Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Եռաբլուրին Պատգամը

January 17, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԴՈԿՏ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ

Ապրեցայ Լիբանանի քաղաքացիական ամբողջ պատերազմը, որուն ընթացքին, հետաքրքրականօրէն, կեանքը երբեք կանգ չառաւ: Մէկ խօսքով, կեանքի պատմութեան սլաքը չկասեցաւ: Ապրեցանք մեր կեանքը` անհատական, հաւաքական, գաղութային, աւելի՛ն, փորձեցինք կերտել այն, ինչ որ կարելի էր: Թէեւ այս երեւոյթը օրին անհասկնալի եւ նոյնիսկ տարօրինակ թուեցաւ դուրսի մեր հարազատներուն կամ բարեկամներուն համար, բայց այդ բոլորը իրական էր:

Այո՛, կերտեցինք մեր կեանքերը: Դժուար եւ անապահով վիճակներու մէջ գացինք դպրոց, համալսարան, գործ ու, տակաւին, ունեցանք գաղութային կեանք եւ պահեցինք հայկականը լիբանանեան իրականութեան մէջ: Թէեւ ստիպուած էինք յարմարիլ եւ/կամ վերադասաւորել մեր կեանքերը անապահով վիճակներու մէջ ու տեղատարափ ռմբակոծումներուն տակ, բայց եւ այնպէս այդ բոլորը կեանքի շարունակականութեան մէկ մասն էին: Երեւի մինչեւ այսօր կը փորձենք ընել նոյնը լիբանանեան անվերջանալի թուացող ու կրկնուող անորոշ եւ տագնապալի օրերուն:

Նոյեմբեր 2021, Երեւան:

Քառասուն եւ չորս օրերու վրայ երկարած պատերազմէն ետք առաջին անգամն էր, որ հայրենիք կ՛այցելէի: Եթէ մէկ կողմէ կար կարօտը հողին, երկրին ու բարեկամներուն, բայց նոյնքան` մտահոգութիւն եւ անձկութիւն: Ի՞նչ տեսակ Հայաստան մը պիտի տեսնէի քառասուն եւ չորս օրերու պատերազմէն ետք:

Երեւանի փողոցներուն մէջ կար նոյն աշխուժութիւնը: Կեանքը իր ընթացքը կը շարունակէր, եւ մարդիկ կ՛ապրէին իրենց առօրեան: Պէտք էր դարձեալ վերյիշէի Պէյրութի փորձառութիւնս: Իրավիճակը նոյնն էր Երեւանի մէջ: Կար տարբերութիւն մը սակայն: Երեւանի մէջ աւերուած շէնքեր ու փողոցներ չկային, ինչպէս էր պարագան Պէյրութի: Պատերազմը Արցախի մէջ էր, եւ նիւթական վնասը հոն էր: Պէյրութի պարագային, եթէ տեսանք եւ կերտեցինք կեանքի յառաջխաղացքը, բայց փլատակներու հետքերը միշտ կը յուշէին, որ պատերազմը անցած էր մեր երկրէն:

Երեւանեան իրավիճակը զարմանալի չթուեցաւ ինծի: Հայը, հայաստանցին պիտի շարունակեն ապրիլ, ինչպէս` ես եւ լիբանանցին: Եւ շարունակեցինք ապրիլ®

Հապա պատերա՞զմը:

Եռաբլուր:

Բլուրին վրայ շիրիմները, յիշատակի կոթողներն ու, տակաւին, եռագոյնները ծածկած էին ամէնուրեք: Քով-քովի յաւերժ կը ննջեն մեր տղաքը: Կը հանգչի՞ն: Սկսայ անցնիլ իւրաքանչիւր շիրիմի քովէն: Նկարները` մեր մատղաշ, երիտասարդ եւ անուշիկ տղոց: Հապա տարիքնե՞րը: Մեծ մասամբ` հազիւ նոր իրենց գարուն տարիքը բոլորած: Նահատակ տղոց հարազատներն ալ կային: Ուզեցի խօսիլ անոնց հետ, մինչ իւրաքանչիւր շիրիմի առջեւէն կ՛անցնէի:

«Եղբայրս է», ըսաւ երիտասարդ աղջիկ մը` արցունքները սրբելով: Այդ շիրիմին քով ուրիշ հայր ու մայր մը կու լային իրենց զաւկին նահատակութիւնը: Նայեցայ տարիքին: Հազիւ քսան եւ մէկ® Սկսայ մտածել, թէ այս ծնողները ինչպէ՞ս պիտի մխիթարուին: Ինչպէ՞ս պիտի կրնան տեսնել յոյսը, երբ ստիպուած են կեանքը շարունակել առանց իրենց երիտասարդ որդիին:

Խունկը լեցուցած էր Եռաբլուրը: Ծաղիկները ձեռքս` կը փորձէի զետեղել զանոնք իւրաքանչիւր շիրիմի վրայ: Կ՛ապրէի հարազատներուն լացը, կսկիծը, ցաւը ու, տակաւին, երիտասարդ մեր տղոց երազը: Երազը, որ իրենք պիտի ապրէին իրենց կեանքերը հայրենի հողին վրայ, պիտի ունենային իրենց ընտանիքը, տեսնէին իրենց զաւակները եւ իրենք ալ հպարտանային: Ցաւը շատ մեծ է®

Շարունակեցի: Տարեց կին մը նստած էր քարի մը վրայ եւ կը նայէր հանդիպակաց կողմը` իր հարազատի շիրիմին եւ անոր վրայ տեղադրուած նկարին: Աչքերը կարմրած էին: Յայտնի էր, որ արցունքները չորցած էին: Իսկ կարմիր աչքերը քիչ մը աւելի կծկուած էին անոր դէմքին վրայ եւ կորած էին անոր նոյնքան տառապած ու յոգնած մարմնին մէջ:

Չուշացաւ հարցումս: «Ո՞վ կ՛ըլլայ» հարցուցի` յարելով աչքերս շիրիմին վրայ տեղադրուած նկարին: «Եղբայրս է», ըսաւ կինը: Նայեցայ տարիքին` յիսունի մօտ էր: Ճիշդ է, որ տարիքով աւելի մեծ էր` բաղդատած միւս նահատակներուն, բայց կնոջ եղբայրն է եւ երեւի` իր միակ ընտանիքը: Ուրիշը չունէր եւ այլեւս ուրիշ տեղ ալ չունէր երթալու ու պատճառ ալ չունէր ուրիշ տեղ ապրելու: Իր միակ հարազատ-ընտանիքն էր իր եղբայրը, եւ ան այսօր չկայ: Եւ ինք մնացած էր մինակ: Եւ մինակութիւնը պիտի անցընէր իր նոր տան մէջ` Եռաբլուրի, ուր պիտի կարենար եղբօրը հետ ըլլալ:

Բաւական երկար նայեցայ կնոջ: Իր այս տարիքին համար այս ցաւը շատ չէ՞: Բայց ինչպէ՞ս պիտի ամոքէ իր ցաւը: Ո՞վ է իր ընտանիքը ասկէ ետք, հապա տո՞ւնը:

«Բաւական սխալներ գործեցինք»: Գարեգին Բ.  Ամենայն Հայոց կաթողիկոսն է: Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ յատուկ հանդիպումի մը ընթացքին վեհափառ հայրապետը սկսաւ մէկ-մէկ քակել իր սրտին ու մտքին մէջ կուտակուած մտահոգութիւնները: «Ազգը, պետութիւնը եւ հայրենիքը անցան դժուար պայմաններու մէջէն: Եկեղեցին չի կրնար անտարբեր մնալ այս բոլոր անցուդարձերուն նկատմամբ: Եկեղեցին վեր է  կուսակցութիւններէ ու խմբաւորումներէ եւ կը գործէ հայրենիքին բարօրութեան համար: Բայց միեւնոյն ժամանակ եկեղեցին իր ըսելիքը եւ ընելիքը ունի», ըսաւ վեհափառը:

Շարունակեցի: Կ՛ուզէի տեսնել, հանդիպիլ, լսել եւ խօսիլ:

Աննա Չուլեան Ազգային գրադարանի տնօրէնն է, որ աշխուժ աշխատանք կը տանի իր նոր ստանձնած պատասխանատուութեան մէջ:

Աստղիկ Մարապեանը կրթութեան նախարարութեան մշակոյթի եւ ազգային աւանդի պետն է: Ան կը գիտակցի մշակոյթի մեծ ժառանգին եւ անոր պահպանումին կարեւորութեան եւ զայն հասանելի դարձնելու` օտար շրջանակներուն:

Գրիգոր Արշակեանը` Ազգային արխիւի տնօրէն, որ մեծ աշխատանք կը տանի հայ ժողովուրդի պատմութիւնը պահպանելու համար:

Լուսինէ Թանաճեանը եւ Սոնա Ներսիսեանը` Սփիւռքի հետազօտութիւններու բաժնի հնագիտութեան եւ ազգագրութեան հիմնարկի երկու երիտասարդ գիտաշխատողները, որոնք մասնագիտական աշխատանք կը տանին հաւաքելու եւ ուսումնասիրելու հայկական սփիւռքի տուեալները: «Պէտք է աւելի զիրար ճանչնանք եւ հասկնանք», Լուսինէն է խօսողը: «Եւ այս տեսակի հանդիպումները մեծապէս կ՛օգնեն, որպէսզի մեր յարաբերութիւնները զարգանան եւ հաղորդակցութիւն ստեղծուի», ըսաւ ան:

Երեւանի մէջ շատ բան կայ ընելու: Հարցազրոյցներս տեղեկատուութեան եւ հեռատեսիլի ցանցերու` «Նոյեան տապան», «Երկիր մետիա», «Սիվիլնեթ» ու տակաւին: Որքան ուժ եւ կարողականութիւն կայ Հայաստանի մէջ, նաեւ` ներդրում` մտքի եւ կարողականութեան, նոյնինքն սփիւռքէն:

Հայաստանը քառասուն եւ չորս օրուան պատերազմէն ետք® Կեանքը կը շարունակուի, պատմութեան սլաքը կարելի չէ կասեցնել: Բայց այդ շարունակութեան մէջ կայ ահաւոր ցաւը: Ցաւը Եռաբլուրին, որ շատ ցայտուն է: Մեր մատղաշ տղոց եւ անոնց գարուն տարիքի ընդհատումը: Եւ այս ցաւը չի մոռցուիր: Պատմութեան եւ կեանքի սլացքին հետ հայը պիտի կրէ այս ցաւը` Եռաբլուրին ցաւը:

Բայց Եռաբլուրի ցաւին մէջ կայ պատգամ, որ կու գայ նահատակ տղոց անշնչացած մարմիններէն: Անոնք կենդանի չեն, բայց իրենց ձայնը լսելի է: Անոնք կ՛ըսեն. «Հայրենիքը պէտք է պահենք,  հայրենիքը պէտք է կերտենք»:

Անոնք նահատակուեցան, որպէսզի հայրենիքը գոյատեւէ: Մենք` ետեւ մնացողներս, Հայաստան, Արցախ եւ սփիւռք, պիտի պահենք եւ կերտենք հայրենիքը, իսկ զայն պահելու եւ կերտելու համար պիտի վերականգնենք Հայաստան, Արցախ եւ սփիւռք եռակողմանի հաղորդակցութեան կապերը: Հաղորդակցութեան միջոցով է, որ մեր բոլոր տարակարծութիւններուն մէջէն պիտի կարենանք կերտել հասարակ յայտարարը, որ պիտի դառնայ հայուն պատմութեան շարունակականութեան կռուանը: Այն հասարակ յայտարարը, որ պիտի կերտէ մեր «տունը»:

Եռաբլուրին ցաւը պիտի մնայ: Բայց մեր տղոց անշնչացած մարմինները պիտի հանգչին, երբ համաձայնինք միասին կերտել հայրենիքը եւ հայուն պատմութիւնը դնենք շարունակականութեան ընթացքի մէջ:

Պիտի կարենա՞նք:

Եռաբլուրին ցաւը, այդ ցաւին պատգամը, որ հայը պէտք է պահէ ու կերտէ:

Պահէ հայրենիքը: Եւ կերտէ հայուն պատմութիւնը եւ դնէ զայն շարունակականութեան սլացքին մէջ:

Պիտի ու պէ՛տք է, որ ընենք:

 

 

Նախորդը

Ստալինեան Քաղաքականութեան Ժխտական Հետեւանքներու Վերացումը` Կենսական

Յաջորդը

Սփիւռքի Տարի` 2022

RelatedPosts

Վերամուտը` Դասարանէն Անդին
Անդրադարձ

Վերամուտը` Դասարանէն Անդին

September 15, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Աւազակապետութիւնը` Լիբանանի Մէջ. Ջուրէն Մինչեւ Աղբ

September 15, 2026
Ապրուած Օրեր.  Բ. Մեծ Հօրս Մեծ Հին Ռատիոն
Անդրադարձ

Ապրուած Օրեր. Բ. Մեծ Հօրս Մեծ Հին Ռատիոն

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.