ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Ամերիկացի նշանաւոր վիպասան Ուիլիըմ Ֆոլքնըր իր «Ձայնը եւ ցասումը» վէպին մէջ կը գրէր (The Sound and the Fury)` «միմիայն ապուշ մը ցաւ չի զգար, միմիայն ապուշ մը կրնայ մոռնալ զայն», եւ Նոպէլեան մրցանակը ստանալուն առթիւ իր խօսքին մէջ կը շեշտէր մարդու դիմանալու յատկութիւնը: Այս յղումը կը կատարեմ, որովհետեւ այս օրերու հայ-թրքական յարաբերութիւններու երկխօսութեան կամ բանակցութիւններու ծիրին մէջ կարգ մը «քաղաքագէտ»-ներու, լրագրողներու, նոյնիսկ այսպէս կոչուած գրողներու բերնէն կը լսենք ոչ միայն Թուրքիոյ անցեալի համիտեան ու Ատանայի ջարդերէն, 1915-ի Ցեղասպանութենէն, այլեւ` նորօրեայ` Ազրպէյճանի կողքին մեր հազարաւոր զոհերու եւ հողային կորուստներու նկատմամբ իսկական վիշտի, տագնապի բացակայութիւնն է, այլեւ` մոռացումը թուրք պետութեան հայութեան հանդէպ ցեղասպանական քաղաքականութեան, արդարութեան հերքումին եւ ուրացումին: Ի՞նչ առանց նախապայմաններու բանակցութիւն, երբ Թուրքիոյ կողմէ այդ նախապայմանները բազմիցս կրկնուած են արդէն… Արդ, ո՞ւր է անցեալի թէ ներկայի մեր մարդկային թէ հողային կորուստներու նկատմամբ ցաւը, եւ ո՞ւր է այդ յիշողութենէն մեկնած` մեր պետական կեցուածքը… ապուշներու հաւաքականութեա՞ն մը վերածուած ենք:
Յաճախ սփիւռքահայերուս կը կրկնուի, թէ մենք չէ, որ Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի կողքին կ՛ապրինք, եւ թէ` իրենք պէտք է բնական յարաբերութիւն ունենան իրենց դրացիներուն հետ` մոռնալով, թէ ի՛նչ բնական կամ բարի դրացնութիւն է սա, երբ «դրացիդ» ամէն օր յաւելեալ հողային զիջում եւ պատմական իրաւունքներէդ հրաժարում կը պահանջէ: Յաճախ կը կրկնուի նաեւ, որ պարտուած կողմ ըլլալով, գոնէ նուազագոյնը հարկ է փրկել կամ նուազագոյն վնասներով դուրս գալ` անտեսելով այն իրականութիւնը, որ անկախ մեր երեք տասնամեակներու բացթողումներէն, աւելի զօրաւոր բանակ չկազմելու թերացումէն, փտածութենէն, կաշառակերութենէն, զորս պէտք չէ անտեսել, մասնաւորաբար Փաշինեանի իշխանութեան ձախող քաղաքականութիւնը եւ Արեւելք-Արեւմուտքի միջեւ որձեւէգ, անփորձ ղեկավարումի քայլերն էին, որոնք մեզ հոս հասցուցին, որուն դիմաց նոյնինքն այս իշխանութեան արտաքին գործոց նախարարներն էին, որոնք չուզելով բաժնել այս աղէտալի քայլերուն պատասխանատուութիւնը` հրաժարեցան: Այնպէս որ, սփիւռքը չայպանեն, որ չենք հասկնար իրենց վիճակը: Չեն կրնար սփիւռքահայութեան դիմել, երբ պատերազմի կամ տագնապի կացութեան մէջ են, սակայն անտեսեն զայն, երբ համահայկական տարողութեամբ կացութիւններու դիմաց կը գտնուինք: Փաստօրէն Թուրքիան նման բանակցութիւններով կը փորձէ փոշիի վերածել սփիւռքահայութեան տասնամեակներու պայքարը: Վաղը որեւէ երկրի մէջ, Հայ դատի գծով որեւէ աշխատանք կրնայ բախիլ հետեւեալ պատասխանին, երբ Հայաստանի պետութիւնը` իբրեւ հայութեան պաշտօնական ներկայացուցիչը, փաստօրէն կը հրաժարի նման պահանջներէ, իրենք ի՞նչ կրնան ընել:
Այս կացութեան դիմաց կամ այս իրավիճակի կողքին, թերեւս նաեւ «յեղափոխական» իշխանութիւններու քաղաքականութենէն մեկնած` միջազգային խաղ մը կար, որուն դերակատարներն էին թէ՛ Ռուսիան, թէ՛ Թուրքիան եւ թէ՛ Միացեալ Նահանգները: Երբ Միացեալ Նահանգները կ՛ողջունեն Ռուսիոյ մէջ հայ եւ թուրք երկխօսութիւնը, չենք մոռնար Սերժ Սարգսեանի օրով դարձեալ այսպէս կոչուած առանց նախապայմաններու բանակցութիւնները եւ անոնց արդիւնքը:
Այսօր, իշխանութեան պատգամաւորներու կողքին, Աշոտ Բլէեաններէ, Թաթուլ Յակոբեաններէ կամ Յակոբ Մովսէսներէ սկսեալ` մունետիկներու ամբողջ խումբ մը մէջտեղ ինկած է փաշինեանական իշխանութեան պարտուողական քաղաքականութիւնը եւ հայ-թուրք բանակցութիւնները արդարացնելու համար, վստահ ըլլալով հանդերձ, որ այդ մէկը միմիայն Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի օգտին տեղի կ՛ունենայ: Կը խօսուի Հայաստանի մէջ ներքին համերաշխութիւնը պահելու մասին, երբ այս իշխանութեան առաջին օրէն երկիրը բաժնելու` սեւի ու ճերմակի միջեւ տեսնելու եւ ընդդիմութիւնը անտեսելու մէջ կը կայանար: Աւելի՛ն. ինչպէս այս գծով տարիներու փորձառութիւն ունեցող Յարութիւն Սասունեանը կը նշէ, ոչ մէկ ձեւով սփիւռքի տեսակէտը նկատի կ՛առնուի հայ-թուրք յարաբերութիւններու գծով: Այս ձեւով խորունկ ձոր մը կը բացուի սփիւռքի եւ Հայաստանի միջեւ: Հետեւաբար սփիւռքահայութիւնը ինչո՞ւ պիտի մտածէ նման իշխանութեան մը աջակցելու մասին, երբ ի՛նք եղած է զոհը այս պատմական անարդարութեան, երբ իր կարգ մը գաղութները տնտեսապէս արիւնաքամ կ՛ըլլան, եւ ինք պահանջը ունի վերանորոգման ու խորքային վերակազմակերպումի` նաեւ առաջքը առնելու համար նման նեղ շահերու վրայ հիմնուած Հայաստանի ապազգային պետական քաղաքականութեան:
Ճիշդ է, որ Ֆոլքնըրի մէկ մէջբերումով սկսայ յօդուածս, սակայն կ՛ուզեմ աւարտել մեր պատմական փորձառութեանց խտացումը հանդիսացող մեր դիւցազնավէպին յղումով: Երբ Մելիքի հարկահաւաքները կու գան Սասուն, սարսափահար Ձէնով Օհանը պատրաստ է Բադին, Կոզբադիններուն ոսկին ալ տալու, կիներն ալ տալու եւ այն ամէն ինչը, որ օտարը կը պահանջէ. ծուռ Դաւիթն է, որ Սասունէն կը քշէ զանոնք` երկիրը փրկելով օտարի լուծէն: Այսօր կանգնած ենք մեր դարաւոր թշնամիին դիմաց` Փաշինեանի եւ իր մունետիկներուն նման Ձէնով Օհաններով, որոնք յաջողած են նաեւ ժողովուրդը համոզել, թէ ուրիշ ելք չկայ, ինչ որ ուզեն, պիտի տանք: Կը մնայ, որ Դաւիթի տրամաբանութեամբ ու հաւատքով խենթերը կացութիւնը վերցնեն իրենց ափերուն մէջ` այս ձեւով միաժամանակ համախմբելով ամբողջ հայութիւնը:


