Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Լոկ Հլու Կամակատար…

January 21, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Չզարմանա՛ք, եթէ յառաջիկայ ամիսներուն հայոց բանակէն հարիւր զինուոր գործուղուի արեւմուտք` Մերձդնեստր (Մոլտովայի արեւելեան շրջանը, որ` իբրեւ ինքնավար մարզ, կը նախընտրէ մաս կազմել Ռուսաստանի դաշնութեան), ծառայելու իբրեւ խաղաղապահ զօրքի մէկ մասնիկը:

Հաւանաբար մակերեսային եւ երեւակայական նախատեսութիւն մըն է սա, սակայն կարելի չէ դառն երգիծանք բուրող նման «մեկնաբանութիւն» կատարել` ի տես այն զարգացումներուն, որոնք ծայր առին 2022-ի առաջին օրերուն: Խորքին մէջ եղածը շարունակութիւնն է այն բոլորին, ինչ որ կը պատահի գրեթէ տասնեակ մը տարիներէ ի վեր, առաջին հերթին` Ուքրանիոյ, ապա Սուրիոյ, Պելոռուսիոյ եւ անշուշտ… Հայաստան-Արցախի մէջ, չմոռնալով նաեւ Աֆղանիստանը: Ղազախստանն ալ նորագոյն արարն էր, որուն հաւանաբար յաջորդեն այլ «տաք» ճակատներ: Անոնց կարգին, մեր նշած Մերձդնեստրը:

Վերջերս շատ կը գործածուի իբր թէ արդիականութիւն բնորոշող «նէօ» եզրոյթը, հետեւաբար պատահարները մաս կը կազմեն Արեւմուտք-Արեւելք «նէօ պաղ պատերազմ»-ին, որ այդքան ալ պաղ չէ, յատկապէս երբ նկատի ունենանք գործածուած զինամթերքն ու զոհերու մեծ թիւը:

Աշխարհագրական նման հպանցիկ բացատրութեամբ կարելի չէ պարզել հարցը: Մէկ կողմէ Միացեալ Նահանգներու եւ դաշնակիցներուն, ու միւս կողմէ` Ռուսաստանի եւ անոր հովանոցը վայելողներուն միջեւ է, որ տեղի կ՛ունենայ «նէօ պաղ պատերազմ»-ը: Կրնանք յիշատակել նաեւ Չինաստանը:

Զարմանալի թող չթուի, որ դեռ վերջերս, միլիոններ մսխուած էին «ժողովրդավարութեան դրօշակի՜ր» Ուաշինկթընի կողմէ, որպէսզի ժողովրդավարութեան կանոնները կիրարկուին Ղազախստանի մէջ: Եւ ահա, յունուար 2-ին յանկարծ ծայր առին ծաւալուն ցոյցեր, որոնց անմիջական (չըսելու համար` երեւութական) պատճառը վառելանիւթի սակերու աննախընթաց բարձրացումն էր: Վառելանիւթի տեսակները կարեւոր տեղ ունին երկրի տնտեսութեան մէջ, կը կազմեն «առիւծի բաժինը», եւ կարելի է դիւրութեամբ հսկել արտադրութեան ու սղաճին վրայ: Ստեղծուած առիթը ոսկեայ էր, մանաւանդ որ Նուրսուլթան Նազարպայեւի յաջորդը` Քասիմ-Ժոմարտ Թոքայեւ չէր կրցած ժողովրդավարական ամենադոյզն օրէնքները կիրարկել. անխուսափելի դարձած էր բեւեռացումը, մէկ կողմէ քանի մը շահագործողներու ու միւս կողմէ` բիւրաւոր շահագործուողներու միջեւ:

Հողը պատրաստ էր, եւ երկար աշխատանք տարուած էր այս նպատակով: Բաւական խօսուեցաւ եւ բացայայտումներ կատարուեցան Նազարպայեւի «քլան»-ին ու Արեւմուտքի լծակցութեան մասին: Ըստ կառավարական հաւաստի աղբիւրներու, ըսուեցաւ, որ քսան հազար հաշուող այլախոհներ, մեծ մասամբ` ծայրայեղ կրօնամոլներ եւ Սուրիոյ ու Աֆղանիստանի մէջ ծառայած միջազգային ահաբեկիչներ, ժամանած էին Ալմաթի` իրենց «ձեռքին գործը» տեսնելու:

Անոնք կրակեցին աջ ու ձախ` սպաննելով ներքին ապահովութեան ուժերու անդամներ (ոմանք գլխատուեցան) եւ անմեղ ցուցարարներ: Անշուշտ դէմ դիմաց ճակատող երկու կողմերն ալ շատ յստակօրէն չէին գիտեր, թէ իրականութեան մէջ ի՛նչ կը պատահէր: Քանի մը օր ետք պատկերը բաւական յստակացաւ եւ, ըստ ստեղծուած պատկերին, Մոսկուա յաջողած է շահաւոր դուրս գալ այս արարէն: Եւ ի՜նչ զուգադիպութիւն. այս բոլորը պատահեցան այն օրերուն, երբ ՕԹԱՆ-ն կը պատրաստուէր Մոսկուայի հետ սակարկութեան նստելու Ուքրանիոյ շուրջ…

Ղազախստանի բեմագրութիւնը բաւական տարբեր էր Արցախի 44-օրեայ պատերազմէն, ուր Անգարա ուղղակի մասնակցութիւն ունեցաւ Պաքուի կողքին: Մինչդեռ, Ղազախստանի պարագային, հպանցիկ յայտարարութիւններ կատարուեցան արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ, հաւանաբար` համաթուրանական գործընթացին ու գաղափարին չվնասելու համար:

Այս դէպքերուն լոյսին տակ է, որ պէտք է հետեւիլ Երեւանի առած քայլերուն: Անգամ մը եւս պէտք է արձանագրենք, եւ` խոր ցաւով, որ մեր դիւանագիտութիւնը մեծ բացական է, եւ անոր ստեղծած պարապութիւնը պատճառ դարձաւ, որ ՀԱՊԿ-ի նախագահութիւնը վարող ՀՀ վարչապետ Ն. Փաշինեան, առանց ամենադոյզն նշումն անգամ կատարելու, թէ 44-օրեայ պատերազմի դաժան օրերուն եւ անկէ ետք այդ զինակցութիւնը ո՛չ մէկ օժանդակութիւն ցուցաբերեց Հայաստանին ու Արցախին, շտապ գործի լծեց հարիւր բանակային (պարզապէս ըրաւ այն, ինչ որ թելադրուած էր իրեն…): Հայ զինուորներուն ներկայութիւնը խորհրդանշական մասնակցութիւն էր, ստեղծուած պատկերին մէջ անխուսափելի պարտականութիւն մը, որ ստեղծեց հազար ու մէկ` թեր ու դէմ մեկնաբանութիւն:

Խաղաղապահ ուժերուն «առիւծի բաժին»-ը, չըսելու համար` մնացեալը, կը բաղկանայ բնականաբար Ռուսիոյ զինուորներէ:

Մանրամասնութիւն մը. հայ բանակայիններուն պարտականութիւն տրուած է հսկելու ալիւրի շտեմարան մը… Պարտականութիւն մը, որ շատ աւելի դիւրին է, քան ներկայ օրերուն` հայրենի սահմաններուն պաշտպանութիւնը. կարելի չէ մոռնալ կամ անտեսել, որ ամիսներէ ի վեր նոյնինքն Հայաստանէն հողատարածքներ գրաւուած են մեր թշնամիին կողմէ եւ դեռ ՀԱՊԿ-ի ո՛չ մէկ խաղաղապահ ուժ ժամանած է: Դիւանագիտութեան եւ տարրական տրամաբանութեան բացակայութիւնը արդէն ամիսներէ ի վեր սուր բանավէճի նիւթ է Հայաստանի մէջ, թէ` վարչախումբը ինչո՞ւ ճիշդ ձեւով չգործածեց այս գործիքը: Ըսուեցաւ, օրինակի համար, որ դիմումը միայն խորհրդատուականի սահմաններուն մէջ էր:

Տարբեր պիտի ըլլար Ղազախստանի թղթածրարին ուսումնասիրութիւնը, եթէ գործէր դիւանագիտական կամ ընդհանրապէս ղեկավարման մեքենան: Երեւանի այժմու իշխանութիւններուն եւ ՀԱՊԿ-ի միջեւ յարաբերութիւնները նահանջ արձանագրած չըլլային «Թաւշեայ յեղափոխութենէն» ի վեր (թէեւ թաւիշէն գրեթէ բան չէ մնացած), գէթ կարելի պիտի ըլլար գործել ո՛չ միայն իբրեւ հլու կամակատար:

Նախորդը

Յայտարարութիւններ (20 Յունուար 2022)

Յաջորդը

Յիշողութեան Կորուստն Ու… Ձէնով Օհաններու Ժամանակը

RelatedPosts

Խմբագրական «Մարզիկ»-ի- Թիւ 442-ի.  Նշաձողը Բարձր Պահելու Հրամայականը
Անդրադարձ

Խմբագրական «Մարզիկ»-ի- Թիւ 442-ի. Նշաձողը Բարձր Պահելու Հրամայականը

November 7, 2026
Թշնամիները Դուրսէն, Փաշինեանը Ներսէն. Հայաստան Երկու Ճակատի Վրայ Սպառնալիքներու Դէմ Յանդիման Է
Անդրադարձ

Թշնամիները Դուրսէն, Փաշինեանը Ներսէն. Հայաստան Երկու Ճակատի Վրայ Սպառնալիքներու Դէմ Յանդիման Է

November 7, 2026
Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Համազգային Համախմբում

November 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.