Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը կը տեղեկացնէ, որ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը բարեկամական մրցում մը պիտի կատարէ Մոնթենեկրոյի դէմ:
Այս մրցումը տեղի պիտի ունենայ 25 մարտին, Երեւանի մէջ:
Նշենք, որ նախապէս յայտարարուած էր, որ հայրենի կազմը 29 մարտին բարեկամական այլ մրցում մը պիտի կատարէ Նորվեկիոյ մէջ, մայրաքաղաք Օսլոյի մէջ:
Այս մրցումը երկու կազմերուն միջեւ պիտի ըլլայ երրորդ հանդիպումը:
Առաջին մրցումը Օսլոյի մէջ աւարտեցաւ 0-0 արդիւնքով հաւասարութեամբ, մինչ երկրորդին Նորվեկիա Երեւանի մէջ արձանագրեց 4-1 արդիւնքով յաղթանակ մը:



