Իր աշխատանքներուն եռամսեայ արգելակումէն ետք կառավարութիւնը այսօր առաւօտեան ժամը 9:00-ին առաջին անգամ ըլլալով նախագահական պալատին մէջ պիտի գումարէ իր նիստը, որուն ընթացքին պիտի քննարկուի 2022-ի պետական ամավարկը, ինչպէս նաեւ 56 այլ կէտերէ բաղկացած օրակարգ մը:
Նախարարաց խորհուրդի նիստը գումարելու նախօրեակին, այլ խօսքով` շաբաթավերջին հնչեցին մեծ թիւով կեցուածքներ, որոնք կը վերաբերէին պետական ամավարկին:
Այդ կեցուածքները ամբողջութեամբ կը քննադատէին ամավարկը, որ ըստ երեւոյթին քաղաքացիին կեանքը աւելի մեծ դժոխքի մը պիտի վերածէ` իր պարտադրելիք տուրքերով:
Արձանագրուած մեծ թիւով կեցուածքներուն շարքին էր Հաւատարմութիւն դիմադրութեան պլոքի նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատի արտայայտութիւնը, թէ իրենք պիտի մերժեն համաձայնութիւն յայտնել այնպիսի ամավարկի մը, որ ժողովուրդին բեռը կը ծանրացնէ եւ անոր իրաւունքներ չի տրամադրեր:
Միւս կողմէ, տնտեսութեան եւ առեւտուրի նախարար Ամին Սալամ յայտնեց, որ Լիբանան Միջազգային դրամական ֆոնտին հետ իր առցանց բանակցութիւններուն պիտի սկսի այսօր:
Ան հաստատեց, որ կառավարութիւնը ամբողջացուցած է տնտեսական ապաքինման ծրագիրը:
Նշենք, որ երէկ երեկոյեան Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ երէկ երեկոյեան այցելեց Այնէ Թինէ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ:
Ներկայ գտնուեցան Պըրրիի քաղաքական հարցերու օգնական երեսփոխան Ալի Հասան Խալիլ եւ նախկին նախարար Ղազի Արիտի:
Քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւններն ու արձանագրուած քաղաքական զարգացումները:
Հանդիպումէն ետք Ժոմպլաթ մեկնեցաւ առանց մեկնաբանութիւն կատարելու:
Անհրաժեշտ է աւելցնել նաեւ, որ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի, որ անցեալ շաբթուան կիսուն վերադարձաւ Պէյրութ, ուր ունեցաւ շարք մը հանդիպումներ եւ նախագահեց Մուսթաքպալ պլոքի նիստին, այսօր պիտի յայտարարէ երեսփոխանական ընտրութիւններուն վերաբերող իր պաշտօնական կեցուածքը:




