Տար Ֆաթուային` աւելցնելով, որ այս առիթով լաւագոյն արտայայտութիւնը պիտի ըլլայ 17 տարի առաջ իր հօր օգտագործած արտայայտութիւնը. «Աստուծոյ հովանիին կը յանձնեմ այս սիրելի երկիր Լիբանանը»:

Սաատ Հարիրիի համակիրները բողոքի իբրեւ աքթ փակեցին Քասքասի, Քոլայի եւ Քոռնիշ Մազրաայի ճամբաները:

Մինչ այդ երեկոյեան Սաատ Հարիրի մեկնեցաւ Ապու Տապի:

Հարիրիի յայտարարած պաշտօնական կեցուածքին իբրեւ հակազդեցութիւն Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ Հարիրիի այս որոշումը կը նշանակէ երկրին մէջ Հըզպալլայի եւ իրանցիներուն սանձարձակ ներկայութիւնը` աւելցնելով, որ Հարիրիի որոշումը տխրութիւն կը պատճառէ, եւ մենք անոր բացակայութեան պիտի կորսնցնենք անկախութեան ու չափաւորականութեան հիմնասիւներէն մէկը:

Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի նշեց, որ Հարիրիի յայտարարութիւնը հայրենիքին եւ անձամբ իրեն համար տխուր էջ մը կը բանայ` աւելցնելով սակայն, որ ինք կը հասկնայ այն ցաւոտ պայմանները, որ Հարիրի կ՛ապրի:

Միքաթի յայտնեց, որ հայրենիքը կը միացնէ զիրենք, իսկ չափաւորականութիւնը կը մնայ իրենց ուղեգիծը:

Մարատա հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէ հաստատեց, որ Հարիրիի բացակայութիւնը առիթ պիտի ստեղծէ, որ տկարները դիմեն յաւելաբանութիւններու, որոնք իրենց կարգին պիտի վերածուին ծայրայեղութեանց, որոնք կը մնան Լիբանանի ապագային սպառնացող մեծագոյն վտանգները:

 

Նախորդը

Պըրրի Վրոնեցքայի Հետ Քննարկեց Երկրին Իրադարձութիւնները

Յաջորդը

Կառավարութիւնը Վաւերացուց 2021-ի Պետական Ամավարկը, Ճշդեց Փոխադրածախսերը Եւ Կազմեց Փտածութեան Դէմ Պայքարի Խորհուրդը

RelatedPosts

Պըրրի. «Թիւ 1701 Որոշումը Լիբանանի  Իր Հողերուն Վերատիրանալու  Իրաւունքը Կ՛երաշխաւորէ»
Գլխաւոր լուրեր

Պըրրի. «Թիւ 1701 Որոշումը Լիբանանի Իր Հողերուն Վերատիրանալու Իրաւունքը Կ՛երաշխաւորէ»

November 7, 2026
Շէյխ Խաթիպ. «Կը Զօրակցինք Երդման Ճառին»
Լիբանանեան

Շէյխ Խաթիպ Դատապարտեց Հինգ Դեսպանատուներու Հաղորդագրութիւնը

November 7, 2026
Պայրագտարեան Ընդունեց ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի  Պատուիրակութիւնը
Լիբանանեան

Պայրագտարեան Ընդունեց ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի Պատուիրակութիւնը

November 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.