Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ռուսիան Թուրքիոյ Կոչ Կ՛ուղղէ` Ղազախստանի Վերաբերեալ Չմտածուած Յայտարարութիւններ Չկատարելու Եւ Պղտոր Ջուրի Մէջ Ձուկ Չորսալու

January 15, 2022
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մոսկուան կ՛ակնկալէ, որ Թուրքիան ձեռնպահ պիտի մնայ Ղազախստանի վերաբերեալ չմտածուած յայտարարութիւններէն եւ չփորձէ «պղտոր ջուրի մէջ ձուկ որսալ»: Այս մասին յայտնեց Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա` մեկնաբանելով Թուրքիոյ նախագահի գլխաւոր խորհրդական Իհսան Շեների «Ղազախստանի բռնագրաւման մասին» խօսքերը:

Զախարովա նշած է, որ մարդիկ, որոնք այդպէս կը մտածեն, չեն յարգեր Ղազախստանի Հանրապետութեան գերիշխանութիւնը եւ չեն գիտակցիր այդ պետութեան անկախութեան:

«Իհսան Շեները Ղազախստանի Հանրապետութիւնը կը բնութագրէ իբրեւ երկիր մը, որ նախ, ինչպէս ինք ըսած է, ազատագրուած է «խորհրդային ճնշումէն», իսկ այժմ «որոշ ուժեր, իբրեւ թէ, կրկին կը սպառնան զայն անիմաստ լուծի տակ դնել», Շեների միտքերը վերարտադրած է Զախարովան եւ նշած, որ թուրք պաշտօնատարի շուրթերէն Ղազախստանի թէ՛ խորհրդային, թէ՛ նորագոյն պատմութեան նման մեկնաբանութիւնը, մեղմ խօսքով, տարակուսանք կը յառաջացնէ:

Ան միեւնոյն ժամանակ բացատրած է, որ Շեների յայտարարութեան մէջ Ռուսիոյ դէմ Ղազախստանի բռնագրաւման վերաբերեալ ուղղակի մեղադրանքներ չկան, սակայն աւելցուցած է, որ նման յայտարարութիւնները չեն համապատասխաներ ռուս-թրքական բարեկամութեան ոգիին:

Զախարովայի համաձայն, Ղազախստանին առնչուած Ռուսիոյ գործողութիւնները հիմնուած են Ղազախստանի գերիշխանութեան ըմբռնումին վրայ:

«Մեր երկիրը կը մեկնի անկէ, որ Ղազախստանը գերիշխան, անկախ պետութիւն է, անոր կարելի է օգնել, զարգացնել յարաբերութիւնները, աջակցիլ», ըսած է ան:

«Մենք կ՛ակնկալենք, որ թուրք պաշտօնեաները շարունակեն ձեռնպահ մնալ նման չմտածուած բարձրաձայն մեկնաբանութիւններէն», ըսաւ ան:

«Ղազախստանի համար այս ողբերգական, բարդ, արտառոց կացութիւնը կը պահանջէր ջանքերու համադրում եւ, անկասկած, պէտք է նկատուի իբրեւ պղտոր ջուրի մէջ ձուկ որսալու կարելիութիւնը», աւելցուց Զախարովա:

 

Նախորդը

Եւրոպական Միութիւնը Կ՛ողջունէ Մոսկուայի Մէջ Հայ-Թրքական Յարաբերութիւններու Կարգաւորման Բանակցութիւններու Մեկնարկը

Յաջորդը

Պլինքըն. «Մեր Առջեւ Հիւլէական Համաձայնագիրը Փրկելու Քանի Մը Շաբաթ Կայ, Որմէ Ետք Այլ Ընտրանքներու Պիտի Դիմենք»

RelatedPosts

Վանս. «Պատերազմը Աւարտելու Համար  Իրանը Պէտք Է Իւրանիոմի Հարստացման  Կարողութիւնը «Խորքային» Կերպով Նուազեցնէ»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Պատերազմը Աւարտելու Համար Իրանը Պէտք Է Իւրանիոմի Հարստացման Կարողութիւնը «Խորքային» Կերպով Նուազեցնէ»

October 8, 2026
Մեքքայի Մէջ Թուրքիա – Սէուտական  Արաբիա – Փաքիստան Պաշտպանութեան  Համաձայնագիր
Միջազգային

Ըստ «Թիւրքիէ» Օրաթերթին. Թուրքիան Կրնայ Սէուտական Արաբիոյ Մէջ Ռազմակայան Ստեղծել

October 8, 2026
Թրամփ. «Պենզինի Գինի Բարձրացման Պատճառը  Հորմուզի Նեղուցը Չէ, Այլ` Ուքրանիան  Ու Դեմոկրատականները»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Պենզինի Գինի Բարձրացման Պատճառը Հորմուզի Նեղուցը Չէ, Այլ` Ուքրանիան Ու Դեմոկրատականները»

October 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.