Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ֆրանսայի Հայկական Կազմակերպութիւններու Համակարգող Խորհուրդը` Ֆրանսայի Իշխանութիւններուն. «Ազրպէյճան Պէտք Է Ներողութիւն Խնդրէ»

January 17, 2022
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ֆրանսայի Հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդը հրապարակած է յայտարարութիւն մը Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի` Ֆրանսայի նախագահութեան հանրապետական թեկնածու, Իլ-տը-Ֆրանս շրջանի նախագահ Վալերի Փեքրեսին ուղղուած սպառնալիքներուն մասին: Ալիեւ յայտարարած էր, որ Ազրպէյճան տեղեակ չէ եղած Վալերի Փեքրեսի` Լեռնային Ղարաբաղ այցելութենէն, սակայն, իմանալու պարագային վստահաբար պիտի չարտօներ անոր Լեռնային Ղարաբաղը լքել:

Ֆրանսայի Հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդը Ֆրանսայի իշխանութիւններուն կոչ ուղղած է Ազրպէյճանէն բացատրութիւն եւ ներումի հայց պահանջել նախագահական ընտրութեան թեկնածուի հասցէին այդպիսի ահաբեկող յայտարարութեան վերաբերեալ, եւ, այդ պահանջները չբաւարարելու պարագային, Պաքուէն տուն կանչել Ֆրանսայի դեսպանը եւ արտաքսել Ֆրանսայի մէջ Ազրպէյճանի դեսպանը:

Ֆրանսայի նախագահութեան թեկնածու Վալերի Փեքրես ինք, մամլոյ հետ զրոյցի ընթացքին, նշած է նախագահական ընտրութեան թեկնածուի հասցէին նման սպառնալիք հնչեցնելու լրջութիւնը` նշելով, որ թեկնածուն պէտք է ազատ ըլլայ` երթալու այնտեղ, ուր կ’ուզէ: Վալերի Փեքրես նշած է, որ այդ սպառնալիքները զինք չեն վախցներ, սակայն ցնցուած է սպառնալիքներու վերաբերեալ ֆրանսական կառավարութեան լռութենէն:

Փեքրես նշած է, որ կ’ուզէր, որ ֆրանսական կառավարութիւնը պաշտօնապէս պատասխանէր Ֆրանսայի նախագահական ընտրութեան թեկնածուի հասցէին օտարերկրեայ պետութեան նախագահին կողմէ հնչած այդպիսի սպառնալիքին:

Յիշեցնենք, որ Վալերի Փեքրես 21-23 դեկտեմբեր 2021-ին այցելած էր Հայաստան եւ Արցախ: Այցելութեան ընթացքին անոր ուղեկցած են Ֆրանսայի նախկին արտաքին գործոց նախարար եւ եւրոպական նախկին յանձնակատար Միշել Պառնիէն, ինչպէս նաեւ` Ֆրանսայի Ծերակոյտի հանրապետական խմբակցութեան ղեկավար Պրիւնօ Ռըթայոն:

 

 

Նախորդը

Աւստրալիոյ Յունական Եւ Կիպրական Համայնքները Կառավարութեան Կոչ Ուղղած Են Ճանչնալու Օսմանեան Կայսրութեան Գործած Ցեղասպանութիւնները

Յաջորդը

ՕԹԱՆ-ը Կ’ողջունէ Հայաստանի Եւ Թուրքիոյ Միջեւ Տեղի Ունեցած Մոսկովեան Բանակցութիւնները

RelatedPosts

Ակնարկ.  Թեհրանի Ընտրած Պահը`  Շեշտակի Զգուշացնելու
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Թեհրանի Ընտրած Պահը` Շեշտակի Զգուշացնելու

November 7, 2026
Վելայաթի Կը Զգուշացնէ Հայաստանը
Գլխաւոր լուրեր

Վելայաթի Կը Զգուշացնէ Հայաստանը

November 7, 2026
Փանքին. «Հայաստան Յաջորդ Շաբաթ Կրնայ  Զրկուիլ ՀԱՊԿ-ի Մէջ Քուէարկելու Իրաւունքէն»
Հայկական

Փանքին. «Հայաստան Յաջորդ Շաբաթ Կրնայ Զրկուիլ ՀԱՊԿ-ի Մէջ Քուէարկելու Իրաւունքէն»

November 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.