Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հալապի. «Պետական Դպրոցներուն Մէջ Դասաւանդումը Վտանգի Տակ Է»

January 17, 2022
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կրթութեան նախարար Ապպաս Հալապի երէկ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ  կրթական մարզը այս տարի հաստատ տուժած է` աւելցնելով, որ տակաւին վերջնական որոշում մը չեն կրցած կայացնել, որովհետեւ պէտք է խորհրդակցին կրթական հաստատութիւններուն, ուսուցիչներու սենտիքաներուն եւ լիկաներուն, ինչպէս նաեւ այլ պատասխանատուներու հետ` ճշդելու համար արձանագրուելիք վնասին տարողութիւնը:

Հալապի յոյս յայտնեց, որ նախարարութիւնը կարենայ ապահովել այնպիսի կարելիութիւններ, որոնք կը մեղմացնեն ուսուցիչներուն դիմագրաւած ծանր պայմանները` վերսկսիլ կարենալու համար կրթական տարեշրջանը, յատկապէս` պետական դպրոցներուն մէջ, նկատի ունենալով, որ անոնք 21-25 օր աշխատած են միայն:

Հալապի շեշտեց, որ նախարարութիւնը բոլոր լուծումները չունի իր մօտ` աւելցնելով, որ ինք անձամբ պատրաստ է գործակցելու բոլորին հետ, հարցերու լուծման նպատակով:

Հալապի նկատել տուաւ, որ ինք երեքշաբթի օր հանդիպում մը պիտի ունենայ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի հետ` ներկայութեամբ կրթական հարցերու խորհրդարանական յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Պահիա Հարիրիի:

«Հանդիպումին ընթացքին պիտի քննարկուի կրթական մարզի կնճռոտ թղթածրարը: Կը հաւատամ, որ լուծումը պէտք է ըլլայ ամբողջական, եւ կը յուսամ, որ յառաջիկայ օրերուն ընթացքին կառավարութեան գումարելիք նիստերը պիտի օժանդակեն, որ կրթական մարզի դիմագրաւած հարցերուն լուծումներ գտնուին», ըսաւ ան:

Հալապի շեշտեց, որ պետական դպրոցներուն մէջ դասաւանդումը վտանգի տակ կը գտնուի` ընդգծելով, որ տագնապը շատ մեծ է եւ խոր: Ան մատնանշեց նաեւ, որ մեծ թիւով աշակերտներ պետական դպրոցներէն կ՛ուղղուին դէպի սեփական դպրոցներ:

Նշենք, որ պետական դպրոցներու տարրական բաժանմունքին մէջ պայմանագիրով գործող ուսուցիչները հրապարակեցին հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ իրենք դասաւանդումի պիտի չվերադառնան, մինչեւ որ իրենց բոլոր իրաւունքները ամերիկեան տոլարով ստանան:

Իրենց կարգին, երկրորդականի բաժանմունքին մէջ գործող ուսուցիչներու լիկան հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ ուսուցիչները արձակուրդի մէջ չէին, որ դպրոց վերադառնան, այլ` անոնք կը դիմադրեն պատասխանատուներուն կողմէ իրենց տրուած սնանկ խոստումներուն, որպէսզի արժանապատիւ կեանք մը ապրելու իրենց իրաւունքը պահպանուի:

Երկրորդականի ուսուցիչները պահանջեցին իրենց աշխատավարձի յաւելումները կատարել, ինչպէս նաեւ փոխադրածախս տրամադրել:

Անոնք հաստատեցին, որ իրենց կեցուածքներուն վրայ ամուր կանգնած են, եւ եթէ իրենց պայմանները չբարելաւուին, պիտի չվերադառնան իրենց աշխատանքին:

Նախորդը

Ռայի Պատրիարքը Կը Զգուշացնէ Երեսփոխանական Եւ Նախագահական Ընտրութիւնները Խոչընդոտելու Փորձերէն

Յաջորդը

Ուժանիւթի Նախարարութիւնը Կը Հերքէ Իսրայէլեան Կազը Լիբանան Հասցնելու Համաձայնագիր Ստորագրած Ըլլալու Մասին Լուրերը

RelatedPosts

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»
Լիբանանեան

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»

February 2, 2026
14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով`  Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»
Լիբանանեան

14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով` Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»

February 2, 2026
Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ
Լիբանանեան

Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.