Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

January 18, 2022
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 6109 վարակուածներ եւ մահացած 14 ուրիշներ:

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը նուազեցաւ 25.350 լ. ոսկիի:

ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ Պաապտայի մէջ ընդունեց Հզօր Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Էտկար Թրապուլսին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս քաղաքական եւ ընկերային բեմերը յուզող հարցերն ու շրջանային զարգացումները: Թրապուլսի ողջունեց կառավարութեան նիստերուն վերսկսելու կարելիութիւնը` շեշտելով, որ պէտք է կառավարութեան աշխատելու առիթ տալ:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ալի Տարուիշ յայտնեց, որ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի կառավարութիւնը նիստի մը պիտի հրաւիրէ երկուշաբթի, 24 յունուար 2022-ին` աւելցնելով, որ ինք համոզուած է, թէ նշանակումներու թղթածրարը պատճառ պիտի չըլլայ կառավարութիւնը այլ ցնցումի մը ենթարկելու:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Քասեմ Հաշեմ կոչ ուղղեց կառավարութեան ապրուստի հարցերու լուծման առաջնահերթութիւն ընծայելու:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան պլոքի երեսփոխան Ամին Շըրրի յայտնեց, որ Դիմադրութիւնը էր եւ տակաւին կը շարունակէ գոյատեւել ամբողջ Լիբանանի պաշտպանութեան համար եւ ոչ միայն Լիբանանը բաղկացնող մէկ շերտին համար:

ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Իմատ Հութ յայտնեց, որ կառավարութեան աշխատանքը արգելակելու կարողութիւն ունեցողն է, որ կ՛որոշէ կառավարութեան քննարկելիք օրակարգը:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի փոխնախագահ Մուսթաֆա Ալլուշ յայտնեց, որ կարելի է երեսփոխանական ընտրութիւններ չկայացնել երկրին մէջ` նկատի ունենալով անմիջական հսկայ դէպքի մը պատահիլը  կամ ընտրութիւնները կազմակերպելու նպատակով բաւարար գումարներու չգոյութիւնը: Ալլուշ յայտնեց, որ եթէ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի որոշէ իր թեկնածութիւնը չառաջադրել, ապա իրենք հրապարակը բաց պիտի չձգեն:

ՍՆՆԴԵՂԷՆ ներածողներու սենտիքայի նախագահ Հանի Պոհսալի յայտնեց, որ սննդեղէնի սակերը պիտի նուազին այս շաբթուան ընթացքին` նկատի ունենալով ամերիկեան տոլարի սակագինին նուազումը:

 

 

 

Նախորդը

Լիբանանահայ Աշակերտներ` Արցախցիներուն Կողքին

Յաջորդը

Թլայս. «Լիբանանի Բոլոր Շրջաններուն Մէջ Ընդհանուր Գործադուլ` 2, 3 Եւ 4 Փետրուարին»

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.